Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուր յայտնեց, որ Փերուի մէջ գումարուած Արաբական – լատին ամերիկեան տնտեսական վեհաժողովին ընթացքին Սուրիոյ դէմ պատժամիջոցներ պարտադրելու իմաստով ոչ մէկ ողջոյնի խօսք արձանագրուած է, այլ` պահանջուած է Սուրիոյ մէջ բռնարարքներուն կասեցումը:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Մարուան Շարպել «Ախպար»-ի հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ Սուրիոյ մէջ առեւանգուած լիբանանցիները ազատ արձակելու առումով թուրքերը ոչ մէկ խաբէութիւն կատարած են:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սելիմ Հըս կոչ ուղղեց վերստին արծարծելու լիբանանեան ջուրերուն վերեւ ջախջախուած եթովպիական օդանաւին մասին հետաքննութիւնը` առ ի յարգանք զոհերուն յիշատակին:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա Սէուտական Արաբիայէն վերադարձաւ Պէյրութ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անթուան Զահրա շեշտեց, որ իրենք կառչած կը մնան Լիբանանը փոքր ընտրաշրջաններու բաժնող ընտրական օրէնքին:

ԿԸ նախատեսուի, որ Սուրիոյ տագնապին լուծման առումով ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմի յառաջիկայ քանի մը օրերուն այցելէ Լիբանան, ուր հանդիպում մը պիտի ունենայ իշխանութեան պետերուն եւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի հետ:

ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Շաքիպ Քըրթպաուի կը հաստատէ, որ դատական իշխանութիւններուն վերաբերող նշանակումներուն շուրջ բանակցութիւնները կը շարունակուին:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը երէկ թռիչքներ եւ կեղծ յարձակումներ գործած է հարաւային Լիբանանի եւ յատկապէս Մազարեհ Շեպաայի վերեւ:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ Եուսեֆ Խալիլ կոչ ուղղեց որդեգրելու արդիական օրէնք մը, որ Լիբանանի մէջ կը վերահաստատէ հաւասարակշռութիւնը եւ կ՛իրականացնէ ճշգրիտ ներկայացուցչութիւնը:

ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ատեանին մէջ կառավարութեան ներկայացուցիչ, դատախազ Սաքըր Սաքըր Հասան Քարաքին ամբաստանեց լիբանանեան բանակի դերգնդապետ Ապպաս Ժումաան սպաննելու յանցանքով եւ անոր թղթածրարը փոխանցեց Զինուորական ատեանի աւագ քննիչ դատախազին:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան կողմէ երէկ հրապարակուեցաւ վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն, պենզինի թիթեղին սակը նուազած է 300 լ. ոսկիով, կարմիր մազութինը` 200 լ. ոսկիով, իսկ կանաչ մազութինը` 100 լ. ոսկիով:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ շեշտեց, որ ընտրական որեւէ օրէնքի որդեգրում կախեալ է Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի նախագահած պլոքէն:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնեց, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերը, որոնք կը չարչարուին ընտրական օրէնքի մը յանգելու նպատակով, ուշ կամ կանուխ պիտի վերադառնան 1960-ի ընտրական օրէնքին:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ յայտնեց, որ իրենք համամասնական դրութեամբ ընտրական օրէնքին համաձայն պիտի գտնուին միայն այն պարագային, երբ ան Ուղղափառ հանդիպումի օրէնքին կը վերաբերի:

ՊԷՅՐՈՒԹԻ հետազօտութիւններու եւ ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի նախագահ Ապտօ Սաատ շեշտեց, որ Լիբանանը 50 ընտրաշրջաններու բաժնող ընտրական օրէնքը քրիստոնեաներուն առիթ կու տայ միայն 18 երեսփոխան ընտրելու:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի շեշտեց, որ քաղաքական ներկայ դաշինքներուն լոյսին տակ ընտրական ոչ մէկ օրինագիծ կարելի է իրականացնել:

«ԼԻՈՒԱ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Նեժիպ Միքաթի Նիւ Եորքի մէջ հանդիպում մը ունեցած է Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմի հետ:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Ֆայեատ շեշտեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքը կը մերժէ համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնքը, որովհետեւ ան կը զգայ, թէ ինք պիտի տուժէ այդ օրէնքին պատճառով:

«ՍԱՖԻՐ» օրաթերթին համաձայն, Իրան պատրաստ է Լիբանանին 25 մեկաուաթ ելեկտրական հոսանք ձրիաբար տրամադրելու` Իրաքի եւ Սուրիոյ ճամբով, իսկ աւելի ուշ նաեւ 200 մեկաուաթ ելեկտրականութիւն մատակարարելու: 200 մեկաուաթին վճարման կարելիութիւնները այս հանգրուանին կը սերտուին:

ԸՍՏ «Ախպար» օրաթերթին, նախկին նախարար Էլիաս Սքաֆի եւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի միջեւ յարաբերութիւնները բարելաւուած են, եւ Զահլէի մէջ տիրող մթնոլորտը անոր ցուցանիշ է:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )