ԲԱՑ ՆԱՄԱԿ ԷՐՏՈՂԱՆԻՆ

Թէեւ ծնած ես կանուխ, Էրտողան, բայց ինչո՞ւ կը մոռնաս,
Թէ հայրերդ դաժան, թուրան կամ օսման,
Սարքեցին նախճիր, ջարդեր ցեղասպան:
24 ապրիլ, տարելից կրկին,
Կը յիշենք անմեղ զոհերը միլիոն,
Կը յիշենք Տէր Զօր, Եփրատը կարմիր
Իսկ դուն, Էրտողան, ուրացման դեսպան,
Նահատակները կը ծաղրես դարձեալ,
Սուտեր կը հիւսես աշխարհին համայն,
Անմեղ երեւոյթ կը ստանաս յանկարծ, մարդկութեան դիմաց:
Արդեօք տեսա՞ր նահատակաց թոռները լուսածին,
Որոնք Այնթուրա գացին, մոմեր վառեցին
Հալիտէ Հանըմին սրտովը քարէ
հայ որբուկները թաղած անգթօրէն…
Արցունքները նահատակաց թոռներուն եւ ծոռներուն,
Դեռ չեն ցամքած, պարոն Էրտողան,
Հարցուր գոնէ դեսպաններուդ մերօրեայ,
Թէ ինչո՞ւ դեռ կու լան հայերն սփիւռքի,
Լիբանանէն մինչեւ ծայրերը աշխարհի…
Մի՛ ստեր, պարոն Էրտողան,
Կարսէն մինչեւ Արտահան, Մուշ ու Սասուն եւ Կիլիկիա
Պիտի սահին ոտքերուդ տակ,
Հողերն այդ հայապատկան
Իր տէրերուն պիտի դառնան:
Թէ դրացի ես, մի՛ չարանար,
Ընդունէ մեղքը հայրերուդ
Յայտարարէ ճակատաբաց, նախճիր ու ջարդ,
Աքսոր ու կողոպուտ կատարած է ցեղդ թուրք:
Բանաստեղծները մեր նահատակ արթուն են,
Արդարութիւն կը պահանջեն` ձայնակցութեամբ Հրանդ Տինքին:
Ա՛լ կը բաւէ դաւեր սարքես, Եւրոպայէն Ամերիկա,
Ոչ մէկ երկիր կը հաւատայ դրժումներուն օսմանական:

Կանուխ ծնած`, Էր Տողան:
Տարիները անցան, գացին
Զաւակները մեր հայածին ու նորածին,
Պիտի յիշեն ու միշտ յուշեն,
Մեծ մեղաւորն ես հայասպան,
Ուշ կամ կանուխ պիտի ծնրադրես
Դուն կամ յաջորդդ` ուշ ծնած,
Ծիծեռնակաբերդին անմար բոցին դիմաց…
Յայնժամ պիտի զովանայ այրած հոգիները մեր նահատակաց…

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

20 ապրիլ 2011

Share this Article
CATEGORIES