Այս Տարեշրջանի Աւարտին Շումախըր Պիտի Լքէ Ֆորմիւլա-1-ի Աշխարհը
Իր կատարած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան ընթացքին, գերմանացի վարորդ Միքայէլ Շումախըր յայտարարեց, որ այս տարեշրջանի աւարտին պիտի լքէ Ֆորմիւլա-1-ի աշխարհը:
3 յունուար 1969-ին ծնած Շումախըր առաջին անգամ Ֆորմիւլա-1-ի աշխարհի ախոյեանութեան մրցումներուն իր մասնակցութիւնը բերաւ 1991-ին` Պելճիքայի կրան փրիին:
Ան իր առաջին յաղթանակը արձանագրեց 1992-ին` Պելճիքայի մէջ, իսկ վերջինը 2006-ին` Չինաստանի մէջ:
Եօթը անգամ աշխարհի ախոյեան հանդիսացած (1994, 1995, 2000, 2001, 2002, 2003 եւ 2004) Շումախըր, իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին մաս կազմած է հետեւեալ խումբերուն. «Ճորտըն» (1991), «Պենեթոն» (1991-1995), «Ֆեռարի» (1996-2006) եւ «Մերսետես» (2010-էն սկսեալ):
Նշենք, որ ան այս տարեշրջանին ապահովելով միայն 43 կէտ, կը գրաւէ վարորդներուն ընդհանուր դասաւորման 12-րդ դիրքը:

