Այսօր` Լիբանանի Հեծելարշաւի Ֆետերասիոնի Մամլոյ Ասուլիսը

Ինչպէս ծանօթ է, 10-14 հոկտեմբերին Լիբանան կը հիւրընկալէ Ասիոյ «Մաութըն Պայք»-ի ախոյեանութիւնը, որ տեղի պիտի ունենայ Պիսքանթայի շրջանին մէջ:

Այս գծով յաւելեալ մանրամասնութիւններ փոխանցելու նպատակով Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնը, «Լը Ռուայալ» պանդոկին մէջ (Տըպպայէ) պիտի տայ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը:

Նշենք, որ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնը այս ախոյեանութիւնը կը հիւրընկալէ գործակցաբար Պիսքանթայի քաղաքապետութեան:

Այլ գետնի վրայ, այս շաբաթասկիզբին Լիբանան ժամանած ֆրանսացի մարզիչ Սամուէլ Ռուիի հսկողութեամբ ամէնօրեայ փորձերը կը շարունակուին, որպէսզի ան կարենայ ընտրել Լիբանանի ազգային խումբը, որ պիտի մասնակցի «Մաութըն Պայք»-ի այս ախոյեանութեան:

Share this Article
CATEGORIES