Ըստ «Նեզաւիսիմայա Կազեթա»-ի Ռուսիա Կրնայ Կապալայի Ռատարի Կեդրոնէն Հրաժարիլ

Կապալայի ռատարի կեդրոնը

Ռուսական «Նեզաւիսիմայա կազեթա» օրաթերթը` վկայակոչելով դիւանագիտական աղբիւրներ, կը հաղորդէ, որ Մոսկուա եւ Պաքու Կապալայի ռատարի կեդրոնի վարձակալութեան ժամկէտի երկարաձգման բանակցութիւններուն ընթացքին տակաւին չեն կրցած ընդհանուր յայտարարի գալ, եւ մեծ է հաւանականութիւնը, որ Ռուսիա հրաժարի վարձակալութեան այն պայմաններէն, զորս յառաջ կը քշէ ազրպէյճանական կողմը:

«Նախկին նիւթական պայմաններով երկու-երեք տարիով ժամանակաւոր համաձայնութեան ստորագրման ռուսական առաջարկը չի գոհացներ Պաքուն», յայտնած է աղբիւրը:

Յիշեցնենք, որ նախապէս ռուսական լրատուամիջոցները` վկայակոչելով բանակցային հոլովոյթին ծանօթ աղբիւր մը, յայտնած էին, որ Կապալայի ռատարի կեդրոնի վարձակալութեան շուրջ Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի համաձայնութիւնը առաւելագոյնը երեք տարիով պիտի երկարաձգուի, ուստի այդ ժամանակաշրջանին համար համաձայնագիրի ֆինանսական չափերը նոյնը պիտի մնան:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )