6-7 Հոկտեմբերին Երեւանի Մէջ Տեղի Կ՛ունենայ Սուսերամարտի Միջազգային Մրցաշարք Մը
Հայկական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ Հայաստանի անկախութեան վերականգնման 21-րդ տարեդարձին առիթով, յառաջիկայ 6-7 հոկտեմբերին Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ սուսերամարտի միջազգային մրցաշարք մը:
Երեւանի սլաւոնական համալսարանի մարզահամալիրին մէջ տեղի ունենալիք այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Իրանի, Վրաստանի, Քուէյթի եւ Հայաստանի պատանի մարզիկները:
Հայաստանի սուսերամարտիկներուն համար այս մրցաշարքը զտումի բնոյթ պիտի ունենայ, որովհետեւ այդ արդիւնքները նկատի առնուելով, պիտի ամբողջանան Հայաստանի հաւաքականները (տղաք եւ աղջիկներ): Ատիկա տեղի ունենալէ ետք անոնք պիտի նախապատրաստուին յառաջիկայ փետրուար 2013-ին տեղի ունենալիք Եւրոպայի պատանիներու ախոյեանութեան:
Նշենք, որ վերջին անգամ Երեւան 2000-ին հիւրընկալած է սուսերամարտի միջազգային մրցաշարք մը:

