Մունա Հըրաուի Պիտի Մասնակցի Պէյրութի Միջազգային Մարաթոնին
Լիբանանի նախկին առաջին տիկին Մունա Հըրաուի, յատուկ այցելութիւն մը տալով Պէյրութի Մարաթոնի յանձնախումբի կեդրոնատեղին (Հազմիէ), յայտարարեց, որ իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ 2012-ի Պէյրութի միջազգային մարաթոնին:
Ան այս առիթով Մարաթոնի յանձնախումբի նախագահ եւ հիմնադիր Մայ Խալիլի հետ շրջագայեցաւ կեդրոնատեղիին տարբեր բաժանմունքները եւ մօտէն ծանօթացաւ տարուած աշխատանքին, ինչ կը վերաբերի 2012-ի Մարաթոնին կազմակերպման:
Հանդիպումին աւարտին ան շնորհաւորեց Մայ Խալիլը, որ այս մարաթոնին ընդմէջէն կը համախմբէ բոլոր լիբանանցիները:
CATEGORIES Մարզական

