Ծաղկաձորի Մարզադաշտը Արուեստական Խոտով Պիտի Օժտուի
«Արմենփրես» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ մինչեւ ապրիլ – մայիս 2013 Ծաղկաձորի մարզադաշտը պիտի օժտուի արուեստական խոտով, ինչ որ բնականաբար պիտի բարձրացնէ հոն տեղի ունեցող մրցումներուն ընդհանուր մակարդակը:
«Արմենփրես» կ՛աւելցնէ ըսելով, որ իր այս տեղեկութիւնը ստացած է Հայաստանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնի նախագահ Ռոպերթ Էմմիեանէն:
Էմմիեան ուրախութեամբ տեղեկացուցած է, որ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան զինք ընդունելով պատրաստակամութիւն յայտնած է իր աջակցութիւնը ցուցաբերելու հայկական աթլեթիզմին:
Այս մարզաձեւին զարգացման համար հետաքրքրութիւն ցուցաբերած են նաեւ Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան եւ կառավարութեան անդամները:
Եզրափակելով` Էմմիեան ըսած է, որ ասիկա շատ լաւ հեռանկար է հայկական աթլեթիզմին զարգացման համար:
CATEGORIES Մարզական

