ԱՊՐԻԼԵԱՆ ԽՈՀԵՐ. ՀՈՂԻ ՊԱՇՏԱՄՈ՞ՒՆՔ, ԹԷ՞ ՆՈՐՈՎԻ ԹՐՔԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ
«Կ՛ըսեն, թէ աղէտն ու երկար
դժբախտութիւնները
նո՛յն ընտանիքին ու նո՛յն ժողովուրդին
զաւակներուն կը պարգեւեն համերաշխութեան
անքակտելի զգացում մը: Յամենայն, դէպս, հայ
ժողովուրդին համար ճիշդ չէ ասիկա»:
ՎԱԶԳԷՆ ՇՈՒՇԱՆԵԱՆ
Ըստ երեւոյթին, դեռ պիտի գայ այն օրը, երբ ազգովին տակաւ համոզուած ըլլալով թուրքին «ասպնջական», «բարեսիրտ» եւ «մարդկայնական» վերաբերումներուն, անշո՛ւշտ, հայոց նկատմամբ, մենք ալ մեր կարգին`
– պիտի վերակամրջենք դարաւոր բարեկամութիւնն ու եղբայրական զգացումները,
– պիտի վերահաստատենք երկու ժողովուրդներու միջեւ առկայ ներքին կառուցուածքն ու հոգեկան կապուածութիւնը,
– պիտի ողջագուրուինք եւ դառնաղէտ անցեալի պատահածները պատմութեան դատաստանին յանձնելով` երկուստեք ապագան կերտելու մասին մտածենք,
պիտի ձերբազատինք իրերամերժ կեցուածքներու, ատելութիւններու, ոխակալութեան, անհանդուրժողութեան եւ կամակոր վարքագծերու ամէնօրեայ անդոհանքէն,
– պիտի վերանորոգենք դարաւոր դրացնութեան փոխընկալումները,
– պիտի ընդունինք տեղահանութեան ենթարկուելու թրքութեան վաւաշոտ վարկածները,
– պիտի ջանանք փաստարկել հայրենական հողերու պատկանելիութեան ժամանակավրէպ ըլլալը,
– պիտի համոզուինք, ինքնութեան եւ առանձնայատկութիւններու թրքատիպ մոտելներուն…
Իսկ հետագայ սերունդներ հաւատարմաբար եւ առանց ազգայնական նկրտումներու պիտի կարենան ապահովել քաղաքական, տնտեսական, ընկերային, ժողովրդագրական եւ բազում բնագաւառներու առաւել ուռճացումն ու բարգաւաճումը:
Աւելի՛ն. բարոյահոգեբական մաքրաջրումներէ ետք հաւաքաբար պիտի շրջանցենք ցեղային մաքրագործումի` ցեղասպանութեան զոհ ըլլալու հոգեվիճակներն ու սին բարդոյթները, եւ յանուն երկու առհաւական ժողովուրդներու կեանքի բարելաւման, յառաջդիմութեան եւ բարգաւաճումին, քաջաբար պիտի վերարժեւորենք անցեալի պատկանող դիպաշարերը:
Այլապէս ալ պիտի չմոռնանք ամէն տարի ապրիլ 24-ին ՄԻԱՍՆԱԲԱՐ ոգեկոչելու մէկուկէս միլիոն հայ նահատակներու եւ «թուրք զոհուածներու» յիշատակը:
Եւ վասն մարդկայնական չափանիշներու, ազգերու համակեցութեան եւ համաշխարհայնացման բարեբեր արեւելումներու` պիտի կառուցուի երկու ժողովուրդներու ջերմ եղբայրակցութիւնը խորհրդանշող գեղակերտ յուշարձանը:
Անցնինք:
Հաւանաբար, վիրաւորական թուին նման արտայայտութիւններ կամ ընդգծումներ, եւ առիթ տան տարբեր մեկնաբանութիւններու ու եզրայանգումներու:
Սակայն, նոյնքան ալ ճիշդ են այն անառարկելի իրողութիւններու մատնանշումները, որ հայ իրականութիւնը ականատես է ամէն օր հայրենիքի թէ սփիւռքի տարածքին, յատկապէս ինչ կը վերաբերի հայ-թուրք յարաբերութիւններու նորովի ընկալումներուն եւ զարգացման ուղիներուն:
Փաստօրէն, վերանկախ հայրենիքի քսանամեայ կեանքին ընդառաջ հայ ժողովուրդի դիմագրաւած բազում դժուարութիւններու եւ մարտահրաւէրներու ոդիսականին առընթեր, դժբախտ պատկերներու շքահանդէս մը կ՛ապրի հայ քաղաքական միտքն ու պետական մտածողութիւնը:
Հոս, կարիքը չի զգացուիր նման հաստատումի մը նաեւ պատմաքաղաքական արժեւորումին ակունքները վերացայտելու, որովհետեւ հայ ժողովուրդի արդի պատմութեան տարբեր հանգրուաններուն, արդէն ազգովին ապրեցանք եւ ահաւոր կացութիւններու դէմ յանդիման` զոհը դարձանք մեր իսկ ստեղծած ամուլ քաղաքական վարքագիծերուն, աններդաշնակ գործելաոճերուն եւ ամիրայախառն ըմբռնումներուն:
Փակագիծ մը:
Ազգային իր կերպարով լուսաւոր եւ մարդկային առաքինութեամբ յատկանշուող հայ ժողովուրդը, կարծես իր լինելութեան վերջալոյսին արհաւիրքը կ՛ապրի, միամիտ, հաճոյակատար, օտարոտի եւ մեղկ գործընթացներու շռայլութեամբ:
Իսկ այս բոլորին զուգահեռ` ազգային ազատագրական պայքարի, Հայ դատի ու պահանջատիրական գաղափարախօսութեան դրօշակակիր ըլլալու հանգամանքէն զիջելով, կ՛ուզէ նաեւ իր ԱՅՍՕՐը տեսնել տարաբնոյթ մօտեցումներու եւ ապրելակերպերու ընդմէջէն:
Այո՛, հայրենի հայութեան թէ սփիւռքեան իրականութեան միջեւ բաժանումի եւ խորխորատներու ստեղծումին մէջ, ի շարս այլ ուժերու, քաղաքական, տնտեսական թէ այլ նկատառումներու իբրեւ հետեւանք` հայութեան որոշակի մասնիկը նորովի թրքասիրութեան յագուրդ տալով կը շարունակէ ազգային յենարաններու քանդումը եւ բնաջնջումը:
Այսպէս ասած քաղաքական-դիւանագիտական թէ տնտեսական անմիջական հաշուարկներու հարթակին վրայ կառուցուող գործընթացներ կը միտին ապահովել այլընտրանքային ճանապարհներ` մեկնելով առկայ պայմաններու պարտադրանքէն:
Սա արդէն պետական մտածողութեամբ արձանագրուող իրականութիւնն է` իր խորթ եւ ապազգային նկատումներով:
Անցնելով միւս ողբերգութեան, որ կը վերաբերի հայ անհատներու դէպի «եղբայրական Թուրքիա» հոսքին կամ պապենական հողատարածք մեկնումին`, դարձեալ տարաբնոյթ բացատրութիններու շքերթով մը, արդէն իսկ այս երեւոյթը լուրջ եւ մտահոգիչ տարողութեան հասած է, որ իր կարգին, կարիքը ունի հայ քաղաքական մտքի հզօր բանաձեւումին եւ ազգային մտածողութեամբ յագեցած յստակացումին:
Այսինքն, հայ ժողովուրդին դիմաց նորաստեղծ ալիքի մը պարտադրուած իրողութեամբ, ազգին բաղադրիչ մասերը, լրջութեամբ եւ խոհեմաբար քննութեան ենթարկելու են նման մարտահրաւէրներու գոյութիւնը, եւ ազգային ռազմավարական հայեցակարգերու ընկալումներով` հաստատագրելու անոր շահաւէտութիւնն ու անհրաժեշտութիւնը:
Յիրաւի, թուրք բարբարոսութեան եւ խորամանկութեան աստիճանական մագլցումները առ այսօր կը շարունակեն խարազանել մեր հոգիները:
Փաստօրէն, թրքութեամբ յագեցած քաղաքական թէ դիւանագիտական, տնտեսական թէ ռազմական բնոյթի գրեթէ ամէնօրեայ մոլուցքներու ականատես կը դառնանք ազգովին` ուղղակի սպառնալիքներու թէ թաքուն վարքագծերու ընդմէջէն:
