Համացանցի Աշխարհին Մէջ. Անհրաժեշտ Զրոյց Մը

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

ԱՄԵՐԻԿԱՑԻ ՄԱՍՆԱԳԷՏ ՄԸ ԿԸ ՅԱՅՏԱՐԱՐԷ, ԹԷ ԼՈՒՐՋ ԲԱՆԱՎԷՃԻ ԱՐԺԱՆԻ Է ՀԱՄԱՑԱՆՑԻ ՄԷՋ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԿԱՊԵՐ ՀԱՍՏԱՏՈՂ ԿԵԴՐՈՆՆԵՐՈՒ ՆԵՐԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆԸ  ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ՎՐԱՅ: «Ա. ԷՖ. ՓԷ.» Կ՛ԱՐՁԱԳԱՆԳԷ.

«Ուոլ Սթրիթի սակարանային շուկային մէջ Ֆէյսպուքի տիրական ներկայութեան պէտք է յաջորդէ սուր բանավէճ մը` Մէյն Սթրիթի վրայ, քննելու համար ընկերային հաղորդակցութեան միջոցներու ազդեցութիւնը` մանուկներու վրայ»: Գէթ այսպէս կը յայտարարէ այս նիւթին մասնագէտներէն Ճիմ Սթէյըր: Ան հիմնադիրն է Քամըն Սենս Միտիա անունով ուսումնասիրական կեդրոնի մը, որ կը քննէ հաղորդակցութեան միջոցներու եւ ընտանիքներու միջեւ կապը: Սթէյըր կը նշէ, թէ Ֆէյսպուք «հզօր ազդեցութիւն» սկսած է գործել աշխարհի տարածքին անչափահասներու, ընտանիքներու եւ դպրոցներու վրայ:

«Կարիքը ունինք ազգային, եթէ ոչ միջազգային զրոյցի մը` այս երեւոյթին լաւ եւ վատ կողմերուն մասին», կ՛ըսէ Սթեյըր, որ ունի 4 զաւակ: Ան դասախօս է Սթանֆորտ համալսարանին մէջ եւ կը գործէ նաեւ իբրեւ քաղաքացիական իրաւունքներու պաշտպան իրաւաբան:

«Մինչ ընկերային կապեր հաստատող ցանցեր, ինչպէս` Ֆէյսպուք, Կուկըլ Փլաս եւ Թուիթըր կ՛ընձեռեն արտասովոր կարելիութիւններ տարբեր մարզերու մէջ, ինչպէս` կրթութիւն, սակայն անոնք նաեւ կը ստեղծեն ակներեւ բացեր` ընկերային, զգացական եւ իմացական կազմաւորումի մէջ», կ՛ըսէ ան:

Սթէյըր հեղինակն է նոր հրատարակուած «Թոքինկ պեք թու Ֆէյսպուք. տը քամըն սենս կայտ թու ռէյզինկ քիտծ ին տը տիճիթըլ էյճ» (զրոյց մը Ֆէյսպուքին հետ. տրամաբանական ուղեցոյց մը` մանուկներ մեծցնելու թուային դարուն) գիրքին, որուն մէջ ան կը շեշտէ, թէ ծնողներ պէտք է աւելի մեծ դերակատարութիւն ունենան համացանցի վրայ իրենց զաւակներուն կեանքին մէջ:

«Ուզենք, թէ չուզենք, մանուկներ շատ աւելի ժամանակ կ՛անցընեն հաղորդակցութեան ծառայող արհեստագիտական գործիքներով, քան` իրենց ընտանիքին հետ կամ դպրոցին մէջ», կ՛ըսէ ան եւ կը նշէ, թէ Միացեալ Նահանգներու մէջ մանուկներ միջին համեմատութեամբ օրական 8 ժամ կը զբաղին այս գործիքներով:

Սթէյըրի համաձայն, արհեստագիտական գործիքներու չափազանցուած գործածութեան պատճառով մանուկներ կը դիմագրաւեն գլխաւոր երեք տեսակի հարցեր. յարաբերութեան, կեդրոնացումի եւ մոլութեան, ինչպէս նաեւ` անձնական ազատութեան: Այլ հարցեր են համացանցի վրայ բռնացումը, պոռնկագրութիւնը եւ դեռատի աղջիկներու համար` իրենց ֆիզիքական պատկերին նկատմամբ մտավախութիւնը:

Սթէյըր յատկապէս կը քննադատէ Սիլիքոն Վելիի մեծահարուստները, որոնց լաւ ծանօթ է, եւ որոնք կը գործեն ազատօրէն` առանց պետական որեւէ կաշկանդումի եւ կը շեշտեն, թէ անձնական ազատութիւնը եւ գաղտնապահութիւնը այլեւս տեղ չունին հետզհետէ աւելի սերտ կապերով միացած այս աշխարհին մէջ:

«Հաղորդակցութեան թուային գործիքներու աշխարհին մէջ տեղի ունեցած այս արտասովոր յեղաշրջումին խթանը համակարգչային ծրագիրներ պատրաստող երիտասարդ ճարտարագէտներն են, որոնց մեծ մասը զաւակ չունի, մեծ մասը ձեւով մը ընկերային բարդոյթներէ կը տառապի եւ երբեք լրջօրէն չէ մտածած նման միջոցներու ընկերային եւ զգացական հետեւանքներուն մասին», կ՛ըսէ Սթէյըր:

«Տեղեկութիւններ հաւաքելու մեծ արշաւ մը կայ, արշաւ մը` բաներ կառուցելու ամէնէն կարճ ժամանակամիջոցին մէջ: Սակայն ասիկա լաւ մարտավարութիւն մը չէ, երբ հարցը կը վերաբերի մանուկներուն», կ՛ըսէ Սթէյըր: Ան կը մեղադրէ արհեստագիտական նոր միջոցները, որոնք «չեն յարգեր անձնական ազատութեան գաղափարը»: Վերջերս Քոնսիւմըր Ռիփորթց հաստատութեան կողմէ կատարուած վիճակագրութիւն մը ցոյց տուած էր, թէ Միացեալ Նահանգներու մէջ Ֆէյսպուք գործածող 13 միլիոն անձեր (այսինքն` 157 միլիոնէն 13 միլիոնը Ամերիկայի մէջ), անծանօթ են Ֆէյսպուքի անձնական ազատութեան սահմանումներուն (աշխարհի տարածքին Ֆէյսպուք գործածողներուն թիւը կը գնահատուի 900 միլիոնով):

Share this Article
CATEGORIES