Փութին Թուրքիա Եւ Ազրպէյճան Պիտի Այցելէ

Վլատիմիր Փութին

«Արմենփրես» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղարութիւնը կը յայտնէ, թէ նախագահ Վլատիմիր Փութին Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ բարձր համագործակցութեան խորհուրդի երրորդ նիստին մասնակցելու համար 14 հոկտեմբերին պիտի այցելէ Թուրքիա:

Քարտուղարութիւնը կը նշէ, որ Թուրքիա կատարելիք իր այցելութեան Փութինին պիտի ուղեկցին քանի մը նախարարներ եւ պետական այլ պաշտօնատարներ:

Թրքական «Սապահ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Փութին Անգարայի մէջ պիտի մնայ երկու օր: Ապա 16 հոկտեմբերին Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ պիտի մեկնի Պաքու:

Անոնք Պաքուի մէջ պիտի մասնակցին տնտեսական համագործակցութեան վեհաժողովին:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )