Հաղորդագրութիւն

Հինգշաբթի, 4 hոկտեմբեր 2012-ին, Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը կը մեկնի Հռոմ, ուր պիտի մասնակցի  համաշխարհային կաթողիկէ եպիսկոպոսաց սիւնհոդոսի ընդհանուր ժողովին, որուն խորագիրն է` «Նոր աւետարանացումը քրիստոնեայ հաւատքի փոխանցման համար», եւ որ տեղի պիտի ունենայ 7 հոկտեմբերէն մինչեւ 28 հոկտեմբեր 2012` Վատիկանի մէջ: Այս ընդհանուր սիւնհոդոսին հրաւիրուած են քահանայապետական բոլոր ժողովներուն եւ խորհուրդներուն նախագահները, արեւելեան կաթողիկէ եկեղեցիներու պատրիարքները, ինչպէս նաեւ աշխարհատարած կաթողիկէ եկեղեցիներու եպիսկոպոսներէն ներկայացուցիչներ: Հրաւիրուած են նաեւ ներկայ ըլլալու ոչ կաթողիկէ եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ, ինչպէս` Գարեգին Բ. կաթողիկոսի ներկայացուցիչը եւ Արամ Ա. կաթողիկոսի ներկայացուցիչը: Այս ժողովին նպատակն է` նոր աւետարանացման գործը յայտնաբերել ոչ միայն ոչ քրիստոնեաներուն համար, այլ նաեւ հին քրիստոնէական աւանդութիւններ ունեցող ժողովուրդներուն համար, ինչպէս` հայ ազգի զաւակները, եւրոպացիները եւ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաները, որպէսզի վերանորոգեն իրենց հաւատքը, որովհետեւ անաստուածութիւնը շատ յառաջ գացած է ամէն կողմ: Ժողովը պիտի անդրադառնայ այն նոր միջոցներուն, որոնք պիտի խրախուսեն քրիստոնեաները, որպէսզի ապրին իրենց հաւատքը եւ հասկնան, թէ Աստուած գոյութիւն ունի ամէնուրեք եւ ամէն ինչ կ՛ընէ մարդոց բարիքին համար: Այս գաղափարները պիտի փոխանցուին նոր սերունդին եւ չափահասներուն, որպէսզի հաւատան սուրբ Աւետարանին` խօսքէն աւելի իրենց ապրելակերպով եւ համոզեն մարդիկը ձերբազատելու աշխարհիկ քարոզչութիւններէն, որոնք կը լեցնեն իրենց առօրեան շահագործութեան եւ տիրապետութեան գաղափարներով:

Հոգեւոր տէրը հանդիպումներ պիտի ունենայ սրբազան քահանայապետ Պենետիկտոս ԺԶ.ին հետ, որ անցեալ 15 սեպտեմբերին պատմական այցելութիւն մը տուաւ Զմմառու հայ կաթողիկէ պատրիարքական աթոռ եւ այս առիթով օրհնեց առաջին հայ տպագրող Յակոբ Մեղապարտին յուշարձանը:

Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պիտի հանդիպի նաեւ զանազան կարտինալներու եւ այլ բարձրաստիճան  եկեղեցական անձնաւորութիւններու, ինչպէս նաեւ հայ առաքելական հրաւիրեալ եկեղեցականներուն, որոնք պիտի մասնակցին սիւնհոդոսական նստաշրջաններուն:

Ամենապատիւ հոգեւոր տիրոջ կեցութիւնը պիտի ըլլայ Հռոմի Ք. Լեւոնեան հայ վարժարան, եւ  իբրեւ գաւազանակիր իրեն կ՛ընկերանայ տէր Աւետիք վրդ.  Յովհաննէսեան:

Հոգեւոր տէրը իր նստավայրը պիտի վերադառնայ 30 հոկտեմբերին:

 

ԴԻՒԱՆ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )