Մոսկուա ՕԹԱՆ-ին Կոչ Կ՛ուղղէ Սուրիոյ Մէջ Միջամտութեան Պատրուակ Չփնտռելու

Կենատի Կաթիլով

Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Կենատի Կաթիլով յայտնեց, որ Ռուսիա Սուրիոյ կացութեան նկատմամբ մտահոգ է եւ Դամասկոսին ու Անգարային ինքնազսպութեան կոչ կ՛ուղղէ` նշելով, որ սուրիական ընդդիմութեան շարքերուն մէջ ծայրայեղականներուն թիւը հետզհետէ կ՛աւելնայ: Ան ըսաւ, որ այդ ծայրայեղականները սահմաններուն վրայ գրգռիչ արարքներ եւ տագնապներու հրահրում կրնան կատարել:

Կաթիլով ըսաւ, որ Մոսկուա մտահոգ է, որ սուրիական տագնապը կրնայ իր աշխարհագրական սահմաններէն դուրս գալ եւ սուրիացի գաղթականներու հետզհետէ աճող թիւին ճամբով դրացի երկիրներուն կացութիւնը քայքայել:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարարը ՕԹԱՆ-ին եւ շրջանի պետութեանց կոչ ուղղեց` Սուրիոյ մէջ ուժի գործածութեամբ արտաքին միջամտութեան, մարդասիրական միջանցքներու կամ ապահովական գօտիներու հաստատման համար պատրուակներ չփնտռելու` վերստին հաստատելով սուրիական տագնապին քաղաքական լուծում պահանջող Մոսկուայի կեցուածքը: Նշենք, որ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմ մէկ օր առաջ Միացեալ Նահանգները ամբաստանած էր Սուրիոյ դէմ յարձակում գործելու համար քիմիական զէնքերու գոյութիւնը պատճառաբանելու յանցանքով:

Ան ըսաւ, որ շրջանին մէջ գոյութիւն ունին շարք մը օրինակներ, որոնք ցոյց կու տան, թէ «ռումբերու դիւանագիտութիւնը» երբեք անհրաժեշտ արդիւնքը չի տար, այլ այդ երկրին եւ ամբողջ շրջանին ապահովական կացութիւնը կը քայքայէ:

Յորդանանի ընդհանուր ապահովութեան տնօրէնութեան բանբեր դերգնդապետ Մոհամետ Խաթիպ յայտարարեց, որ ձերբակալուած են չորս սուրիացիներ, որոնց մօտ «Քալաշնիքով» տիպի գնդացիրներ եւ ատրճանակներ, գիշերային հեռադիտակներ, լափթոփներ եւ բջիջային հեռաձայններ գտնուած են: Անոնք ձերբակալուած են Սուրիոյ հետ սահմանին մօտ` Ամմանէն 75 քիլոմեթր հիւսիս-արեւելք գտնուող Մաֆրաք նահանգին մէջ: Ձերբակալութիւնը տեղի ունեցած է հիմնուելով տեղեկութեանց  վրայ, թէ արաբ եւ օտար քաղաքացիներ կը ծրագրեն մօտ օրէն գործուելիք արարքներու ճամբով Յորդանանի մէջ իրարանցում ստեղծել: Նշենք, որ յորդանանեան ապահովական ուժերը երեքշաբթի-չորեքշաբթի լուսցող գիշերը սուրիացի գաղթականներու Զաաթարի ճամբարին մէջ հարիւրաւոր սուրիացիներու ցոյցը ցրուած են` օգտագործելով արցունքաբեր ռումբեր:

Միւս կողմէ, բրիտանական «Տի Ինտիփենտընթ» օրաթերթը հաղորդեց, որ թուրք եւ քաթարցի պաշտօնատարներ սուրիական ընդդիմադիր ուժերու հետ կապ հաստատած են եւ անոնց թելադրած միացեալ ուժեղ կառոյց մը կազմել` Դամասկոսի դէմ աւելի ուժեղ եւ ազդու զինուորական արշաւ մը շղթայազերծելու համար: Անոնք սուրիական ընդդիմութեան յստակ դարձուցած են, որ ծանր զէնքեր, ներառեալ` հակաօդային եւ հակահրասայլ հրթիռներ պիտի մատակարարուին այն ժամանակ միայն, երբ տարբեր հատուածները միացնող միացեալ հրամանատարութիւն մը կազմեն:

Ապահովական գետնի վրայ, «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Հալէպի Արքուպ եւ Սուլէյման Հալապի թաղամասերուն մէջ բուռն բախումներ տեղի կ՛ունենան: Նշենք, որ սուրիական «Ուաթան» օրաթերթը երէկ հաղորդեց, որ Սուրիոյ բանակը Հալէպի ճակատամարտը վճռելու վճռակամ է, եւ Հալէպ յաւելեալ զօրքեր բերուած են:

Սուրիոյ առողջապահութեան նախարարը իր կարգին երէկ նշեց, որ Սուրիոյ ներկայ դէպքերուն պատճառած վնասները կը գնահատուին 100 միլիոն տոլար:

Նշենք, որ Անգարա երէկ հաստատեց, որ սուրիական հողերուն ուղղութեամբ կրակ բանալով սպաննած է երկու քիւրտեր, որոնք, ըստ իրեն, ՔԱԿ-ի անդամներ են: Երէկ շրջանառութեան մէջ դրուած էին տեղեկութիւններ, թէ թրքական բանակը կրակ բանալով երկու սուրիացի քիւրտեր սպաննած է:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )