Սենտիքայական Աշխատանքը Համակարգող Խորհուրդը 10 Հոկտեմբերին Գործադուլ Յայտարարեց

Սենտիքայական աշխատանքը համակարգող խորհուրդը  գումարելէ ետք իր նիստը յայտնեց, որ որոշուած է յառաջիկայ չորեքշաբթի,10 հոկտեմբերին ամբողջ Լիբանանի տարածքին գործող վարժարաններուն եւ համալսարաններուն մէջ դասադուլ կատարել, ինչպէս նաեւ բոլոր նախարարութիւններուն եւ ընդհանուր տնօրէնութիւններուն մէջ գործադուլ կատարել, մինչեւ որ կարելի ըլլայ բաց գործադուլ յայտարարել եւ դիմել մագլցողական քայլերու:

Սենտիքայական աշխատանքը համակարգող խորհուրդը նաեւ բողոքի ցոյցի մը հրաւիրեց չորեքշաբթի, 10 հոկտեմբերին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին: Բողոքի ցոյցը պիտի սկսի ԵՈՒՆԵՍՔՕ-էն եւ պիտի հասնի մինչեւ վարչապետարան:

Ցոյցին հրաւիրուած են հանգստեան կոչուած եւ պայմանագիր ստորագրած ուսուցիչները, ծնողները, ապահովական ուժերուն եւ ընկերային թէ սենտիքայական բոլոր միաւորներուն անդամները:

Խորհուրդը շեշտեց, որ կարելի չէ լուռ մնալ ու դիտել, թէ ինչպէ՛ս պատասխանատուներ իրենց խոստումը չեն յարգեր եւ կը թերանան պետական մարզի պաշտօնեաներուն եւ ուսուցիչներուն յաւելումները կատարելու իրենց խոստումներուն մէջ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )