Պասքեթպոլ. Հայաստան Տիրացաւ Պաթումի Մրցաշարքի Տիտղոսին
Armsport.am մարզական լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի տղոց պասքեթպոլի 16 տարեկանէն վար կրտսերներու ազգային խումբը տիրացաւ Պաթումի միջազգային մրցաշարքի տիտղոսին:
Յաղթելէ ետք Պաթումի եւ Անգարայի խումբերուն` Հայաստան ապահովեց աւարտականի իր տոմսը, ուր պիտի մրցէր Պաքուի խումբին դէմ:
Սակայն աւարտական այս մրցումը տեղի չունեցաւ եւ Պաքուի խումբը որակազրկուեցաւ` իր կազմին մէջ ունենալով արտօնուած տարիքէն աւելի մեծ մարզիկներ: Այսպիսով, Հայաստան 20-0 արդիւնքով յաղթական հռչակուելով տիրացաւ տիտղոսին:
Հայաստանի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչն է Արեգ Վաթեան, իսկ անոր օգնականը` Արման Տիգրանեան: Մրցաշարքին իրաւարարներուն կարգին էր նաեւ Յարութիւն Եսայեան:
CATEGORIES Մարզական

