2014-ի Մոնտիալ. Հայաստան – Իտալիա Մրցումին 7000 Դրամնոց Տոմսերը` Գրեթէ Սպառած

Armsport.am հայկական լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ յառաջիկայ շաբաթ տեղի ունենալիք Հայաստան – Իտալիա 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցումին, 7000 դրամնոց տոմսերը գրեթէ սպառած են:

Երէկուան դրութեամբ, Կոմիտաս փողոցին վրայ վաճառուող 7000 դրամ արժողութեամբ միայն 21 տոմս մնացած էր: Իսկ Դաւիթաշէնի «Սիթի»-ին մէջ արեւելեան թրիպիւնին համար մնացած է 64 տոմս:

Արեւելեան թրիպիւնին տոմսերը սպառած են նաեւ «ՀԻՈՒՄԵԼ» մարզական վաճառատան մէջ:

Իսկ ինչ կը վերաբերի 3000, 5000 եւ 10000 դրամնոց տոմսերուն, ապա անոնք այդքան ալ արագ կերպով չեն ծախուիր:

Նշենք, որ ընդհանուր առմամբ ծախու ելած է 53,600 տոմս:

 

Share this Article
CATEGORIES