50 Տարի Առաջ ( 8 Հոկտեմբեր 1962 )
Հայ Կեանք
Տիեզերական Ժողովը
Գարեգին Վարդապետ Հռոմ Կ՛երթայ
Փարիզի «Յառաջ»-ին մէջ (3 հոկտեմբեր) կը կարդանք.-
Տիեզերական ժողովին ոչ կաթողիկէ դէտերու կարգին է Անթիլիասի դպրեվանքին տեսուչը` Գարեգին վրդ. Սարգիսեան: «Լո Մոնտ», որ այս լուրը կը հաղորդէ հոկտեմբեր 2-ի իր թիւով, կը գրէ. «Վատիկանէն կը տեղեկանանք, թէ դէտերու ցանկը ամբողջացած է Եթովպիոյ` տոքթ. Սատեքէ եւ աբբայ Փեթրոս Սելասիէ պատուիրակներով եւ Գարեգին վրդ. Սարգիսեանով` պատուիրակ Հայաստանեայց եկեղեցւոյ»:
Անձնական հանգամանքով մէկ ուղղափառ հրաւիրուած է` Ալեքսանդր Շմեման, Նիւ Եորքի Սուրբ Վլատիմիր դպրեվանքին փոխ տնօրէն, որ առայժմ Հռոմ գացող միակ ուղղափառն է: Այս դէտը կը պատկանի ռուս գաղթական եկեղեցւոյ, որ կապուած է Պոլսոյ պատրիարքութեան: Ցարդ առկախ կը մնայ ուղղափառ երկրորդ դէտի մը նշանակումը, զոր պիտի կատարէր Եկեղեցիներու տիեզերական խորհուրդը:
Հայե՞րը Գտած Են Երկաթը Եւ`
Օգտագործած
Հայաստանի մէջ հազարամեակներ առաջ մարդիկ օգտագործած են երկաթահանքերը` գութանի խոփ, սուր եւ այլ իրեր շինելու համար: Անգլիացի հնախօս Հորթըն Չայլտի հաւաստիացումով (տես Տիկշիտի «Հնաբանութեան ներածութիւն» գիրքը), «Հայ լեռնցիները երկրագունդի վրայ առաջիններն են, որ օգտագործած են երկաթի հանքերը եւ այս ձեւով իսկ հիմը դրած` երկաթի գիւտին եւ երկաթի դարուն»:
Իսկ ներկայիս Աբովեանի շրջանին մէջ յայտնաբերուած է երկաթահանքի մէջ նոր հողամաս մը, որ իր պարունակութեամբ խոստմնալից է: Վերջին տարիներու հետախուզութիւնները ցոյց կու տան, թէ Հայաստան հարուստ է երկաթի հանքերով:
Օննիկ Ասատուրեան
Փարիզ Կը Մեկնի
Վաղը` երեքշաբթի, Փարիզ կը մեկնի «Հայ երգիչներու անսամպլ»-ի ղեկավար Օննիկ Ասատուրեան` կատարելագործելու համար իր երաժշտական գիտութիւնը: 1962-1963 դպրոցական տարեշրջանին ան պիտի աշակերտէ Փարիզի ազգային երաժշտանոցին, «Միջազգային երաժշտանոց»-ին եւ Սորպոնի համալսարանին` հետեւելով ստեղծագործական, խմբավարական եւ երաժշտագիտական բարձրագոյն դասընթացքներուն: Բացառիկ կարգադրութեամբ մը ան պիտի ուսումնասիրէ նաեւ թատերական երաժշտութիւն եւ բեմադրութիւն` Փարիզի օփերային մէջ:
Հայաստան
Բերքահաւաք Եւ Մթերում
«Սովետական Հայաստանի»-ի (սեպտեմբեր 16) մէջ ներկայացուած ցուցակ մը կը հաստատէ անասնապահական արտադրութեանց մթերումներուն քանակը եւ տոկոսը երկրագործական 11 շրջաններու մէջ: Միսի մթերումներուն տոկոսը մինչեւ սեպտեմբեր 10 եղած է 54, կաթինը` 86.3, հաւկիթինը` 84.8, իսկ բուրդինը` 69.2:
Ուրիշ վիճակագրութիւն մը ցոյց կու տայ 9 շրջաններու մէջ կատարուած ծխախոտի բերքահաւաքին արդիւնքը:
Ծրագրով նախատեսուած 117.607 հազար թելամեթրին տեղ հաւաքուած է 60.476 հազար թելամեթր, այլ խօսքով` 51.4 տոկոսը միայն:
Խաղողագործութիւն Եւ
Գինեգործութիւն
Վերջերս Թիֆլիսի մէջ գումարուեցաւ խաղողագործութեան եւ գինեգործութեան միջազգային 10-րդ համագումարը, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Հայաստան: Համագումարին առթիւ հրատարակուած յօդուած մը կը խօսի հայ մասնագէտներու ձեռք ձգած յաջողութիւններուն մասին:
Այսպէս, հայ մասնագէտները յաջողած են աճեցնել խաղողի 31 բարձրորակ տեսակներ, ստեղծել պարարտացումի նոր եւ աւելի գործնական ձեւեր, պատրաստել գինիի քանի մը նոր տեսակներ եւ այլն:
Ժամացոյցներու Գայթակղութիւն
«Նայիրի» ժամացոյցները դժգոհութիւն յառաջ բերած են գնորդներուն մօտ: Արդարեւ, վերջին երկու ամսուան ընթացքին ութսունէ աւելի բողոքագիրները ղրկուած են գործարանի տնօրէնութեան` «արտադրութեան խոտանին» համար: «Ձեր արտադրած «Նայիրի» ժամացոյցին թուատախտակը կարճ ժամանակէ մը ետք փճացաւ: Ապակին եւ սլաքները անընդհատ դուրս կը թռին, իսկ պատեանն ալ արդէն կորսնցուցած է իր նախկին տեսքը»:
Անցեալ տարուան ընթացքին գործարանը 14.900 ռուբլի տուգանք վճարած է:
Սովետական «Դրախտին» Մէջ
Ամուսնալուծումները
Համաճարակի Բնոյթ Ստացած Են
Խորհրդային Միութիւնը մեծ հակադրութեանց երկիրն է: Մինչ յաջողեցաւ ժամանակակից գիտութեան եւ արհեստագիտութեան լուրջ խնդիրներ լուծել, անյաղթահարելի դժուարութեանց կը հանդիպի անհատական խնդիրներու լուծման մէջ, յատկապէս` բնակարանի եւ յարաբերութեանց:
Ամուսնութեան Պալատը
Ամուսնալուծումները վերջին տարիներուն համաճարակի բնոյթ ստացան, եւ շատեր ասիկա կը վերագրեն անոր, որ կրօնական արարողութեան եւ ամէն պաշտօնականութեան ջնջումէն ետք, ամուսնութիւնը կորսնցուց իր նուիրականութիւնն ու հմայքը: Ընկերներու միջեւ ամուսնութիւնը տեղի կ՛ունենայ այնպէս` ինչպէս պիտի ըլլար ամէնէն պարզ ու հասարակ մէկ գործողութիւնը:
Գործատունէն նշանածները 10 վայրկեան հրաման կ՛առնեն ու գրասենեակ մը կ՛երթան: Հոն տետրակի մը մէջ կը ստորագրեն եւ ապա գործատեղի կը վերադառնան: Ո՛չ արարողութիւն, ո՛չ հարսանիքի շաքար, ո՛չ հացկերոյթ եւ ո՛չ ալ մեղրալուսնի ճամբորդութիւն:

