«ԴԻՒՐԻՆ ՉԷ, ԲԱՅՑ ԿԸ ՏՈԿԱ՛Մ, ՊԻՏԻ ՏՈԿԱ՜Մ: 40-ԷՆ ԵՏՔ 41-ՐԴ ԱԼ ԳՐՈՒԵՑԱՒ ԱՐԴԷՆ: ՄԻՆՉԵՒ ՀԱՐԻՒՐ ԹԻՒԻՆ ՀԱՍՆԻԼՍ ՊԻՏԻ ՏՈԿԱ՛Մ, ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԿԱՄՔՈՎ» «ԱԶԴԱԿ»ԻՆ Կ՛ԸՍԷ ԳԷՈՐԳ ԱԲԷԼԵԱՆ
Հայոց ցեղասպանութեան ականատես եղած, սակայն վերապրած, իրենց տեսած ու ապրած ահաւորութիւնը յառաջիկայ սերունդներուն փոխանցած մեր հարազատներուն պատմութիւնները շա՜տ ու շատ են, նաեւ շա՜տ ու շատ են տակաւին չբացայայտուածները, որոնք պատմուած են, սակայն չեն գրուած: Իւրաքանչիւր ընտանեկան ծառին հիմնական կոճղերէն մէկն է Հայոց ցեղասպանութիւնը, հոն կանգ առած է ամէն բան, քիչ անց կրկին շարունակուելու համար, իսկ շարունակութեան արմատին մէջ կայ պատմութիւնը վերապրումի` տանջանքով, չարչարանքով, տառապանքով եւ մեծ ցաւով ողողուած: Սպանդի կամ վերապրումի պատմութիւնները լոկ պատմութիւններ չեն, այլ անոնք պատգամ են ու կտակ` յառաջիկայ սերունդներուն:
Այս համոզումէն ու հաւատքէն մղուած է, որ «Ցկեանս նահատակութիւն» զոյգ հատորներու հեղինակ Գէորգ Աբէլեան, որ ցարդ 40 վերապրողի պատմութիւն հաւաքած, գրած ու ամփոփած է իր երկու հատորներուն մէջ (երկրորդ գիրքը «Աղբարի՜կ, ափիկ մը ջո՜ւր» խորագիրով), կը հաստատէ, որ փնտռտուքները պիտի շարունակէ, որպէսզի Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին արդէն պատմութիւններուն թիւը 100-ի հասած ըլլայ:
Դէմքը կը խոժորի, ձայնին մէջ յուզումը տիրական կը դառնայ, արցունքները կը հոսին այտերն ի վար, սակայն կը շարունակէ պատմել, պատմել 40 պատմութիւններու հերոսներէն ոեւէ մէկուն մասին այնպէս, կարծէք իր հօր կամ մօր պատմութիւնը ըլլայ: Ամենայն մանրամասնութեամբ կը յիշէ ամէն ինչ, ամէնէն դոյզն տեղեկութիւնն անգամ դրոշմուած է իր էութեան մէջ, առանց ոեւէ արձանագրութեան` կը խօսի բոլորին մասին, չի մոռնար ոեւէ մէկուն անունը, մէկը միւսին հետ չի շփոթեր, որովհետեւ անոնցմէ իւրաքանչիւրը նախ մուտք գործած է իր մտքին ու սրտին մէջ, ապա արտադրուած ու յանձնուած է թուղթին: Իւրաքանչիւր անգամ, տարբեր առիթներով, տարբեր միջավայրերու մէջ, դասախօսութեան, շնորհահանդէսի թէ հարցազրոյցի ընթացքին նոյն հոգեվիճակը կ՛ապրի Գ. Աբէլեան, կարծէք` կը վերապրի իւրաքանչիւրին տառապանքը, ցաւը: Տակաւին կան իսլամացած հայերը, որոնց հետ հանդիպողներուն առաջիններէն եղած է ինք, զգացած է անոնց անորոշութենէն բխող արհաւիրքը, հայկական արեան գոյութիւնը կը պնդեն անոնք, սակայն հայերէն չեն գիտեր, իբրեւ քիւրտեր կ՛ապրին, իսկ աւելի ուշ ի՞նչ պիտի ըլլան անոնք, անոնց կողմը նայող պիտի ըլլա՞յ, բարձրաստիճան մակարդակներու վրայ անոնց մասին պիտի մտածո՞ւի… Այս եւս տագնապ է Գէորգ Աբէլեանին համար, որովհետեւ իր այցելութեամբ եւ անոր յաջորդող հեռաձայնային մնայուն կապերով ինք յայտարարուած է այդ ցեղախումբին իսկապէս հայ հարազատը եւ կարծէք ճիտի պարտք կը նկատէ անոնց «դատին» հետապնդումը:
Ներկայ դարու մարտահրաւէրները եւ անոնց դէմ պայքարելու անկարող անձերու ապրելակերպը ցաւ կը պատճառեն Գ. Աբէլեանին, կը բարկանայ ան, կ՛ընդվզի, վերապրումի պատմութիւններու ահաւորութեան եւ ներկայ սերունդին անտարբերութեան հակասութիւնը կը զգացուի անոր դէմքին վրայ ու խօսելաոճին մէջ: Բայց եւ այնպէս չի յուսահատիր, հաւատք ունի, որ կան կտակը պահողներ, կան ջահը վառ պահողներ, կան յոյս ներշնչողներ…
Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրողներու պատմութիւնները հաւաքող անպաշտօն դեսպանը վճռական է շարունակելու իր երթը, աշխատանքը, նաեւ` իր գիրքերը թարգմանելու տարբեր լեզուներու, որոնց կարգին` թրքերէնի, որպէսզի այդ պատմութիւնները նաեւ դառնան սեփականութիւնը համայն աշխարհին ու թուրք նոր սերունդներուն:
Այս բոլորին մասին խօսեցաւ Գէորգ Աբէլեան «Ազդակ»ի հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին, որուն ամբողջութիւնը կը ներկայացնենք ստորեւ:
Ն. Բ.
