Թուրքիոյ Մէջ Գտնուող Հայկական Եկեղեցիներու Վերակառուցման Աշխատանքներուն Կ՛օժանդակէ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանատունը

Անիի Մայր տաճարը

«Ակօս» շաբաթաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը «Յատուկ նախագիծեր» ծրագիրի ծիրին մէջ կը շարունակէ հնադարեան յուշարձաններու, ներառեալ` հայկական եկեղեցիներու վերակառուցումը:

Նախարարութեան 2011-ի տարեկան հաշուետուութեան մէջ գոյութիւն ունի տեղեկութիւն, թէ որոշ եկեղեցիներու վերակառուցման աշխատանքները կը ֆինանսաւորէ Անգարայի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը:

Նշեալ դեսպանատունը մասնաւորաբար կը ֆինանսաւորէ Ս. Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ վերակառուցման աշխատանքները:

Նիւթական անհրաժեշտ միջոցներ հայթայթուած են նաեւ Անիի Մայր տաճարի վերանորոգման համար:

Զեկուցումին մէջ անդրադարձ կը կատարուի Կարսի Տիգրան Հոնենցի եկեղեցւոյ, Անիի Մայր տաճարին, Ս. Ամենափրկիչ, Ս. Գրիգոր եկեղեցիներուն, ինչպէս նաեւ Նեմրութ լերան վրայ գտնուող յուշարձաններուն:

Ըստ զեկուցումին, Կարսի Տիգրան Հոնենցի եկեղեցւոյ վերակառուցման նախագիծը հաստատուած է: Աշխատանքներուն կը մասնակցի նաեւ Յուշարձաններու համաշխարհային ֆոնտը:

 

Share this Article
CATEGORIES