«Լիբանանը Առողջապահութեան Կեդրոն Է» Շեշտեց Վ. Սապունճեան

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի ներկայացուցիչ, ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ Պրումմանայի «Կրենտ Հիլզ» պանդոկին մէջ բացումը կատարեց Ուղեղի եւ ջիղերու բժիշկներու Դ. միջազգային խորհրդաժողովին:

Իր արտասանած խօսքին մէջ նախարար Սապունճեան դրուատեց լիբանանցի բժիշկին հմտութիւնը եւ մասնագէտի բարձր կարողութիւնը` աւելցնելով, որ Լիբանան ամբողջ Արեւելքին փարոսն է, եւ բժշկութեան մարզը բաւական յառաջդիմած է Լիբանանի մէջ:

Վ. Սապունճեան նկատել տուաւ, որ Լիբանան առողջապահութեան կեդրոն մըն է, ուր կ՛այցելեն արաբական աշխարհի մեծ թիւով բնակիչներ:

«Լիբանանցի բժիշկները բարձր վարքի տէր անձնաւորութիւններ են», յայտնեց Սապունճեան` յաջողութիւն մաղթելով միջազգային խորհրդաժողովին աշխատանքներուն:

 

Share this Article
CATEGORIES