Պըրրի Խորհրդարանի Յանձնախումբերը Հրաւիրեց Միացեալ Նիստի Մը

Սամի Ժեմայէլ եւ Պըրրի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ խորհրդարանի ելեւմուտքի եւ պետական պիւտճէի, վարչական հարցերու եւ արդարութեան, արտաքին յարաբերութիւններու եւ արտերկրի լիբանանցիներու, պաշտպանութեան եւ ներքին ու քաղաքապետութիւններու հարցերու, ինչպէս նաեւ հաղորդակցութեան միջոցներու եւ տեղեկատուութեան յանձնախումբերը հրաւիրեց միացեալ նիստի մը, որ պիտի գումարուի յառաջիկայ հինգշաբթի, 11 հոկտեմբեր 2012-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 10:30-ին:

Միւս կողմէ, Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխան Սամի Ժեմայէլի հետ, որուն հետ արծարծեց ընտրական օրինագիծը քննարկելու առումով խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերու նիստերուն ընթացքին տիրող ընդհանուր մթնոլորտը:

Պըրրի ընդունեց նաեւ նախկին նախարար Ֆարես Պուէյզը, որ յայտնեց, թէ ինք համոզուած է, որ Լիբանանի մէջ քաղաքական այն կողմը, որ կը յայտարարէ, թէ համայնքային մտայնութիւն չունի, կը ստէ:

Այն Թինէի այցելուներէն եղաւ նաեւ Լիբանանեան համալսարանի նախագահ Ատնան Սէյիտ Հիւսէյն:

Նշենք, որ Պըրրի երէկ հեռագիր մը յղեց Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին, որուն շնորհաւորեց Սուրիոյ ազատագրման տարեդարձը` մաղթելով, որ Սուրիա տոկայ ներկայիս իր դէմ գործուող չարիքին եւ երկիրը վերածէ այնպիսի ժողովրդավարական պետութեան մը, որ բոլորին համար օրինակելի կը դառնայ:

Պըրրի շնորհաւորական այլ հեռագիր մը յղեց Եգիպտոսի նախագահ Մոհամետ Մուրսիին, որուն շնորհաւորեց հոկտեմբերեան յաղթանակին առիթով եւ մաղթեց, որ Եգիպտոս վերագտնէ իր ապահովական կայունութիւնը, ինչպէս նաեւ զօրակցի պաղեստինցի ժողովուրդին:

 

Share this Article
CATEGORIES