Օմար Քարամէ. «Կը Զօրակցինք Համամասնական Դրութեան Վրայ Հիմնուած Ընտրական Օրէնքին»
Նախկին վարչապետ Օմար Քարամէ երէկ Թրիփոլիի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Թրիփոլիի քաղաքապետներուն եւ տնտեսական խորհուրդներու ներկայացուցիչներուն հետ, որոնց ներկայութեան հաստատեց, որ Լիբանանի ապագայ ընտրական օրէնքը պէտք է մարմնաւորէ լիբանանցի ժողովուրդին փափաքները, ինչպէս նաեւ լիբանանցի ժողովուրդին ճշգրիտ ներկայացուցչութիւնը ապահովէ:
Քարամէ հաստատեց, որ 1960-ի ընտրական օրէնքը, յատկապէս քաղաքական նպատակներով` շռայլութեամբ գումարներ մսխելու այս հանգրուանին, լիբանանցի ժողովուրդին ճշգրիտ ներկայացուցչութիւնը պիտի չկարենայ ապահովել:
Քարամէ շեշտեց, որ ինք համաձայն է համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնքին, որ կը սահմանափակէ քաղաքական նպատակով գումարներ ծախսելու գործողութիւնը եւ իւրաքանչիւրին կը վերապահէ իր իրաւունքը:
CATEGORIES Լիբանանեան

