ՅԻՍՈՒՍԻ ՉԱՐՉԱՐԱՆԱՑ ԵՒ ԹԱՂՄԱՆ ՅԻՇԱՏԱԿԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ` ՍՐԲՈՑ ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Երէկ` Աւագ ուրբաթ, 22 ապրիլի կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին, Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ  մէջ կատարուեցաւ արարողութիւն` Քրիստոսի չարչարանաց, խաչելութեան եւ թաղման յիշատակին: Արարողութեան հանդիսապետեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան:

Ժողովուրդին ուղղած իր պատգամին մէջ առաջնորդ սրբազանը բացատրեց, որ Յիսուս իր մարդեղութեամբ եւ խաչելութեամբ հաշտեցուց մարդը Աստուծոյ հետ, որպէսզի ան Աստուծոյ ներկայանայ սուրբ, անբիծ, անարատ կերպով` աւելցնելով, որ վարագոյրը, որ պատնէշ էր Աստուծոյ եւ մարդուն միջեւ, երբ պատռուեցաւ Յիսուսի խաչելութեամբ, եղաւ այն ճամբան, որ բացուեցաւ դէպի Աստուած:

«Քրիստոս իր խաչելութեամբ վերցուց մարդոց մեղքերը, իսկ իր մահուամբ մահը պարտութեան մատնեց», շեշտեց սրբազանը` աւելցնելով, որ քրիստոնէական հաւատքը ամբողջութիւն մըն է եւ ոչ թէ դէպք մը: Առաջնորդ սրբազանը հաստատեց, որ հին մարդը մեռաւ Քրիստոսի մահուամբ եւ անոր յարութեամբ նոր մարդ եղաւ: Ան նկատել տուաւ, որ Քրիստոսի թաղման արարողութեան մէջ կարեւոր երեւոյթ մը կայ` աւելցնելով, որ հայ եկեղեցւոյ հայրերը ի զուր սովորութիւն եւ աւանդութիւն չեն դարձուցած նման արարողութիւններ:

Ան նաեւ յայտնեց, որ այս արարողութեան եւ սովորութեան մէջ մենք կը տեսնենք աստուածասիրութիւնը, որ կ՛արտայայտուի յարգանքով` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է յարգանքով քալել Յիսուսի Թաղման թափօրին ետեւէն եւ յարգանքով հետեւիլ եկեղեցւոյ արարողութեան, այլապէս` «մեր հաւատքը պակասաւոր եւ ձեւական կ՛ըլլայ»:

Աւարտին, հանդիսապետութեամբ սրբազան հօր, մասնակցութեամբ քահանայից ու դպրաց դասերուն եւ հաւատացեալ ժողովուրդին, թափօրը շրջեցաւ Պուրճ Համուտի պողոտաներուն մէջ` մասնակցութեամբ ՀՄԸՄ-ի փողերախումբին:

 

Share this Article
CATEGORIES