ԱՒԱԳ ՈՒՐԲԱԹԻ ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ԹԱՂՄԱՆ ԿԱՐԳ` Ս. ՓՐԿԻՉԻ ՄԷՋ

Յիսուս Քրիստոսի Թաղման կարգի հոգեւոր աւանդութեանց արարողութեանց ծիրին մէջ, երէկ` ուրբաթ, 22 ապրիլի յետմիջօրէի ժամը 4:30-էն սկսեալ, Պուրճ Համուտի Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ ժամերգութիւն եւ Թաղման կարգ, որմէ ետք հաւատացեալները թափօրով շրջեցան Պուրճ Համուտի փողոցներուն մէջ:

Այս առիթով իր տուած պատգամին մէջ, հայ կաթողիկէ համայնքի Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքը, որ նախագահեց Յիսուսի խաչելութեան ու Թաղման կարգին, անդրադարձաւ Յիսուսի խաչելութեան ու Աւագ ուրբաթի խորհուրդին ու իմաստին:

«Յիսուսի խաչելութեամբ ու յարութեամբ, մարդկութեան համար սկսաւ նոր հանգրուան մը, սիրոյ, խաղաղութեան եւ փրկութեան շրջան մը», հաստատեց ամենապատիւ հոգեւոր տէրը եւ աւելցուց. «Երբ դժուար պայմաններու մէջ կը գտնուինք ու ձախողութիւններու կ՛ենթարկուինք, հարց կու տանք, թէ ո՞ւր է Աստուած, ինչո՞ւ մեզ կը լքէ, սակայն երբ հետեւինք Յիսուսի կեանքին, անոր խաչելութեան, կամաց կամաց կ՛ատենք մեր մեղքերը»:

Պօղոս եւ Պետրոս առաքեալներու խօսքերէն մէջբերումներ կատարելով` Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքը դիտել տուաւ, որ մեզմէ իւրաքանչիւրը պէտք է յիշէ, ճանչնայ իր գործած մեղքերը եւ «աղօթելով կամաց կամաց պիտի ատենք մեր մեղքերը եւ պիտի կարենանք դիմադրել սատանայի փորձութիւններուն, հպարտանքի, նիւթական թէ բարոյական փորձութիւններուն»:

Ան որ կ՛ուզէ փրկուիլ, պէտք է հետեւի ու նմանի Յիսուս Քրիստոսին` անոր խաչելութեան սրտաճմլիկ տեսարանները վերյիշելով, սուրբ խաչի միջոցով ամէն օր մեր մէջ Յիսուսի վերադարձի ցանկութիւնը պէտք է շեշտուի: Ասոր համար է, որ կը կրենք սուրբ խաչը:

Ոտնլուայի Ս. պատարագի եւ խաւարման երեկոյի արարողութիւն հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ

Ապա ան հարց տուաւ, թէ արդեօք կարելի՞ է կերպարանակից դառնալ Յիսուսի մահուան եւ յարութեան, ու պատասխանեց. «Այո՛, մկրտութեան խորհուրդին միջոցով: Յիսուսի խաչելութիւնն ու անոր կրած չարչարանքները նշան են մարդոց նկատմամբ անոր անզուգական սիրոյն: Մենք ալ կ՛ուզենք մասնակից դառնալ անոր ցաւերուն ու չարչարանքներուն, խաչելութեան տեսարաններուն, որովհետեւ խաչի ճամբով կայ շնորհ, ազատութիւն եւ խաղաղութիւն: Լքեալներուն, թշուառներուն ու խեղճերուն ցաւերուն բաժնեկից դառնալով, որովհետեւ միայն այս ձեւով, խաչին հետեւելով կայ փրկութիւն», եզրափակեց ամենապատիւ հոգեւոր տէրը:

ԱՒԱԳ ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ

Յայտնենք, որ Աւագ հինգշաբթի, 21 ապրիլին, Հայ կաթողիկէ համայնքի Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքը Ոտնլուայի Ս. պատարագին եւ խաւարման երեկոյի արարողութեան նախագահեց հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ։ Քարոզեց հայր Անտոն վրդ. Շատարեւեան։

Share this Article
CATEGORIES