Այսուհանդերձ, հաւաքական յիշողութեան թէ ազգային կամքի ներգործուն կարողականութեան հարցն է, որ խնդրոյ առարկայ է, ըստ ամենայնի, եւ, որուն նկատմամբ կը լսուին յորդորներ եւ փաղաքշական շարադրանքներ:
Քիչ մնաց, բարի վարուց վկայագիրներու տուուչութեամբ պիտի զբաղի հայ իրականութիւնը, մաս մը առեւտուրով զբաղողներու, ուրիշներ` թրքական ծովափերու քնքուշութիւնը վայելու, իսկ այլոց ալ դէպի պապենական հող այցելութիւն տալու հասկացողութեամբ:
Այս առումով, թող թիւրիմացութիւնը վերանայ միանգամընդմիշտ, թէ`
Ո՛չ ոք դէմ է որեւէ այցելութեան կամ ուխտագնացութեան դէպի հազարամեայ հայրենի հողատարածքներ,
Ո՛չ մէկ հեգնանք նման արարքի հանդէպ,
Ո՛չ մէկ արգելք հայրենի հողին բուրմունքն ու գեղեցկութիւնը ապրելու հրայրքէն,
Ո՛չ մէկ տմարդի վերաբերում` Արարատի սէգ գագաթին վեհութիւնը զգալու իրաւունքին,
Սակայն, խօսքն ու ընդգծումը կը վերաբերին հաւաքական աշխատելաոճերու որդեգրումին, առաջադրուած ծրագիրներու կենսագործումին, զգացականէն անդին անցնելու հրամայականին, տիպար երազանքներու յանձանձումին (իմա` ընձեռնուած կարելիութեամբ` հայրենի ուխտավայրերու նորոգութեան, հաւանաբար մասնակի), որպէսզի իրերայաջորդ երիտասարդական փաղանգներ, իրենց քրտինքով եւ աշխատանքով շաղախեն Վանի, Կարսի, Էրզրումի թէ Արարատի սուրբ հողը:
Արդ, պիտի շարունակենք բարձրագոռ գոչել, թէ Արեւմտահայաստանը մե՛րն է իր անցեալով, ներկայով ու ապագայով: Սակայն, անհրաժեշտ է, ամբողջ մարդկութեան դիմաց նախաձեռնել գործնական աշխատանքի, հաւանաբար` միջազգային հասարակական կազմակերպութիւններու օժանդակութեամբ եւ կամ ի հարկին` հայկականի ստեղծումով, եւրոպական չափանիշներու համապատասխան ու նոյն ուժականութեամբ:
Այս բոլորի մատնանշումին շարժառիթը հայ իրականութեան մէջ տակաւ զարգացող այն մտայնութիւն է, թէ ժամանակի գործօնին հետ պէտք է վարուիլ ողջմտութեամբ, առանց ծայրայեղ մօտեցումներու, ազգայնամոլ կամ արկածախնդրական վարքագծերէ ձերբազատ, ներողամիտ եւ ինչու չէ նաեւ թրքասիրութեամբ, առիթ տալով թուրք հասարկութեան` վերանայելու իր անցեալի գործած ոճիրներուն եւ մեղքերուն:
Ա՛լ չենք խօսիր այն հոգեկանութեան մասին, որ երկու ժողովուրդները զիրար միացնող պորտակապն իսկ է:
Անշո՛ւշտ, առանց մոռնալու Պոլսոյ թէ Մարմարիսի հրապուրիչ եւ հոգեզմայլ հարազատութիւնը մեզի` հայերուս համար:
Եւ, դարձեալ խոնարհինք ու յիշատակը յարգենք
մէկուկէս միլիոն զոհերուն, վկայակոչելով այն իրողութիւնը, թէ`
Հայութիւնը թուրքին կը հաւատայ ա՛յն ատեն միայն, երբ բանիւ ու գործով ցոյց տայ իր բարբարոսութեան` ծինային կառուցուածքին այլակերպութիւնը:
Միայն այն ատեն…
ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

