«ՍԱՐՍԱՓԷՍ ՉԿՐՑԱՅ ՔՆԱՆԱԼ ՄԻՆՉԵՒ ԱՌԱՒՕՏ». ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԳԷՈՐԳ ԱԲԷԼԵԱՆԻ «ՑԿԵԱՆՍ ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԹԻՒՆ» ՀԱՏՈՐԻՆ ՄԱՍԻՆ

Կէս գիշերը անց էր, երբ օդանաւը թռիչք առաւ Պէյրութի օդակայանէն` ուղղուելով դէպի Հռոմ: Լիբանանէն խումբ մը գիւղատնտեսներ ենք, աշխատանքային այցելութիւն մըն է դէպի Իտալիա:

Խումբին առաջնորդը գիւղատնտես, Իտալիայէն վկայուած Ճորճ Տաքքաշն է: Բնականաբար ինք քաջածանօթ է իտալերէնին եւ երկրի տարածքին: Շատ ընթերցասէր է Ճորճը. չորս լեզուներով գիրքեր կան իր ձեռքի պայուսակին մէջ: Ան կը կարդայ այլազան թեմաներու մասին, բայց յատկապէս պատմական գիրքերու «խենթ» է:

Մեր ժամանակներուն անկեղծօրէն զարմացայ Ճորճին վրայ: Զիս զարմացուց իր մելեռանդ ընթերցասիրութիւնը եւ ամբարած ընդհանուր զարգացումը:

Զրոյցի ընթացքին, Ճորճին խնդրանքով, սկսանք խօսիլ հայ ժողովուրդի անցեալին մասին, յատկապէս Հայոց ցեղասպանութեան: Թէեւ Ճորճը բաւական իրազեկ էր պատմական անցուդարձերէն, սակայն խնդրեց, որ աւելի խորանանք նիւթին մէջ` փորձելով յստակացնել Ցեղասպանութեան պատճառները, գործադրութեան մանրամասնութիւնները, արձանագրուած վնասները` մարդկային, նիւթական եւ հողային:

Մեծ ուշադրութեամբ մտիկ ըրաւ, հարցումներ հարցուց, փորձեց եզրակացութիւններու հասնիլ:

Անմիջական եւ ջերմ էր մեր խօսակցութիւնը, որ նոյնիսկ չընդհատուեցաւ օդանաւի ճաշի սպասարկութեամբ:

Խոստացայ Ճորճին ապահովել գիրքեր եւ ժապաւէններ Հայոց ցեղասպանութեան մասին, անմիջապէս որ Լիբանան վերադառնայինք:

Լիբանան վերադարձին, Ճորճին համար ապահովեցի Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած վաւերագրական ժապաւէններէն օրինակներ. Հանրի Վեռնէօյի «Մայրիկ» ժապաւէնէն օրինակ մը, եւ քանի որ ինք գիրք կը խնդրէր աւելի` Ճորճ Աբէլեանի հրապարակած «Ցկեանս նահատակութիւն» հատորի արաբերէն թարգմանութիւնը: Խոստացայ նաեւ իրեն համար ապահովել Ֆրանց Վերֆէլի «Մուսա լերան 40 օրերը» վէպին արաբերէն տարբերակը:

Ապահովելով ժապաւէններն ու գիրքը` զայն ուղարկեցի Ճորճ Տաքքաշին` ձեռամբ իր ընկերութեան մէջ աշխատող գիւղատնտես Ճորճ Պութրոսին:

«Ցկեանս նահատակութիւն» գիրքին մէջ նշանակեցի «Շան բերնի հացը» պատմուածքը` խնդրելով, որ նախ այդ մէկը կարդացուի հատորին մէջէն եւ ապա` մնացեալ պատմուածքները (այսինքն` տառապանքները):

Կրտսեր Ճորճ Պութրոսը, գիրքը առնելով, հետաքրքրուեցաւ նիւթի մասին, յայտնելով, որ ինք ընթերցանութիւն չի սիրեր եւ քսան տարիէ ի վեր գիրք կարդացած չէ: Անկեղծ խոստովանութիւն էր:

Մեկնումի պահուն յայտնեց, որ կա՞ր որեւէ անպատեհութիւն, եթէ ինք կարդար նշանակուած պատմուածքը եւ յաջորդ օր տանէր գիրքը Ճորճ Տաքքաշին: Թէեւ զարմացայ, բայց քաջալերեցի զինք գոնէ միայն այդ պատմուածքը կարդալու, եթէ կրնայ:

Քանի մը օր ետք, երբ դարձեալ հանդիպեցանք, Ճորճը ինք պատմեց հետեւեալը.-

«Գիշերը յոգնած վերադարձայ տուն: Քուն մտնելէ առաջ որոշեցի մէկ-երկու էջ կարդալ այդ գիրքէն: Հազիւ սկսայ պատմութեան ծանօթանալ, սկսայ սարսափիլ, վախնալ, ատենը մէյ մը ստուգելով, որ մայրս տունն է եւ` հանգիստ քնացած: Չեմ գիտեր ինչպէ՛ս, սակայն զգացի, որ ես պահ մը շունը հալածող հայն եմ: Ապրեցայ ամբողջ ողբերգութիւնը, խորապէս տառապեցայ դէպքերուն հետ. քունը փախաւ աչքէս: Սարսափն ու վախը արթուն պահեցին զիս մինչեւ առտու: Աստուա՜ծ իմ, այս ի՜նչ ողբերգութիւն է, հայ ժողովուրդի կրած տառապանքները անհաւատալի են եւ անբացատրելի: Լսած էի Հայոց ցեղասպանութեան մասին, սակայն երբեք չէր երեւակայած նման տառապանքները ու ողբերգութիւններ: Այնքան ազդուեցայ, որ քանի մը անգամ լացի: Անկեղծօրէն հիացայ նաեւ ընտանիքի հօր` Յակոբին ունեցած յաջողութեան եւ պայքարելու ոգիին վրայ: Նոր միայն կրցայ ըմբռնել հայ ժողովուրդի գոյատեւելու գաղտնիքը: Հիացայ հօր վրայ: Ո՞վ չէր փափաքեր նման հայր ունենալ, որ անկարելին կ՛ընէ իր ընտանիքը փրկելու համար:

Ես որոշեցի ամբողջ գիրքը կարդալ, որուն համար կը խնդրեմ, որ օրինակ մը ինծի եւս ապահովուի, եթէ կարելի է»:

Եւ ի՜նչ զուգադիպութիւն: Հատորին հեղինակը կը ժամանէ եւ կը լսէ այս վկայութիւնը: Գիրք մը կը մակագրէ կրտսեր Ճորճին, որ որոշած է կարդալ բոլոր պատմուածքները եւ իրազեկ դառնայ հայ ժողովուրդի ճակատագրական ցեղասպանութեան:

Զարմանալի է, որ Լիբանանի մէջ ապրող Ճորճերը շատ բան չեն գիտեր Հայոց ցեղասպանութեան մասին:

Մեր պարտականութիւնն է զանոնք իրազեկել մեր անցեալի մասին:

Մենք մեծ աշխատանք ունինք տանելիք մեր Դատը ծանօթացնելու ոչ միայն օտարներուն, այլ` լիբանանցիներուն:

Թէ ի՛նչ եղաւ երէց Ճորճին անդրադարձը, այդ մասին` յաջորդիւ:

Ե. ՀԱՒԱԹԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES