Իրաք Կ՛ուզէ Իր Հողերուն Վրայ Գտնուող Թրքական Զօրակայաններու Գոյութեան Վերջ Տալ

Իրաքի կառավարութիւնը խորհրդարանին կոչ ուղղեց «ջնջելու կամ չերկարաձգելու» որեւէ համաձայնագիր, որ իրաքեան հողամասերուն վրայ գտնուող օտար զօրակայաններու գոյութիւնը կ՛արտօնէ: Կառավարական պաշտօնատար մը ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ այդ քայլին թիրախը հիւսիսային Իրաքի մէջ գտնուող թրքական զօրակայաններն են:

ԱՖՓ-ի ձեռք ձգած կառավարական հաղորդագրութեան օրինակը կը նշէ, որ նախարարաց խորհուրդը «որոշեց խորհրդարանին յանձնարարել ջնջել կամ չերկարաձգել որեւէ օտար երկրի հետ նախապէս ստորագրուած որեւէ համաձայնագիր, որ իրաքեան հողամասերուն վրայ օտար ուժերու կամ զօրակայաններու գոյութիւնը կ՛արտօնէ»:

Իրաքեան կառավարական բարձրաստիճան աղբիւր մը ԱՖՓ-ին յայտնեց, որ խօսքը կը վերաբերի 1995-ին Սատտամ Հիւսէյնի կողմէ ստորագրուած համաձայնագիրներուն, որոնք թրքական ուժերուն կ՛արտօնեն ՔԱԿ-ի զինեալներ հետապնդելու համար հիւսիսային Իրաքի շրջաններուն մէջ հաստատուիլ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )