Սիւզան Խարտալեանի «Տատիկիս Դաջուածքները», Ցուցադրուեցաւ Աթէնքի Մէջ` Յունարէն Թարգմանութեամբ

Յունաստանի մէջ առաջին անգամ ըլլալով ՀՅԴ Երիտասարդական միութեան Կեդրոնական վարչութեան եւ «Ազատ Օր»-ի վարչութեան կազմակերպութեամբ, սեպտեմբեր 24-ին ցուցադրուեցաւ «Մեծ մօրս դաջուածքները» շարժանկարը` յունարէն ենթախորագրերով: Այս մասին կը յայտնէ Յունաստանի «Ազատ Օր» օրաթերթը:

Յունահայութեան համար ասիկա առաջին հրապարակային ցուցադրութիւնն էր, որ տեղի ունեցաւ բեմադրիչին ներկայութեամբ:

Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան Յունաստանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Գագիկ Ղալաչեան, յունահայոց թեմակալ առաջնորդ Խորէն եպս. Տողրամաճեան, հայ կաթողիկէ համայնքի ժողովրդապետՌափայէլ քհնյ. Շեֆիքեան, Աթէնքի եւ Ֆիքսի հոգեւոր հայրեր ու բազմաթիւ հայորդիներ:

Յայտնի է, որ Սիւզան Խարտալեանի ժապաւէնը կը ներկայացնէ հայոց դէմ գործուած ցեղասպանութեան խորհրդաւոր եւ ցարդ չխօսուած երեսներէն մէկը` հայ կիներու դէմ սեռային բռնութիւնները եւ անոնց անդրադարձը այդ արհաւիրքէն վերապրած երիտասարդ կիներու կեանքին մէջ:

Սիւզան Խարտալեան խօսեցաւ իր աշխատանքի բնոյթին շուրջ: «Ես պրպտումներ կը կատարեմ ցեղասպանութիւններու, արդար իրաւունքներու պաշտպանութեան համար: Իմ պատրաստած վաւերագրական ժապաւէններս միշտ կապուած են անիրաւութիւններու, ճնշուած մարդոց, մարդոց մասին, որոնք իրենց իրաւունքները կորսնցուցած են»: Ան նշեց, թէ վերջերս իր հետաքրքրութիւնը շարժած էր ցեղասպանութիւններու հետ կապուած կիներու ճակատագիրը, յատկապէս երբ աշխարհը սկսաւ խօսիլ Ռուանտայի կիներուն մասին: Առաջին անգամ ըլլալով սկսան խօսիլ ցեղասպանութեան ընթացքին կիներու բռնաբարումներու եւ սեռային օգտագործման մասին: Սթոքհոլմի մէջ ան սկսաւ այդ մասին հետազօտութիւններ կատարել, հանդիպումներ ունեցաւ ռուանտացի կիներու հետ եւ այս միջոցին էր, երբ սկսաւ զուգահեռներ կատարել հայկականի եւ Ռուանտայի ցեղասպանութիւններուն միջեւ:

«Աննկարագրելի վայրագութիւններու մասին կը պատմէին դժբախտ կիները: Զանոնք կը լսէի եւ նոյն միջոցին կը մտածէի հայոց դէմ գործուած ցեղասպանութեան մասին: Սկսայ զուգահեռ ուսումնասիրութիւններ կատարել: Ձեռքս պատահմամբ անցան այն նկարները (դաջուած կիներու նկարներ): Հետաքրքրական էր իմանալ, որ 1919-1920-ականներուն կազմակերպութիւն մը գործած է, որ փորձած է այդ հայ աղջիկները եւ կիները գնել եւ փրկել թուրքերէն: Անդրադարձայ, որ նոյն այս լռութեան պատը մեր տան մէջ ալ կար», ընդգծեց բեմադրիչը:

Սիւզան Խարտալեան խօսեցաւ ամօթի զգացումին մասին, որ կը տիրէր զոհերուն մօտ, եւ` անոնց հանդէպ ատելութեան մթնոլորտին, որ հայկական միջավայրէն ներս առկայ էր: Ան ըսաւ, որ այդ կիները արժանի են իրենց տեղը գրաւելու հայկական պատմութեան էջերուն մէջ, որովհետեւ իրենց դժբախտութեամբ հանդերձ,  անոնք քաջ գտնուեցան ու կեանքը շարունակեցին` նոր ընտանիքներ կազմելով, փորձելով ետին ձգել ամօթի բիծը:

Շարժանկարներու պատրաստութեան անդրադառնալով` Սիւզան Խարտալեան կարեւորութեամբ շեշտեց յարմար համակարգը ստեղծելու եւ ներկայ շուկայական պայմաններուն մէջ յարմարութեամբ շարժելու անհրաժեշտութիւնը: «Ինչո՞ւ մէկու մը վրայ ժապաւէն մը կ՛ազդէ. որովհետեւ դուն անոր զգացական աշխարհին հետ կը խօսիս: Ես կը հաւատամ, որ մեր ցաւը պէտք է յարմարեցնենք ժամանակակից պայմաններուն: Օրինակի համար, ես ընտրեցի այս նիւթը, որովհետեւ միջազգային կառոյցները նոր սկսած են պատերազմի ոճիր նկատել կիներու բռնաբարումը: Անհրաժեշտ է քայլ պահել միջազգային պահանջերուն հետ, որպէսզի նիւթը լսելը հետաքրքրական ըլլայ հանդիսատեսին: Նիւթը մատուցելու եղանակը շատ կարեւոր է:

«Մարդը միայն պատմութիւններով կը սորվի իր անցեալը, իսկ պատմութիւնը կը նշանակէ` յիշել: Այս ժապաւէնը միայն մէկ կնոջ պատմութիւնը չէ, այլ` հազարաւոր կիներու»:

Հանդիսատեսներուն մօտ հարցականները բազմապիսի ու բազմաբնոյթ էին. ձեռնարկի աւարտէն ետք ալ շատեր մօտեցան բեմադրիչին եւ անհատական զրոյցներու ընդմէջէն քննարկեցին ծագած հարցերը:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )