Խորհրդարանի Միացեալ Յանձնախումբերը Վաղը Պիտի Շարունակեն Քննարկել Ընտրական Օրինագիծերը

Խորհրդարանական նիստէն պահ մը

Խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերը երէկ գումարեցին նիստ մը` նախագահութեամբ խորհրդարանի փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարիի եւ ներկայութեամբ արդարութեան եւ ներքին գործոց նախարարներուն, Շաքիպ Քըրթպաուիի եւ Մարուան Շարպելի:

Նիստին ընթացքին քննարկուեցան ընտրական օրինագիծերը, որոնց մասին ընդհանուր կարծիքներ յայտնուեցան երեսփոխաններուն կողմէ:

Ընտրական օրինագիծերն են կառավարութեան ներկայացուցած ընտրական օրինագիծը եւ մնացեալ երեք օրինագիծերը:

Նիստին ընթացքին յստակ էր ընտրական օրինագիծերուն շուրջ երեսփոխաններուն եւ քաղաքական տարբեր ուժերուն տարակարծութիւնը:

Մքարի յայտնեց, որ ինք հանդիպում պիտի ունենայ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ եւ անոր հետ համաձայնութիւն մը պիտի գոյացնէ, որ խորհրդարանին յաջորդ նիստը ըլլայ աւելի յստակ ուղղուածութեամբ: Ան նշեց, որ պէտք է ճշդել, թէ ի՛նչ օրէնք կը փափաքինք ունենալ. մեծամասնակա՞ն, թէ՞ համամասնական, ինչպէս նաեւ պէտք է որոշել, թէ Լիբանանը քանի ընտրաշրջանի պիտի բաժնուի:

Մքարի յայտնեց նաեւ, որ կարելի է այդ երկու անհրաժեշտութիւններուն քննարկումը յետաձգել` սկսելով բարեփոխումներուն գործադրութենէն:

Խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերը վաղը պիտի շարունակեն իրենց քննարկումները:

Պէտք է նշել, որ խորհրդարանին մէջ քննարկումներուն ընթացքին արձանագրուեցան բանավէճեր, յատկապէս Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթի եւ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Ալի Ֆայեատի միջեւ: Այդ բանավէճը արձանագրուեցաւ երեսփոխանական ընտրութիւններուն վրայ զէնքին ունեցած ազդեցութեան մասին Ֆաթֆաթի յայտարարութեան իբրեւ հետեւանք:

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամները իրենց կարգին արծարծեցին Աքքարի եւ Թրիփոլիի մէջ գտնուող զէնքին հարցը:

Նիստէն ետք Ալի Ֆայեատ յայտնեց, որ Լիբանանը 50 ընտրաշրջանի բաժնող ընտրական օրէնքը երկրին մէջ բաժանումը եւ համայնքայնութիւնը խորացնող օրէնքի տարբերակ մըն է, ինչպէս նաեւ ենթակայ է ձախողութեան, որովհետեւ ուղղակի կը հակադրուի երկրին սահմանադրութեան հետ:

Ֆայեատ յայտնեց, որ 1996-ին Սահմանադրական խորհուրդը հաստատեց, որ ընտրական որեւէ այլ օրէնք պէտք է հիմնուի ընտրողներուն թիւին հաւասարութեան վրայ:

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան փոխնախագահ, երեսփոխան Ժորժ Ատուան յայտնեց, որ Լիբանանը 50 ընտրաշրջանի բաժնող ընտրական օրէնքը ոչ մէկ միտում ունի երկրին սահմանադրութիւնը հարուածելու կամ այս կամ այն քաղաքական ուժին ներկայացուցչութիւնը խոցելու:

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխան Նաուաֆ Մուսաուի շեշտեց, որ լիբանանեան քաղաքական ուժերուն ներկայացուցչութիւնը խախտող զէնքը կը գտնուի այն շրջաններուն մէջ, ուր կը կատարուին քաղաքական եւ կուսակցական մաքրագործումներ եւ մահապատիժի կ՛ենթարկուի այդ շրջաններուն բազմազանութիւնը:

«Համամասնական ներկայացուցչութիւնը կրնայ առիթ տալ, որ բոլոր համայնքներուն մէջ բազմազանութիւնը պահպանուի եւ քաղաքական յաւելեալ մերձեցում կատարուի` վերջ տալով ներկայ երկփեղկումին: Հետեւաբար, կոչ կ՛ուղղենք Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն ներկայացնելու քաղաքական ծրագիր մը եւ Մարտ 8-ի ուժերը թող ներկայացնեն քաղաքական ծրագիր մը եւ համամասնական դրութեան հիման վրայ ընտրութիւնը թող ըլլայ այդ ծրագիրներուն միջեւ` Լիբանանը վերածելով մէկ ընտրաշրջանի», շեշտեց Մուսաուի:

Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ մաղթեց, որ լիբանանցի երեսփոխանները ըլլան ընտրական օրէնքը մշակողը եւ ոչ թէ անիկա ներածուի արտաքին ուժերու կողմէ:

«Մե՛նք պէտք է որոշենք մեր երկրին ընտրական օրէնքը, եւ այսօր խորհրդարանը կը գտնուի լուրջ հանգրուանի մը առջեւ», ըսաւ ան:

Share this Article
CATEGORIES