ՀԱՅՐԵՆԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆԸ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԲԱԶԿԵՐԱԿՆ Է ՀՈՂԱՅԻՆ ՊԱՀԱՆՋԱՏԻՐՈՒԹԵԱՆ
Քսաներորդ դարասկիզբի ցեղասպանութեան եւ հայրենահանման զոյգ ոճիրներու իբրեւ հետեւանք նոր բովանդակութիւն ստացած հայրենադարձութեան օրակարգը հայ ազգային-քաղաքական աւագանիին կողմէ երբեք վիճակուած չէ լիարժէք գնահատման: Ընդհակառակն. ի շարս ազգային այլ ռազմավարական օրակարգերու, ան ալ տարիներու ընթացքին տատանուելով մերթ զգացական ու մերթ պատեհապաշտ ափերու վրայ, հասած է օրուան իր վիճակին` փաստօրէն զրկուած քաղաքական որեւէ երանգէ ու վերածուած` սոսկ վերացական ապրումի մը, ո՛չ աւելին:
Զարմանալիօրէն, սակայն, հայ հաւաքական կեանքի նորօրեայ մշակները ոչ միայն կը շարունակեն շուքի մէջ պահել հայ ժողովուրդի գոյութենականութեան սպառնացող այս գերխնդիրը, այլեւ այս ծիրին մէջ անոնք ընթացք կու տան քաղաքական այլ անհեթեթութեան մը, երբ հայրենադարձութեան առաջադրանքի լուսանցքայնացման զուգահեռ, կ՛ընդգծեն հողային պահանջատիրութեան անհրաժեշտութիւնը:
Արդարեւ, եզակի չեն հրապարակային այն առիթները, որոնց ընթացքին ականատես կ՛ըլլանք, թէ ինչպէս քաղաքական պատմուճան հագած հողային պահանջատիրութեան թունդ պաշտպաններ յանկարծակիօրէն կը վարակուին չոր իրապաշտութեան յատկանիշներով, երբ խօսքի կարգը գայ հայրենադարձութեան առաջադրանքին, եւ թէ ինչպէ՛ս յուսադրիչ ու ճառագայթող անոնց խօսակցական ոճը, որ մինչ այդ կը տնտեսէր անոնց փոխանցած պատգամը, հայրենադարձութեան նիւթով իսկոյն կ՛ապրի մռայլ տեղատուութիւն մը, սովորաբար արտայայտութիւն գտնելով «երազանքային», «անիրապաշտ», «անկարելի» ու շարք մը նմանատիպ պիտակումներու մէջ: Այսպէս, առանց ինքնահակասութեան կամ անհեթեթութեան մատնուելու մտահոգութեան` հոն «կ՛եզրակացուի» հայրենադարձութեան սպառումը որպէս իրագործելի տեսլական, միւս կողմէ, սակայն, կը շարունակուի բեմականացումը հողային պահանջատիրութեան ու շեշտադրումը անոր կառչած մնալու կարեւորութեան:
Բայց թէ առանց հայրենադարձութեան, այլապէս Հայկական Բարձրաւանդակին մէջ աշխարհասփիւռ հայութեան վերաբնակեցման, ո՞ւր կը կայանայ հողային պահանջատիրութեան անհրաժեշտութիւնը, կամ ի՞նչ քաղաքական խնդիր կը լուծէ Արեւմտահայաստանի բռնագրաւեալ հողերու վերակցումը Հայաստանի ներկայ հանրապետութեան. ասոնք կը մնան հարցականներ, որոնց անդրադարձը ի սպառ կը վրիպի վերոյիշեալ «եզրակացութիւններէն»: Անհրաժեշտ վրիպում մը` այնուամենայնիւ, որուն միջոցով սոյն պատգամներու հեղինակները կը փորձեն խուսափիլ իրենց իսկ փոխանցած անհեթեթութեան հետ գէթ բացայայտ ընդհարումէ մը:
