Վարչապետ Միքաթի Յանձնառու Կը Մնայ Կառավարութեան Վաւերացուցած Ընտրական Օրէնքին
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ յայտնեց, որ ինք յանձնառու կը մնայ կառավարութեան վաւերացուցած ընտրական օրէնքին, որ ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն կ՛ապահովէ քաղաքական բոլոր կողմերուն:
Ան շեշտեց, որ Նիւ Եորքի մէջ իր ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին դրուատական խօսքեր լսած է Սուրիոյ տագնապէն չէզոք մնալու եւ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պահպանելու կառավարութեան յանձնառութեան առումով:
Վարչապետ Միքաթի աւելցուց նաեւ, որ Լիբանան ամէն ջանք ի գործ կը դնէ մարդասիրական օժանդակութիւններ տրամադրելու Լիբանան ժամանած սուրիացի գաղթականներուն:
Ան աւելցուց նաեւ, որ Լիբանան անշեղ կը մնայ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութենէն:
CATEGORIES Լիբանանեան

