ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԹԱՂՄԱՆ ԿԱՐԳԻՆ ՆԱԽԱԳԱՀԵԼՈՎ` «ԱՅՍ ԳԵՐԵԶՄԱՆԸ ՄԵՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ԵՐԱՇԽԻՔՆ ՈՒ ԳՐԱՒԱԿԱՆՆ Է» ԸՍԱՒ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Համայն Քրիստոնեայ աշխարհին համար նուիրական Աւագ ուրբաթը տարուան բոլոր օրերէն աւելի երկիւղածութիւն ու յարգանք պարտադրող օր է` իբրեւ մեր Տիրոջ գերագոյն սիրոյ նշան հանդէպ մարդկութեան, որուն համար  Աստուածորդին յանձն առաւ պատանքուիլ ու գերեզման դրուիլ:

Անթիլիասի մայրավանքին մէջ ժողովրդային ջերմեռանդ բարեպաշտութիւնը երկիւղածութեամբ լեցուն սրտերով արտայայտութիւն գտաւ, երբ հարիւրաւոր հաւատացեալներ իրենց նուիրաբերած ծաղիկներով զարդարեցին Քրիստոսի խորհրդանշական գերեզմանը, եւ խուռներամ բազմութեամբ լեցուցին մայրավանքի շրջափակը երէկ` ուրբաթ, 22 ապրիլ 2011-ի երեկոյեան ժամը 4:00-ին:

Ժամերգութեան ու նախատօնակին հանդիսապետեց Արամ Ա. կաթողիկոս եւ այս առիթով փոխանցեց իր հայրապետական պատգամը: «Սուրբ Աստուած»ի պահուն, վեհափառը եւ միաբան հայրեր Քրիստոսի գերեզմանը խորհրդանշող բեմին առջեւ իրենց վեղարները հանելով գլխաբաց ծնրադրեցին` կատարելով Աստուածորդիին Թաղման կարգը: Ծանրագին կտաւներով ծածկուած սեղանը զարդարուած էր նաեւ Կենաց խաչափայտի մասունքով եւ Կիլիկիայէն բերուած հնադարեան սպասներով:

Վեհափառը ներկայ բազմութեան ուղղելով իր հայրապետական պատգամը, օրուան խորհուրդին ընդմէջէն հաւատացեալներուն հաղորդեց Քրիստոսի Ս. գերեզմանին զօրութիւնը եւ անկէ ճառագայթող յարութեան ու անմահութեան շունչը: Վեհափառը ըսաւ, թէ Թաղման այս կարգը յարութեան շունչով լեցուն է, ու յոյս կը ներշնչէ մանաւանդ մեզի` հայ ժողովուրդի զաւակներուս: «Քրիստոսի գերագոյն խոնարհութիւնը, խաչի վրայ աստուածապէս մահանալն ու պատանքուելով թաղուիլը վերջ պիտի չըլլային: Անոր պիտի յաջորդէր հրաշափառ յարութիւնը, որ պիտի ամրապնդէր աշակերտներուն յուսահատած սրտերը: Նո՛յն յուսադրումը սոյն դատարկ գերեզմանին խորհուրդով կը ստանայ այսօր մեր ժողովուրդը յատկապէս, որ ճիշդ այս օրերուն կը պատրաստուի ոգեկոչել իր նահատակներուն անմեռ յիշատակը: Անոնց յարութիւնը Քրիստոսի այս դատարկ գերեզմանին խորհուրդով պայմանաւորուած է: Ա՛յս գերեզմանն է անոնց յարութեան երաշխիքն ու գրաւականը», ըսաւ Արամ Ա. կաթողիկոս:

Ապա վեհափառը գնահատեց յատկապէս մեծ թիւով երիտասարդութեան ներկայութիւնը Աւագ շաբթուան եկեղեցական արարողութիւններուն, եւ այս երեւոյթին մէջ տեսաւ աւանդապահ մեր ժողովուրդին ընտանեկան դաստիարակութիւնը եւ ընտանեկան սրբութեան նկատմամբ նախանձախնդրութիւնը, որ սերունդէ սերունդ փոխանցուած է հաւատարմօրէն:

Եկեղեցական արարողութեան աւարտին, վեհափառը Քրիստոսի գերեզմանին վրայ դրուած «Կենաց փայտ»ի մասունքով օրհնեց ներկայ հաւատացեալները: Հին աւանդութեան համաձայն, հաւատացեալ ժողովուրդը անցաւ Քրիստոսի դատարկ գերեզմանին տակէն, ստացաւ Ս. գերեզմանէն բաշխուող ծաղիկները` յարութեան ու անմահութեան յոյսը իրեն հետ տանելով իր տունը:

 

Share this Article
CATEGORIES