«ԱԶԴԱԿ».- Իւրաքանչիւր հայ ունի իր ընտանիքին պատմութիւնը` Հայոց ցեղասպանութեան եւ անկէ վերապրումի առնչուած: Իւրաքանչիւրը իր մեծ ծնողներէն լսած է պատմութիւնը, յուզուած, ազդուած եւ զայն պահած է իբրեւ ընտանիքին արմատներուն առնչուող հիմնական օղակ: Իւրաքանչիւր հայ երբեմն նոյնիսկ մէկ պատմութիւն ընկալելու եւ զայն վերյիշելու դժուարութիւն կ՛ունենայ, արցունքներն ու յուզումը կը խեղդեն զինք: Գէորգ Աբէլեանը լսած է, գրած է իր ընտանեկան պատմութիւնը, սակայն չէ բաւարարուած, լսած ու գրած է նաեւ 40 այլ պատմութիւններ. ինչպէ՞ս կրցած է այսքան ցաւ, տառապանք, ցկեանս նահատակութիւն ընկալել ան, համախմբել, գրել այդ մասին:
ԳԷՈՐԳ ԱԲԷԼԵԱՆ.- Ընկալելը իսկապէս հարց է: Յաճախ մարդիկ կը դժուարանան իրենց հարազատին պատմութիւնը պատմել: Ենթակաները, երբեմն երկար ատեն, իրենք չեն պատմած իրենց գլխէն անցածները, ինչպէս Ժոզեֆ Պասմաճեանը, օրինակ: Ես կ’ընկալե՜մ, թերեւս վարժուեցայ: Բայց տակաւին յաճախ աչքերս կը լեցուին: Յիշեմ մէկ¬երկու օրինակ. «Իմ Գէորգը չէ՞» պատմութիւնը երբ լսեցի, աչքերս շատ լեցուեցան: Կինս կողքիս էր. անոր ալ աչքերը լեցուած էին: Իսկ Զարուհի Պօշնագեան երբ իր հօր ոդիսականը պատմեց, «Աղբարի՜կ, ափիկ մը ջո՜ւր», դարձեալ աչքերս, յորդելու աստիճան, լեցուեցան: Որքա՜ն ցնցիչ բան էր այդ ողբերգութիւնը: Հոն, տեղւոյն վրայ որոշեցի պատրաստուող հատորին վերնագիրը դարձնել այդ մէկ հատիկ արտայայտութիւնը: Մովսէս Թիրաքեանի պատմութիւնը երբ իր զաւկէն լսեցի, շատ սովորական էր, այսինքն գրեթէ «սովորական»: Բայց երբ աղջիկը` Սաատիէն պատմեց, այդ արդէն ուրի՜շ էր: Մանաւանդ Սաատիէի հետ մեր հանդիպումը չեմ կրնար ըսել, թէ որքա՜ն յուզիչ էր: Դեռ, Ռաս ուլ Այնի մէջ, երեկոյեան, Միհրան Հեքիմեան¬Մահմուտի չորս թոռնուհիներուն (հայկական անուշիկ անուններով) պատկերը, մէկ շարքով նստած իրենց հօրեղբօր մոթոսիքլեթին վրայ, հաւանաբար հո՛ն, ուր կոյս աղջիկներ բռնաբարուած կամ յօշոտուած էին ժամանակին, ահագին ճնշում պատճառեց ինծի: Իրենք շատ ուրախ էին…
Դիւրին չէ, բայց կը տոկա՛մ, պիտի տոկա՜մ: 40-էն ետք 41¬րդն ալ գրուեցաւ արդէն: Մինչեւ 100 թիւին հասնիլս պիտի տոկա՛մ, Աստուծոյ կամքով:
Գաղտնիք մըն ալ ըսեմ քեզի: Յաճախ, օրական գէթ մէկ անգամ, «Հայր մեր»ը կրկնելու պէս, ես ինծի կ’արտասանեմ Թումանեանի «Սուտլիկ որսկանը»… Այս շրջանին Ձիւնականին յորդառատութիւնը, թերեւս պէտք է այս կացութեան վերագրել, թերե՛ւս…
«Ա.».- Եթէ մէկ նախադասութեամբ ուզենք բանաձեւել այն զգացումը, որ կ՛ապրիք իւրաքանչիւր պատմութիւնը լսելէ ետք, ի՞նչ կրնայ ըլլալ այդ նախադասութիւնը:
Գ. Ա.- Միակ նախադասութիւն կ’ուզես ինձմէ… Չունիմ, չեմ գտներ, գէթ` այս պահուս…
«Ա.».- Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող շատ լուսանկարներ կան. դուք բնականաբար տեսած էք զանոնք, արդեօք օր մը երեւակայա՞ծ էք, որ հոն եղող մանուկներուն պատմութիւնը հանրութեան փոխանցողներէն պիտի ըլլաք: Ի՞նչ զգացումով կը համակուիք, երբ այս ուղղութեամբ մտածէք:
Գ. Ա.- Նկարները դիտելը դիւրին բան է թերեւս, բայց երբ նայիս հոն նստողներուն կամ կայնածներուն աչքերուն, շատ հեռուները կը տարուիս: Ի՞նչ եղան այդ լաճերը, տոկացի՞ն, ո՞ւր գացին, յաջողեցա՞ն, «մարդ եղա՞ն»… Չեմ ուզեր աւելին ըսել: Բայց ըսեմ, որ ժամանակին բնաւ մտածած չէի, որ այս դերիս մէջ պիտի գտնուէի…
«Ա».- Պահ մը երեւակայեցէք, որ Տէր Զօրի անապատներուն մէջ ենք, կը քալեն Ցեղասպանութենէն ճողոպրածները, կ՛իյնան ու կրկին ոտքի կը կանգնին, որպէսզի վերապրինք մենք: Այդ պատկերին դիմաց ի՞նչ կ՛ըսէ այդ պատկերներուն մասին բազմիցս լսած Գէորգ Աբէլեանը:
Գ. Ա.- Տէր Զօրի անապատ ըսել կամ նոյնիսկ այցելելը դիւրին է, բայց… Ես երկու անգամ Տէր Զօր եւ Մարկատէ այցելած եմ ուխտաւորներու մեծ խումբի հետ: Յուզում կար, բայց երբ 2009¬ի մայիսին չորս հոգիով Գամիշլի եւ յետոյ Ռաս ուլ Այն գացի, շատ հանգստաւէտ ինքնաշարժով, շատ տարբեր զգացում ունեցայ: Մենք մեր հանգստաւէտ ինքնաշարժին մէջն էինք եւ յոգնութիւն կը զգայինք: Մերթ ես, մերթ կինս կամ ընկերակիցներս նոյն մտածումը կ’ունենայինք` հապա՞ քալողները, գրեթէ մէկ դար առաջ, անօթի¬ծարաւ, բոպիկ, հիւանդ, ինչպէ՛ս կը քալէին այդ անաստուած տարածութեանց վրայ:
Վերադարձի ճամբուն վրայ, ճամբուն երկու կողմերուն վրայ, հեռու թէ մօտիկ դիրքերու վրայ աւազի ոլորապտոյտ սիւներ կը բարձրանային, ապա կը մարէին: Այդ ոլորապտոյտին մէջ աւազը խարտոցի կամ աւազաթուղթի պէս կը հարուածէ, կը խարտոցէ մարդոց դէմքերն ու մարմինները: Հապա՞ աւազը, որ կը լեցուէր մարդոց աչքերուն, ականջներուն եւ ուտելիքին մէջ… Չէ՛, անաստուածութի՞ւն էին այդ բոլորը… Թէեւ, ի՜նչ մեղքս պահեմ, ըսեմ, որ այդ աւազասիւները հորիզոնին վրայ իսկապէս գեղեցիկ էին… բայց անոնց մէջէն քալելը սանդարամետին մէջէն քալել կը նշանակէ…
«Ա».- Մեր նահատակներուն կտակը պահելու համար ամէն ինչ ըրաւ այն սերունդը, որ ամէնէն վատ պայմաններուն մէջ ամէնէն ուժեղ կորովով կառչեցաւ իր ինքնութեան, որպէսզի տասնեակ տարիներ ետք տակաւին մենք հայ մնանք: Կտակին ճակատագիրը ի՞նչ է այսօր, իսկ վաղուան համար ի՞նչ կը կարծէք, որ պիտի ըլլայ:
Գ. Ա.- Կտա՞կ… այո՜ո՜ո՜: Երանի թէ այս հարցումը չուղղէիր, բայց պիտի ջանամ պատասխանել… Հիները եկա՜ն ու անցա՛ն: Անոնք տակաւին կը գտնուէին ահաւոր ցնցումին ազդեցութեան տակ. ջարդ, սիրելիներու կորուստ, որբութեան ահաւոր անարգանք, արաբացումէ կամ քրտացումէ վերադարձ: Այդ եւ յաջորդող սերունդները իրենց լաւագոյնը ըրին: Կարկտան հագուստներով, կէս կուշտ կէս անօթի, կառուցեցին դպրոց, եկեղեցի, ակումբ եւ այլն: Առաջին տուները թերեւս շուներու տնակներէն աւելին չէին: Բայց կառուցեցին թաղեր, փողոցներ… Փարեցան իրենց հաւատքին, իրենց ցեղային յատկութեանց, նոյնիսկ եթէ հայերէն չէին խօսեր ու կը խօսէին զիրենք ջարդողի՛ն լեզուն, բարձր կը պահէին ազգի արժանապատուութիւնը: Եկեղեցիները` տախտակաշէն կամ թիթեղաշէն, լեցուն էին ժողովուրդով եւ հաւատքով: Դպրոցները «Արարատի գագաթին» հասնելու երազը կը ներարկէին աշակերտներուն… ակումբներուն մէջ կեանքը կ՛եռար: Մարդիկ կ’ապրէին իրենց կորուսեալ «դրախտ»ներուն երազանքովը. ետդարձին կը հաւատային… Յաճախ գլուխ կը պատռէին հիները` ի խնդիր Հայաստանին եւ հայրենիքին, բայց կը հաւատային «Ցեղին ձայն»ին…
Հինը չմնաց. եկան նոր ժամանակներ. քայլ պահեցինք նորութեանց պահանջներուն հետ: Չէինք կրնար քայլ չպահել. արման շաթրի՜ն (հայերը ճարպիկ են,- Ա.) … Բնական է այդ: Ժամանակի ընթացքին լեզուն մաքրուեցաւ (մասամբ` շնորհիւ Ատիս, Անթոսեան կամ Գաթրճեան երգիչներուն): Եկեղեցիները եղան քարաշէն կամ պեթոնով ամուր կառոյցներ… Դպրոցներն ալ «մարդավայել» եղան, լուսաւոր եւ նոյնիսկ` փայլուն: Եկան ու անցան տասնամեակներ… Շատ լաւ քայլ պահեցին մնացողները (շատեր գաղթեցին յանուն ապահովութեան, յանուն զաւակներու ապագային): Շատ կը խօսինք նիւթական տագնապներու մասին, բայց այլեւս կուշտ ենք, հակառակ ամէն բանի… Հիմի հինը չի՜… Փակագիծի մէջ մէջբերենք Յ. Պարոնեանը. այս մարդը ըսած է` «Ես մէկը կը ճանչնամ, որ առաջ միայն հաց ու պանիր կ’ուտէր եւ ամէն օր ազգի հարցերուն մասին կը խօսէր: Այսօր հորթի միս կ’ուտէ եւ ազգին մասին խօսողները կը մեղադրէ»: Ես չակերտները փակեցի դուք ալ փակագիծը գոցեցէք:
Նիւթական հարստութիւնը, գիտական հսկայ նուաճումները մեր ալ վրայ ազդած են այսօր: Հորթի միս կ’ուտենք կամ կո՜ւշտ ենք… շատեր կը հեռանան ազգէն եւ ազգայինէն…
Կտակը վերածուած է փերուշան , անաստուա՛ծ կատակի՜…
Անշուշտ` պատի՛ւ մեծ թիւով հայորդիներու, որոնք կը տոկան, կտակն ալ կը փոխանցեն կամ կը ջանան փոխանցել: Շա՜տ ու շա՛տ ապրին… բայց ո՞ր հայն է աւելի գերակշիռ. տոկացո՞ղը, թէ՞ տոկացողին վրայ խնդացողը…
Հոս` Լիբանանի մէջ, ո՞ւր աւելի մեծ է հայ նորահաս հայորդիներուն թիւը` հա՞յ, թէ՞ օտար դպրոցներու մէջ:
Ունինք հսկայ եւ փարթամ եկեղեցիներ, որոնք թափուր կը մնան: Պսակ, թաղում եւ հոգեհագիստ, այս առիթներով խուռներամ ներկայութիւն կ’արձանգրուի այդ կառոյցներուն մէջ: Անշուշտ ոմանց համար անտանելի եւ պարտադիր արգելափակում է այդ պահը, որ կարելի չէ մէկդի դնել, քոքթէյլներուն կամ լահմաճունի փարթիներուն ընթացքին սեւերես չմնալու համար… Կարգ մը պատշաճութի՜ւններ կան, որոնք կարելի չէ անտեսել… Երբ չկան այդ բոլոր առիթները, քանի մը ծերունիներ լա՜յն ու ազա՛տ կը բազմին նստարաններուն վրայ:
Հայութիւնը համայնավարական երկար ձմրան անցնելուն կը սպասէր: Անցաւ «սոցիալիզմ»ի երջանկութեան ահաւոր դարաշրջանը, եւ հայութիւնը իրագործեց իր երա՜զը` անկախացաւ… Բայց այն, ինչ որ կը հրամցուի մեզի մեր հայրենիքին մէջ, որքանո՞վ հարազատ կտակ է, ձեր ցաւը տանե՜մ ես…
Երբ մէկ կողմէ արտագաղթը, միւս կողմէ` օտարամոլութիւնը կը հիւծեն մեր երկիրը, ի՛նչ կտակ:
Երբ Հայաստանի գրողներու միութեան տան շէնքին մէկ մասը վարձու տրուած է ճամբորդական գրասենեակի մը, որ ոգի ի բռին կը ջանայ հայորդիներուն երջանկութիւն, ճոխութիւն եւ ապահովութիւն «վաճառել» օտար ափերու վրայ, ի՜նչ կտակ: Խե՜ղճ Շիրազ. կը պատգամէր բռունցքի պէս սեղմուիլ, իսկ այսօր կը տարտղնուի հայը, ցա՛ւը տանեմ…
Երբ հայուհիներ իրենց «հայի աչեր»ով կը գերեն քսակները սեռային մոլուցքէ հրատոչոր օտարին, նաեւ` թուրքին, ի՜նչ կտակ…
Թող ներուի ինծի. երկու օր առաջ համացանցի վրայ կարդացածս տակնուվրայ ըրած է զիս. եթէ զայրոյթ կարդաք, մի՛ մեղադրէք զիս… Թուրքիոյ մէջ հայ կին մը, թէեւ շա՜տ-շա՜տ են ասոնք, բայց այս մէկը ուրի՜շ է… Հայաստանէն մեկնած է հոն. Տրապիզոնի մէջ, եթէ չսխալիմ (թրքական ազգայնամոլութեան որջը), կինը թուրքի հետ ամուսնացած է (ի՜նչ վնաս). նոյնիսկ այդ մէկը այլեւս ցնցում չի պատճառեր մեզի. վարժուեցանք, էլի՜: Բայց այդ հայանուն կնոջ պիզնեսն է, որ չի կրնար ներուիլ: Այդ անիծեալ հայահրէշուհին, ու չեմ գիտեր տակաւին ի՞նչ որակում տալ, ասպարէզ դարձուցած է Հայաստանէն հայ պարմանուհիներ ներածել Թուրքիա եւ նետել թուրք սեռամոլներու գիրկերը… Ի՛նչ ըսել, ո՜ւր դնել հայու երեսը…
Երէկ հայուհիներ իրենք զիրենք Եփրատի կամ Խապուրի մէջ կը նետէին արժանապատուութեան սիրոյն: Թուրք ջոլիրին «սիրոյն» յանձնուիլը կրնար մեռնելէ փրկուիլ նշանակել, բայց այսօր, վասն սրբազնագո՜յն պիզնեսի, հայ պարմանուհիները բոզութեան անաստուած գիրկը նետել… Ի՜նչ կտակ…
Ահաւոր կատակ է այս բոլորը, ողբերգութի՜ւն թերեւս:
Կտա՞կ, ի՛նչ կտակ, երբ թեմի մը առաջնորդը մեր հայրենիքին մէջ միմիայն քառորդ միլիոն տոլար արժող իր սեփական ինքնաշարժով «կը հովվէ» իր կիսաքաղց ծուխի անդամները: Այդպիսի ինքնաշարժ մը` «Պենթլի», Փարիզի կամ Լաս Վեկասի մէջ իսկ մատով ցոյց կրնայ տրուիլ… Խիպ չունի՞ Քրիստոսի այս քիչ մը շատ շփացած ծառան…
Մենք է, որ թուրքին կէս ձգածը մենք է որ կ’ամբողջացնենք, երբ երես կը դարձնենք մեր լեզուին (Սուրիոյ անապատին մէջէն անցած ատենս, չեմ գիտեր , հաւանաբար անցայ այն վայրերէն, ուր հայ մամիկներ աւազին վրայ այբուբեն կը սորվեցնէին իրենց տկլոր ու կիսամեռ մանուկներուն կամ թոռներուն…): Մաշտոցեան ոսկեղինիկը բեռ է այլեւս, անտանելիօրէն «ղապա» բան է մեր լուսաւորեա՜լ ծնողներուն համար… Արման շաթրի՜ն, դպրոց կը գոցենք մենք… Ի՛նչ կտակ…
Հայկական անունները այնքան ծանր կը հնչեն մեր նրբականջ հայրերուն եւ մայրերուն համար… Կտա՜կ եղեր…
Այսօր ամէն կողմ, հայ երիտասարդ¬երիտասարդուհիներ, յօժարակամ, ամենա՛յն սիրով, կ’ամուսնանան օտարի հետ… Ո՞վ ի՜նչ կրնայ ըսել… That’s my life (ասիկա իմ կեանքս է, – Ա.): Կային ժամանակներ, երբ ատանացին այնթապցիին, սսեցին քեսապցիին ո՛չ աղջիկ կու տար, ոչ ալ աղջիկ կ’առնէր անկէ: Կը փնտռէին քաղաքի հարց.եթէ հալէպցի էր, եթէ ժիւնիէցի, եթէ համրացի էր, եթէ էշրեֆիեցի…
Լուսաւորչականութիւնը, կաթոլիկութիւնը կամ բողոքականութիւնը քանի՜¬քանի ընտանիքներու կազմութիւնը խանգարած են, ի սպառ արգիլած: Հիմի հինը չի…
Այլեւս կարելի է կարգուիլ ոչ միայն ատանացիին կամ քեսապցիին հետ, այլ նաեւ` փաքիստացիին, պենկլատեշցիին, ֆիլիփինցիին, պրահմանիին, շինթոյիսթին կամ սոմալցիին
(ասոնք մարդ չե՞ն):
Ամուսնութիւնը ամուսնութիւն է կ’ըսուի. հարազատներուն սուգի սեւ հագցնելու գնով իրենք իրենց քէֆին ետեւէն կ’իյնան հայոց նորահաս սերունդի ներկայացուցիչներ: Հսկայական խրախճանքներ կը սարքեն… Ի՜նչ կտակ:
Կը նահանջենք, ո՛չ չենք նահանջեր, կը հալինք ու կ’երթանք պարահանդէսներով, ծափ ու ծիծաղով, պարով ու երգով, երգո՜վ: Ի՜նչ կտակ :
Մէկ ամիս չանցած` հարազատներէս մին երբեմնի տիպար հայ աշակերտ, տիպար համազգայնական, ՀՄԸՄ¬ական հարազատներէս մին, կ’ամուսնանայ ասիացի այլազգ գեղեցկուհիի մը հետ: Ես կը պեղեմ անցեալի «տետրակ»ները կորսուածներուն հետքերը գտնելու համար: Ինք ալ «աւարտելու» վրայ է իմ հակաթեզը… Ի՛նչ կտակ, սիրելի ընթերցողներ…
Այո՛, կտակին հաւատարիմ խենթեր կան տակաւին, բայց սադայէլական կատակը կը խեղդէ մեզ, կը խեղդէ՜…
Այս հարցումով դպա՜ր ջիղերուս, բայց ի՛նչ վնաս: Չվախնա՜ս, պիտի տոկամ ես ու շարունակեմ գործը. 41¬ը պիտի հասցնեմ 100¬ի, եթէ Աստուած ուժ եւ առողջութիւն տայ:
«Ա.».- Ձեր մօտ միշտ ալ նկատելի եղած է հաւատքը, որ նաեւ լաւագոյնս կը դրսեւորուի ձեր գործերուն ու տարած աշխատանքին ընդմէջէն: Վերեւ յիշած ձեր բոլոր իրականութիւններուն գոյութիւնը ժխտել չկարենալով հանդերձ, արդեօք չէ՞ք կարծեր, որ նաեւ կայ միւս երեսը, կան կտակը իբրեւ սրբութիւն պահող հայ ընտանիքները, հայ երիտասարդները:
Գ. Ա.- Այո՛, կա՜ն ու կա՛ն: Կը հաւատամ, որ նահատակներուն կտակը չի կրնար թաղուիլ կամ չքանալ, նոյնիսկ եթէ ոմանք չեն լսեր զայն (կամ այդպէս կը ձեւացնեն):
Շատ բան կայ խօսելիք կամ ըսելիք: Պիտի փորձեմ միտքս բացատրել քանի մը օրինակներով.
