50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ( 23 ԱՊՐԻԼ 1961 )
ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ
ԱՊՐԻԼ 24
Անմահութեան խոր հաւատքով զրահուած ժողովուրդ մը միայն կրնար հուրի եւ արիւնի մէջէն յարութեան տեսիլքին յառել իր աչքերը եւ մահուան վրայ արձանագրել շքեղագոյնը յաղթանակներուն:
Իր պատմական առաքելութեան եւ յաւերժութեան հաստատ գիտակցութիւնն ունեցող ժողովուրդ մը միայն կրնար արհաւիրքէն ետք վերածնիլ ու ծաղկիլ` ի խնդիր նոր պայքարներու:
Սուղ վճարեցինք պատմական փաստը մեր անմահութեան: Միլիոններ զոհ գացին մահուան խորշակին, հարիւր հազարաւորներու բազմութիւն մը մնաց անտէր անտիրական, որբերու բանակ մը ծանրացաւ մեր ուսերուն, ու հակառակ այս բոլորին` Սասունցի Դաւիթներու ոգին մրրկեց մեր հոգին, տուինք ահաւոր պատգամը` պատմութեան եւ աշխարհի առջեւ.
– Կենդանի ե՛նք:
Ժողովուրդի մը ընդերքէն շեփորուող այս կանչը հետզհետէ ծաւալեցաւ, ծնունդ տուաւ հրաշքներու, որոնք Ապրիլէն ետք, ծագեցուցին Մայիսեան Արշալոյսը Աւարայրի նոր ճակատամարտով մը:
Ու ահա քառասունվեց տարիներ անցած են այդ օրէն ասդին: Եթէ մեր ժողովուրդը արցունքով միայն տուրք ընծայած ըլլար Ապրիլեան նահատակներուն, ապահովաբար ապրողները աւելի անշունչ եղած ըլլային, քան` մեռնողները:
Փաստն այն է, որ մեր պարագային, հին թէ նոր բոլոր զարհուրանքները, բոլոր տեսակի բարբարսութիւնները եւ, անոնց հետեւանք, մեր կոտորակումը, մեր մէջ կիրքի վերածեցին ապրելու կամքը: Ո՛չ միայն ծունկի չկրցան բերել մեզ, այլեւ մղեցին կոթողումի: Ո՛չ միայն ստրուկ չդարձուցին մեզ, այլեւ մղեցին ծառացումի:
Անյիշատակ ժամանակներէ ի վեր կրակի եւ արեան գիծերէ կ՛անցնի հայը: Եւ պատմութիւնը հազի՜ւ թէ կրնայ սահմանել յաջորդական ջարդերու, սպանդի եւ նահատակութեան այդ դրուագները` իրենց իսկական իմաստին եւ տարողութեան մէջ:
Չէք գտներ որեւէ ժողովուրդ, որ մեզի չափ հայրենիքէն դուրս, սակայն մեզի չափ հայրենիքին հետ եղած ըլլայ, փոյթ չէ իր իր սահմանափակ համրանքը թափած ըլլայ հինգ աշխարհամասերու ծայրամասերուն: Հայաստանը մեզմէ ամէն մէկուն հետ եղած է քիչ մը ամէն տեղ` նո՛յնքան բաբախուն ու կենդանի, նո՛յնքան տրոփուն ու հարազատ, նո՛յնքան անայլայլ եւ իրական:
Ապառաժ դարձած է, մեզի համար, մեր հայրենասիրութիւնը, երբ թշնամին կը սպասէր, որ փուլ գայինք աւազներուն վրայ:
Հայը հպարտ ժողովուրդ է: Այս հպարտութեամբ է, որ սգահանդէսները կը վերածէ այսօր ոգեկոչումի դրական արտայայտութեան մը` պարզապէս կամուրջ ստեղծելով նահատակ սերունդի ազգային իտէալին ու մեր վաղուան ոգորումներուն միջեւ:
Ու այսօր ի՞նչ կը տեսնենք մեր շուրջը: Հոգեպէս գօտեպնդուած ժողովուրդ մը, որ իր նահատակներու իտէալին ուխտով կ՛աճի ու կը բարգաւաճի` պատմական որեւէ շրջանէ աւելի հիմա՛ փաստելով իր հարազատ հայեցիութիւնը:
Որեւէ ատենէ աւելի, հակառակ արտաքին ու ներքին բոլոր վտանգներուն, հայութիւնը, վստահ իր անմահութեան, յաւիտենական ճամբորդը Մեծ Երազին, բոլոր մաշումներուն դէմ հպարտօրէն ցցած է ազգային տոկունութեան իր հոգեկան բերդերը:
Ասոր համար ալ ապրիլեան խորհուրդին լրիւ ու գիտակից ըմբռնումով, երբ կ՛ոգեկոչենք մեր նահատակներուն յիշատակը, մեր դէմքը կը պայծառանայ, հոգին կը լուսաւորուի` ի տես այն յաղթանակներուն, որ տարագիր հայութիւնը տարաւ նախ ի՛նքն իր վրայ, ապա` արտաքին մութ ուժերուն:
Ապրիլ 24-ները որքա՛ն մեր նահատակներու հոգիին հետ հաղորդուելու սրբազան պահեր են: նոյնքա՛ն եւ աւելի առիթներ` հաստատելու յաղթանակը ժողովուրդի մը, որ պողպատեայ կամքով կը քալէ անմահութեան ճամբաներուն վրայ: