Ուքրանիոյ Ազատ Ոճի Ըմբշամարտի Հաւաքականը Հանդիսացաւ Ուքրանիոյ Հայերու Միութեան Բաժակակիր
Քիեւի մէջ աւարտեցաւ Ուքրանիոյ հայերու միութեան ազատ ոճի ըմբշամարտի բաժակի միջազգային ախոյեանութիւնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 12 տարբեր երկիրներու մարզական խումբերը:
PanArmenian.Net լրատուական կայքէջը կը տեղեկացնէ, որ Ուքրանիոյ հայերու միութեան նախագահ Վիլեն Շատուորեան ըսած է, որ տարուէ տարի ախոյեանութիւնը կը ստանայ նոր թափ:
Ըստ անոր, յառաջիկայ տարի այս մրցաշարքը մաս պիտի կազմէ ՖԻԼԱ-ի տարեկան յայտագիրին, ինչ որ բնականաբար պատճառ պիտի դառնայ անոր մասնակցողներուն թիւին կրկնապատկումին կամ նոյնիսկ քառապատկումին:
Տիրանալով 4 ոսկի, 2 արծաթ եւ 3 պրոնզ մետալի, Ուքրանիոյ հաւաքականը հանդիսացաւ Ուքրանիոյ հայերու միութեան բաժակակիր, կ՛եզրափակէ PanArmenian.Net:
CATEGORIES Մարզական

