Եւրոպայի Հայ Երիտասարդներու Ֆութպոլի Աւանդական Մրցաշարքը` Գերմանիոյ Մայնց Քաղաքի Մէջ
Եւրոպայի հայ երիտասարդներու աւանդական մարզասրահային ֆութպոլի մրցաշարքի ծիրին մէջ այս տարուանը տեղի պիտի ունենայ 6 հոկտեմբեր 2012 թուականին, Գերմանիոյ Մայնց քաղաքի մէջ: Սոյն մրցաշարքը կը կազմակերպուի տոքթ. Սուրէն Պօղոսեանի նախագահած Մայնցի հայ համայնքի վարչութեան կողմէ:
Մրցաշարքին պիտի մասնակցին Եւրոպայի զանազան երկիրներու Հայ համայնքները ներկայացնող մարզախումբեր, որոնց իւրաքանչիւրը կը կազմուին 1 մարզիկ եւ 16 տարեկանէ սկսեալ 8 մարզիկներէ:
Մրցաշարքի աւարտին ախոյեանը պիտի ստանայ իր յաղթանակի մրցանակը, երեկոյեան տեղի պիտի ունենայ «Երեկոյեան յոբելենական խրախճանքը»:
Մրցաշարքի աւարտին յայտնի պիտի ըլլայ նաեւ անոր յառաջիկայ տարուան կազմակերպիչ հայ համայնքը եւ տեղի ունենալիք քաղաքը:
CATEGORIES Մարզական

