Տոքթ. Բիւզանդ Հալլաճեանի Յիշատակին
Եթէ քանի մը բառերով ուզէինք ներկայացնել տոքթ. Բիւզանդ Հալլաճեանը ապա պիտի ըսէինք` կարող, ծառայասէր , համեստ եւ պարտաճանաչ բժիշկ:
Տոքթ. Հալլաճեանը իր բժշկական ուսումը ստացած էր Սալամանքայի համալսարանին մէջ (Սպանիա): Լուրջ կազմաւորումով օժտուած, ան իր գիտութիւնը եւ կարողութիւնը ի սպաս դրաւ բոլոր հիւանդներուն անխտիր: Իրեն համար հիմնական սկզբունք էր նիւթապէս սահմանափակ խաւերու զաւակներուն օգտակար դառնալը, եւ այս առաջադրանքով ան աւելի քան 25 երկար տարի ծառայեց «Հաուորտ Գարակէօզեան» եւ ԼՕԽ-ի Ֆանարի բարեսիրական դարմանատուներուն մէջ:
Ան երկար տարիներ գործեց իբրեւ Ծերանոցի բժիշկ` ամենայն նուիրումով հոգալով պատսպարեալներուն առողջական հարցերը:
Տոքթ. Հալլաճեան աշխուժ ձեւով սատարեց հանրութեան առողջապահական ընդհանուր զարգացման, «Գարակէօզեան» հաստատութեան կազմակերպած դասընթացքներուն ճամբով, յատկապէս շտապ օգնութեան նիւթով:
Իր կողմէ կարեւոր իրագործում էր «Շտապ Օգնութիւն» վերնագիրով բժշկական գիրքի մը հրատարակութիւնը 1988-ին «Գարակէօզեան» հաստատութեան կողմէ, գիրք մը, որ իր յստակութեամբ, պատկերազարդ բացատրութիւններով միաժամանակ պարզութեամբ եւ ճշգրտութեամբ կը պահէ իր այժմէականութիւնը եւ օգտակարութիւնը:
Տոքթ. Հալլաճեան պարտաճանաչ եւ մնայուն ներկայութիւն եղաւ Լիբանանահայ բժշկական միութեան զանազան գործունէութիւններուն մէջ` դասախօսութիւն թէ անդամական ընդհանուր ժողով: Ան միութեան ճամբով նաեւ սատարեց հանրութեան առողջապահական ընդհանուր զարգացման , յատկապէս 1990-ական թուականներուն, այդ օրերուն գործող «էյ. Թի. Էն.» հայկական կայանէն բժշկական յայտագիրներու ընդմէջէն: Այս շրջագիծին մէջ եւս տոքթ. Հալլաճեան ցոյց տուաւ իր նկարագիրին ազնուութիւնը: Երբ վարչութիւնը առանց անդրադառնալու այլ բժիշկի մը հետ դասաւորած էր շտապ օգնութեան նիւթով հարցազրոյց մը, տոքթ. Հալլաճեան բաւարարուեցաւ քաղաքավար ձեւով դիտել տալով, որ այդ նիւթով ինք գիրք հրատարակած էր, եւ ճիշդ պիտի ըլլար իրեն հետ ունենալ հարցազրոյցը: Ապա ան շարունակած էր իր ներկայութիւնը միութեան աշխատանքներուն մէջ նոյն ձեւով առանց դժգոհութեան, արժանանալով վարչութեան միանշանակ յարգանքին եւ գնահատանքին իր մեծոգի մօտեցումին համար :
Տոքթ. Հալլաճեան Լիբանանահայ բժշկական միութեան մէջ տպաւորած էր իր համեստութեամբ: Ան սակաւախօս էր, բայց տեսակէտի տէր էր եւ յարգանք կը ներշնչէր շրջապատին: Ան պարգեւատրուած էր Լիբանանահայ բժշկական միութեան կողմէ` առ ի գնահատանք իր ունեցած ներդրումին եւ յարատեւ ներկայութեան:
Ան բնական կը նկատէր բոլորին օգտակար ըլլալը , իսկ եթէ օր մը ինք ծառայութեան մը կարիքը ունենար, շատ երախտապարտ կը զգար, ինք, որ իր այնքան մատուցած բազում ծառայութիւններով կրնար իր բնական իրաւունքը նկատել իր կարգին փոքր ծառայութիւն մը ստանալը:
Վերջին տարիներուն իր առողջական հարցերը, վիրաբուժական գործողութիւնը, դիմագրաւած բարդութիւնները եւ յատկապէս լսողութեան կորուստը հարկադրեցին զինք դադրեցնելու ասպարէզը եւ միութեան աշխատանքներուն մասնակցութիւնը: Հակառակ ժամանակի թաւալումին եւ իր ակամայ բացակայութեան, իր հիւանդները շարունակեցին յիշել զինք:
Տոքթ. Հալլաճեանի մահով իր հարազատները կորսնցուցին լաւ մարդ մը, բժիշկները լաւ պաշտօնակից մը, հիւանդները` լաւ եւ խղճամիտ բժիշկ մը:
Այս տխուր առիթով պիտի ուզէինք արտայայտել մեր խորազգած ցաւակցութիւնները իր կողակիցին, հարազատներուն եւ բոլոր անոնց` բժիշկ, հիւանդ թէ հանրային մարզին մէջ գործող, որոնք ճանչցած են զինք:
Յարգա՛նք իր յիշատակին:
ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ԲԺՇԿԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ
ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

