Րաֆֆի Յովհաննէսեան Այլեւս Պատգամաւոր Չէ
Ժառանգութիւն կուսակցութեան առաջնորդ Րաֆֆի Յովհաննէսեան այլեւս Ազգային ժողովի պատգամաւոր չէ: Երէկ խորհրդարանի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան անոր պատգամաւորական լիազօրութիւնները դադրեցնելու մասին արձանագրութիւնը ուղարկեց Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբ:
Պատգամաւորական իրաւագիրէն հրաժարելու մասին Րաֆֆի Յովհաննէսեանի դիմումը հրապարակուած էր Ազգային ժողովի 10 սեպտեմբերի նիստին ժամանակ, եւ խորհրդարանի կանոնակարգով նախատեսուած 15-օրեայ ժամկէտի մէջ Ժառանգութեան առաջնորդը յետս չկոչեց զայն:
CATEGORIES Հայկական