Այնուհանդերձ, անհեթեթութեան շրջանցումը չի հերքեր անոր գոյութիւնը, եւ այն տրամաբանութիւնը, որ առանց հայրենադարձութեան, հողային պահանջատիրութիւնը կը կորսնցնէ իր քաղաքական հիմնական ստորոգելին, ռեզոն տ՛էթրը, կը համենայ ըստ ամենայնի: Ի դէպ, հողային պահանջատիրութեան բարոյական ու իրաւական հիմքերը իրենց բացարձակ վաւերականութենէն ոչինչ կը զիջին այս իրողութեան, սակայն անոնք առանձնաբար բաւարար չեն գերազանցապէս քաղաքական այս օրակարգին ապահովելու համապատասխան քաղաքական լիցք: Արդարեւ, հողային պահանջատիրութեան քաղաքական տրամաբանութիւնը կը խտանայ ներկայ հանրապետութեան սահմաններու անբաւարարութեան մէջ պարփակելու համար հայ ազգի մնացորդացը, երաշխաւորելու անոր մէկութիւնը եւ ապահովելու անոր բարօր ու բարգաւաճ կեանքի մշակութային, տնտեսական թէ ապահովական բաւարար պայմաններ: Ահա այս ծիրին մէջ եթէ պահ մը ջնջելու ըլլանք հայրենադարձութիւնը ազգային օրակարգերու բազմաչարչար ցանկէն, ինչպէս կ՛ակնարկեն վերոյիշեալ պատեհապաշտերը, հետեւաբար եւ նկատի ունենանք սոսկ հայաստանաբնակ հայութիւնը, այդ տրամաբանութիւնը դժուար թէ կարենայ հանգչիլ հաստատ գետնի վրայ: Այլ խօսքով, դժուար պիտի ըլլայ ըմբռնել եւ ըմբռնել տալ, թէ ինչպէ՛ս հազիւ երեք միլիոն հաշուող հայաստանաբնակ ժողովուրդին համար անբաւարար կրնան ըլլալ հանրապետութեան ներկայ սահմանները, եւ թէ ի՛նչ ձեռնտու առաւելութիւն կրնայ մատուցել անոր քրտաբնակ Արեւմտահայաստանի վերակցումը մայր հայրենիքին: Դժուար պիտի ըլլայ նմանապէս պատկերացնել եւ պատկերացնել տալ, թէ ի՛նչ քաղաքական նպատակի ծառայելու է հողահաւաքը, եթէ այդ հողերուն վրայ վերստին պիտի չզարգանայ հայկական քաղաքակրթութիւնը իր տարբեր բնագաւառներով: Վերջապէս, դժուար պիտի ըլլայ հասկնալ եւ հասկցնել քաղաքական այս պահանջատիրութեան միտք բանին, երբ կանխաւ դատապարտուած կը համարուի անոր ընձեռած կարելիութենէն օգտուելու հիմնական գրաւականը, իմա` հայրենադարձութիւնը:
Ահաւասիկ` քանի մը նկատողութիւններ, որոնք ընդգծելով հողահաւաքի ու հայահաւաքի անքակտելի քաղաքական փոխկապակցութիւնը` լոյս կը սփռեն զայն խեղաթիւրող «եզրակացութիւններու» անհեթեթութեան վրայ: Դժբախտաբար, սակայն, վերջինին հեղինակները նմանօրինակ արտայայտութիւններով հանրութեան մօտ խնդրոյ առարկայ կը դարձնեն ո՛չ միայն իրենց սեփական ողջմտութիւնը, այլեւ` Հայ դատի քաղաքական պարունակն ու կշիռը: Արարք մը, որ յղի է պատմական յանցագործութեամբ ու անդառնալի հետեւանքներով: Հետեւաբար հայ քաղաքական կեանքին մէջ` ի հայրենիք թէ ի սփիւռս աշխարհի, խստօրէն դատապարտուելու է տղայական թէ ամբոխավարական ակունքներէ մեկնած ամէն ձայն, որ արուեստական ջրբաժաններ ստեղծելով` կը փորձէ իրարմէ անջատել հայ ժողովուրդին գոյութենականութեան ու բարօրութեան երկուորեակ կռուանները` հայրենդարձութիւնն ու հողային պահանջատիրութիւնը: Փորձի յաջողութիւնը վերջին հաշուով կ՛երաշխաւորէ զոյգ առաջադրանքներու քաղաքական ինքնասպանութիւնը:
ԽԱՉԻԿ ԽԱՉԵՐԵԱՆ