20¬րդ դարը կը յորջորջուէր լուսաւո՜ր, զարգացա՜ծ: Եւ այդ դարը յատկանշուեցաւ համայնավար վարդապետութեան կիրարկումով, ինչ որ շատ մեծ դեր խաղաց մեր իրականութեան մէջ: Մեր էութիւնը, ինքնութիւնը ժխտելու չափ յառաջ գացին այդ վարդապետութեան հայանուն ասպետները, յատկապէս մինչեւ 1956 թուական: Ամէն ինչ, որ հայկական էր, հալածանքի ենթարկուեցաւ` եկեղեցի, պատմութիւն, մշակոյթ, գրականութիւն, ազգային գիտակցութիւն եւ այլն:
Եկեղեցիները փակուեցան, վերածուեցան գոմի, մառանի կամ մթերանոցի: Այսօր, փառք Աստուծոյ, ոչ միայն հին տաճարները կը վերադառնան իրենց բուն առաքելութեան, այլ նաեւ նորերը կը կառուցուին հայրենիքին մէջ:
Եկեղեցւոյ պետը պետական այրերուն ընկերակիցը դարձած է նոյնիսկ: Մեծ թէ փոքր արարողութիւններ կը սկսին եկեղեցական օրհնութեամբ: Ի՞նչ կ’ըլլան արդեօք ոսկորները անաստուածութեան կարմիր ասպետներուն, իրենց գերեզմաններուն մէջ:
Աթէիստութեան (անաստուածութեան) ասպետները անդենականին մէջ ի՞նչ վիճակի են արդեօք: Մեր ազգը որքա՜ն ծանր տուրք վճարած է այդ անմարդկային վարդապետութեան` կեանքով, դրամով եւ արժանապատուութեամբ: Այսօր գէթ մասամբ, Աստուած վերագտած է իր տեղը մեր հայրենիքին մէջ:
Ազգային դէմքեր, արժէքներ, որոնց անունները բերան առնելն իսկ մահացու մեղք կրնար համարուիլ, այսօր, հայրենիքին մէջ իրենց պատուանդաններուն վրայ կը կանգնին: Ամէն բան այնքան ալ կատարեալ չէ տակաւին, բայց եւ այնպէս ստացուածը սքանչելի բան է: Երբեմնի քաղաքական կուսակցութիւնները, որոնք ի սպառ արտաքսուած էին հայրենիքէն, դարձեալ հոն են, իրենց հարազատ բոյնին մէջ:
Մեր դարաւոր պատմութիւնը, որ կարմիր կամ լենինեան մեկնաբանութեանց շնորհիւ կը պարպուէր իր էութենէն, այսօր կը վերագտնէ իր առողջութիւնը: Չքացած են այդ այլանդակ պատգամախօսներուն այնքան սնոտի ճամարտակութիւնները:
Խորհրդայիններուն ծանրածանր տուրք վճարած են ոչ միայն մեր հայրենի եղբայր¬քոյրերը, այլ նաեւ սփիւռքը վճարած է անտանելի գին: Եղբայրասպանութիւններ, անտեղի վէճեր, նիւթական եւ բարոյական մսխումներ. ասոնք եւս չքացած են այսօր:
Հայ մարդը այսօր, երբ սփիւռքի մէջ կը վարէ բնականոն կեանք, ընդհանրապէս, եթէ ոչ ճոխ, գէթ ընդունելի կամ բարեկեցիկ, երբ առիթը ներկայանայ, ձեռք կ’երկարէ իր հայրենիքին: «Մէկ ազգ մէկ, հայրենիք» կարգախօսը, նոյնիսկ եթէ այքան ալ իրագործելի չէ, տակաւին ազնիւ բան է: Կտակին ազնուագոյն դրսեւորումն է սա:
Յաճախ կը տեսնենք պատանիներ եւ երիտասարդներ, որոնք ցոյցի կ՛ելլեն պատգամելու համար, որ պէտք չէ գնել թուրքի արտադրութիւն: Առեւտրական եւ իրապաշտութեան առումով թերեւս այդ ծիծաղելի թուի շատերու, բայց եւ այնպէս կտակին արձագանգն է այդ արարքը:
Հեռաւոր Միացեալ Նահանգներու կամ Քանատայի մէջ, ուր կարելի է շատ լաւ ապրիլ առանց հայութեան կամ Հայաստանի, տարբեր սերունդերու մարդիկ ցոյցի կ’ելլեն Հայ դատ պաշտպանելու, Հայաստանի սիրոյն: Երիտասարդներ, օտարութեան մէջ ծնած եւ հասակ առած, յաճախ նոյնիսկ իրենց լեզուին անգիտակ, տակաւին կ’անսան կտակին պատգամին…
Սփիւռքի մէջ, հակառակ անբարենպաստ ու հետզհետէ դժուարացող պայմաններուն, կը շարունակենք աղօթել, ապրիլ եւ յարատեւել հայօրէն:
Աւելի՛ն ալ կայ դեռ: Այսօր այլեւս սկսած են ձայն բարձրացնել Թուրքիոյ տարածքին վրայ սփռուած «ծածուկ» հայորդիներ, որոնք գրեթէ մէկ դարու պարտադիր լռութենէ ետք, ահաւասիկ արմատներուն վերադառնալու ճիգ կ’ընեն գոնէ: Իրենց պապերուն կորսնցուցածը վերագտնելու ճիգը որքան ազնիւ եւ արի գործ է: Երբ մզկիթ կ’երթան «Հայր մեր» աղօթելու համար…
Ինծի համար որքան խօսուն է այն, որ իմ տեսած ու ճանչցած քիւրտ կամ պետեւի մարդիկը, այսօր ճիգ կը թափեն գոնէ իրենց արմատներուն ծանօթանալու: Հեռաւոր Ճեզիրէ նահանգին մէջ մարդիկ ցեղախումբ կազմած են, հայկակա՛ն ցեղախումբ, փոյթ չէ՛, թէ իսլամական: Այսպիսի բան ո՞վ կրնար երեւակայել: Այս երեւոյթը մեր դէմ ծառացած անտարբերութեան, անհոգութեան դիմաց որոշ յոյս կը ներշնչէ: Այդ մարդոց իրենց արմատներուն վերադարձը, հազար ու մէկ պատճառով, այնքան ալ դիւրին չէ, բայց երբ կը ձգտին գոնէ հայկական անուններով կոչել նորագոյն սերունդի անդամներէն ոմանք, ուրեմն ատիկա մեր կտակին ամրապնդումը կ’ենթադրէ:
Սաատիէ Ապտ էլ Ռաման քրտուհին, կը գրկէ զիս ու կը գոչէ` «Մենք հարազատներ ենք, արենակիցնե՜ր»: Խոր անկեղծութիւն կար այդ յայտարարութեան մէջ: Ինք պիտի չկարենա՜յ դառնալ իր մեծ հօր լեզուին, կրօնին եւ ազգութեան: Բայց գէթ իմ մէջս կ’ամրապնդէ հաւատս ու սէրս` ազգիս հանդէպ:
Նոյն Սաատիէի դուստրը` բժշկուհի Պիլինտան, որ այնքա՜ն քաղցրութեամբ զիս քեռի, խալօ, կը կոչէ ու հարազատ քրոջ մը դուստրին պէս ջերմագին կը գրկէ ու կը համբուրէ, որքա՜ն կ՛ամրապնդէ զիս որպէս հայ… Իր պապերուն արեան ձայնն է այդ, որ օրուան թոհուբոհին մէջ չի լսուիր թերեւս, բայց այդ ձայնը իր արեան էութիւնն է… Ըսել կ՛ուզեմ ԿՏԱԿը նաեւ իր արեան մէջն է…
Սեւ ու սպիտակ, մութ ու լոյս, տխուր թէ ուրախ երեւոյթներ եւ իրականութիւններ` այս բոլորը պէտք է հաշուի առնել: Նժարը յաճախ այս կամ այն կողմ կրնայ թեքիլ: Կեանք է: Երբ պահենք հաւատքը, կարծեմ կարելի կ’ըլլայ ո՛չ միայն վառ պահել կտակը, այլ նաեւ, ուշ թէ կանուխ, զայն գործադրուած, կիրարկուած տեսնել:
Անձամբ կը հաւատամ այդ կտակին, հակառակ ամէն բանի: Ատոր համար ալ իմ համեստ լուման, փնտռտուքներու ճամբով, կը ջանամ նետել Հայ դատի «գանձանակին» մէջ: Կրկնեմ, 41 պատմութիւնները 100¬ի հասցնելը իմ գոյութեան նպատակակէտներէն հիմնականին վերածած եմ այլեւս: Աստուած ըլլայ ինձ թիկունք ու օգնական:
«Ա».- Իբրեւ եզրափակիչ խօսք` վկայակոչենք ձեր գիրքերուն հերոսներէն մէկը ու անկէ բխած պատգամ փոխանցեցէք մեր ընթերցողներուն` Հայոց ցեղասպանութեան 96-ամեակին առիթով:
Գ. Ա.- Հերոսներէն մէկուն բերնով պատգա՞մ կ’ուզես: Սիրո՜վ:
Այս հերոսուհիիս մեծ հայրն ու մայրը բազմած են երկրորդ հատորիս էջերուն վրայ: Ինք արաբերէն հատորին պիտի հասնի… Սաատիէ` Թիրաքեանի դստեր աղջիկը, երիտասարդ բժշկուհի Պիլինտա, որուն հանդիպեցայ երկու ամիս առաջ միայն: Չքնաղ ըսելու չափ գեղեցիկ աղջիկ է. ինչպէս ըսի` բժշկուհի: «Աղբարի՜կ, ափիկ մը ջո՜ւր» հայերէն հատորս ցոյց տուի անոր: Ցոյց տուի Մովսէս Թիրաքեանի եւ իր մօր` Սաատիէի նկարները: Ուրախացաւ: Թերթատեց իրեն համար անիմանալի գիրքը: Քիչ առաջուան ժպիտը հետզհետէ չքացաւ: Աչքերուն մէջ արցունքի տամկութիւն կարդացի ես. Պիլինտա բժշկուհի իր եւ իր նախնիներուն ամբողջ ողբերգութիւնը հետեւեալ քանի մը բառերով բնորոշեց. «Ափսոս չէ՞, ես իմ հարազատ լեզուէն բառ մ’իսկ չեմ կրնար կարդալ…»:
Պիտի մաղթէի, որ այս խօսքը որպէս պատգամ ընկալուէր եւ շա՜տ ու շա՛տ ուրիշ հայորդիներ, ամէն կողմ, ծագէ ի ծագ աշխարհը նուաճա՜ծ, այդ ափսոսանքը աւաղելու կարիք բնա՜ւ չունենան:
Բարի երթ «Ազդակ»ին, որ հիներուն կտակին պի՛նդ փարած հաստատութիւն է…
Հարցազրոյցը վարեց`
ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