«ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄՈՒԹԵԱՆ ՀՈԼՈՎՈՅԹԸ ՏԵՂՔԱՅԼԻ ՄԷՋ Է» ՇԵՇՏԵՑ ՈՒԱԼԻՏ ԺՈՄՊԼԱԹ
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ «Նահար» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը տեղքայլի մէջ է` աւելցնելով, որ տարակարծութիւնները տակաւին կը կեդրոնանան ներքին գործոց նախարարութեան շուրջ:
Ժոմպլաթ յոյս յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի լաւատեսութիւնը տեղին ըլլայ:
Անդրադառնալով նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի հետ ունեցած իր վերջին հանդիպումին` Ժոմպլաթ յայտնեց, որ ինք Սինիորային ըսած է, թէ ի վերջոյ անհրաժեշտ է երկխօսութիւնը շարունակել եւ շիի ղեկավարութեան հետ խորհրդակցիլ:
Նշենք, որ Ազգային պայքարի ճակատ պլոքի նախագահը յառաջիկայ երկուշաբթի օր պիտի այցելէ Դամասկոս, ուր հանդիպում պիտի ունենայ զօր. Մոհամետ Նասիֆի հետ:
CATEGORIES Լիբանանեան