Վաղը Լիբանան Ականատես Կ՛ըլլայ Վազգէն Մելիքեանի`«Կինես» Մրցանիշներու Գիրք Մուտք Գործելուն
Ինչպէս նախապէս հաղորդած էինք, կիրակի, 7 հոկտեմբերին, Լիբանան ականատես պիտի ըլլայ Վազգէն Մելիքեանի` «ԿԻՆԵՍ» մրցանիշներու գիրք մուտք գործելուն:
Արդարեւ, անցեալին Լիբանանի հեծելարշաւի ախոյեան հանդիսացած Մելիքեան իր հեծանիւով պիտի քաշէ 2600 քկ կշռող 4×4 ինքնաշարժ մը` Մարինայի շրջանին մէջ (Տըպպայէ):
Ասիկա տեղի պիտի ունենայ հովանաւորութեամբը Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ֆայսալ Քարամէի եւ ներկայութեամբ «ԿԻՆԵՍ» մրցանիշներու գիրքի եմենցի ներկայացուցիչ Թալալ Օմարի:
Այս իւրայատուկ ներկայացումին կրնան ներկայ գտնուիլ բոլոր անոնք, որոնք կ՛ուզեն մեկնիլ Մարինա:
CATEGORIES Մարզական

