Ալի Եւ Ապու Սայիտ Կը Քննարկեն Սուրիոյ Տագնապը
Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալի երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Միջին Արեւելքի մէջ Մարդկային իրաւունքներու միջազգային կազմակերպութեան դեսպան Հայսամ Ապու Սայիտի հետ: Քննարկուեցան Միջին Արեւելքի, յատկապէս` Սուրիոյ զարգացումները:
Հանդիպումէն ետք Ալի յայտնեց, որ չկայ սպանդ մը, որ Իտլիպի մէջ գործուած է սուրիական վարչակարգին կողմէ:
Ալի յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ կատարուած իրադարձութիւնները կը միտին քանդել Սուրիան եւ պառակտել զայն` աւելցնելով, որ կատարուած պայթումները երկչոտ արարքներ են, որոնք նաեւ քստմնելի են:
Իր կարգին, Ապու Սայիտ հաստատեց, որ Իտլիպի սպանդին շուրջ բացուած հետաքննութիւնը ընթացքի մէջ է` աւելցնելով, որ Սուրիոյ տագնապին ուղղութեամբ քար լռութիւն կը տիրէ միջազգային քուլիսներուն ետին:
CATEGORIES Լիբանանեան


