Առաջնորդարան Հայոց Բերիոյ Թեմի. Հաղորդագրութիւն

Սուրիոյ տագնապին հետեւանքով վտանգուած ժողովուրդը  աջակցութեան, զօրակցութեան եւ օժանդակութեան անհրաժեշտ կարիքը ունի: Սուրիահայութիւնը անբաժան մասը ըլլալով սուրիացի ժողովուրդին, ինք եւս կրեց, եւ կը շարունակէ կրել, հետեւանքները ներկայ տագնապին: Սուրիահայութիւնը մեր ազգի եւ Միջին Արեւելքի կարեւոր մէկ համայնքը ըլլալով, բնականօրէն ամբողջ հայութեան հոգատարութեան արժանի է:

Գոհունակութեամբ կ՛ուզենք յայտնել, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի կոչերն ու շրջաբերականները լայն արձագանգ գտան մեր ժողովուրդի զաւակներուն մօտ: Անոնք վստահութեամբ եւ անմիջական փութով ընդառաջեցին Վեհափառ Հայրապետի փափաքին: Սփիւռքի եւ Հայաստանի մեր ազգակիցները իրենց թեմերուն եւ երկիրներուն մէջ յառաջացուցին հանգանակութեան միացեալ յանձնախումբեր, եւ ժողովրդային օժանդակութիւնները հանգրուանային կերպով սկսան փոխանցել Կաթողիկոսարանին ճամբով Ազգային Առաջնորդարան:

Բոլոր անոնք, որոնք ազգային գիտակցութենէն մղուած կը փափաքին իրենց գործնական մասնակցութիւնը բերել մարդասիրական եւ ազգօգուտ այս օժանդակութեան  իրենց նիւթական նուէրները կրնան փոխանցել Կաթողիկոսարան, յատկապէս այս առիթով բացուած դրամատնային հետեւեալ հաշիւին.-

 

Bank:                                       FRANSABANK SAL, Antelias Branch, Lebanon
Name of account:              CATHOLICOSSAT ARMENIEN DE CILICIE
IBAN:                                     LB87 0001 0002 4753 8500 0030 3501
SWIFT Code:                         FSAB LBBX

Եւ կամ ուղղակիօրէն իրենց միջոցներով փոխանցումը կատարեն Ազգային Առաջնորդարան (Հալէպ):

 

ԴԻՒԱՆ

ԲԵՐԻՈՅ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԱԶԳ. ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )