Համացանցի Աշխահին Մէջ. Ֆէյսպուք Կը Քառապատկէ Քուէարկողներուն Թիւը
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ
ՄԱՐԴԻԿ ԿՐՆԱՆ ՀԱՄԱՑԱՆՑԻ ՎՐԱՅ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԿԱՊԵՐ ՀԱՍՏԱՏՈՂ ԿԵԴՐՈՆՆԵՐՈՒ ՄԻՋՈՑՈՎ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՔԱՅԼԵՐՈՒ ՄՂԵԼ ԻՐԵՆՑ ԲԱՐԵԿԱՄՆԵՐԸ, ԻՆՉՊԷՍ ՆԱԵՒ ՆԵՐԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԵՆԱԼ ԱՆՈՆՑ ՎԱՐՈՒԵԼԱԿԵՐՊԻՆ ՎՐԱՅ` ԳՆՈՒՄԻ, ՄԱՐՄՆԱԿՐԹԱՆՔԻ ԵՒ ԱՅԼ ՄԱՐԶԵՐՈՒ ՄԷՋ: «ՏԻՍՔԱՒԸՐԻ» ԵՒ «ՆԷՅՉԸՐ» ԹԵՐԹԵՐԸ ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԵՆ ԼԱՅՆԱԾԱՒԱԼ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՄԸ ՈՒՇԱԳՐԱՒ ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆԸ:
Երբ մարդիկ կը տեսնեն, թէ Ֆէյսպուքի իրենց բարեկամները քուէարկած են, շատ աւելի հաւանական է, որ իրենք եւս մղուին քուէարկելու:
Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցչական տան 2010-ի ընտրութիւններուն օրը Ֆէյսպուքի վրայ սովորական երկտող մը, որուն կցուած էին քուէարկութեան մասնակցած բարեկամներու դիմանկարներ, բաւարար էր, որ առնուազն 300 հարիւր հազար յաւելեալ անձեր քուէարկէին:
Ցարդ իր տեսակին մէջ ամէնէն լայն այս ուսումնասիրութիւնը ցոյց կու տայ, թէ անոնք, որոնք որոշած են քուէարկել` տեսնելէ ետք քուէարկութեան առնչուած երկտող մը Ֆէյսպուքի իրենց հասցէին մէջ, յաւելեալ 4 բարեկամներու մղած են քուէարկելու:
«Արդիւնքները ցոյց կու տան, թէ երկտող մը բաւարար է համացանցի վրայ քաղաքական նիւթերու փոխանակումի եւ տեղեկութիւններու փնտռտուքի միլիոնաւոր շարժումներ ստեղծելու համար,- կ՛ըսէ ուսումնասիրութեան գլխաւոր հեղինակը` Ճէյմս Ֆաուլըր, որ քաղաքական գիտութիւններու դասախօս է Քալիֆորնիոյ համալսարանին մէջ:- Բազմապատկումի շղթայ մը կը սկսի եւ եռապատիկ ճիւղաւորումներով կ՛ընդարձակուի»:
«Մարդիկ միշտ ալ հետաքրքրուած են, թէ համացանցի մէջ որոշ վարմունքներ ինչպիսի՛ ներգործութիւն կ՛ունենան համացանցի մէջ այլ վարմունքներու վրայ, միշտ ալ հետաքրքրուած են, թէ ինչպէ՛ս իրական աշխարհի մէջ որոշ վարմունքներ իրենց ներգործութիւնը կ՛ունենան իրական աշխարհի մէջ այլ վարմունքներու վրայ: Ասիկա առաջին ուսումնասիրութիւնն է, որ ցոյց կու տայ, թէ համացանցի վրայ ընկերային կապերը կրնան ներգործութիւն ունենալ իրական աշխարհի մէջ որոշ վարմունքներու վրայ, եւ շատ յատկանշական տարողութեամբ», կ՛աւելցնէ ան:
Ոմանք կը կարծեն, թէ համացանցը ոչ մէկ ներգործութիւն կրնայ ունենալ իրական կեանքի վրայ: Ուրիշներ կը վիճին, թէ ընկերային կապեր հաստատող ցանցերը այնքա՛ն ազդեցիկ են, որ նոյնիսկ «Արաբական գարուն»-ի յեղափոխութիւնը խմորուած է անոնց միջոցով, կ՛ըսէ Ֆաուլըր:
«Մեր ուսումնասիրութիւնը ցոյց կու տայ, թէ ճշմարտութիւնը կը գտնուի այս երկուքին միջեւ. համացանցի ընկերային կապի կեդրոնները հզօր են… սակայն իրական աշխարհի մէջ մեր ունեցած կապերուն շնորհիւ է, որ անոնք բան մը կը փոխեն», կը բացատրէ ան:
Ուսումնասիրութեան Ընթացքը
Եւ Արդիւնքը
Ներկայացուցչական տան ընտրութիւններուն օրը Ֆաուլըր եւ անոր պաշտօնակիցները դիմած են Ֆէյսպուքի օգնութեան` կատարելու համար լայնածաւալ փորձարկութիւն մը, որ ընդգրկած է Ֆէյսպուք օգտագործող 18 տարեկանէն վեր աւելի քան 60 միլիոն անձեր:
Ուսումնասիրութիւնը կատարուած է 2 նոյեմբեր 2010-ին` երեք խումբերու վրայ: Մասնակցողներուն 98 առ հարիւրը, այսինքն շուրջ 60 միլիոն հոգի ստացած են «ընկերային երկտող մը»: Երբ անոնք այցելած են Ֆէյսպուքի իրենց էջը եւ աչքէ անցուցած են օրուան լուրերը, տեսած են էջին վերը տեղադրուած երկտող մը, որ կ՛ըսէր. «Գտի՛ր Միացեալ Նահանգներու Քաղաքականութեան կայքէջին մէջ այն կեդրոնը, ուր պիտի քուէարկես եւ նշան մը դիր «Քուէարկեցի» բառին դիմաց, որպէսզի բարեկամներդ տեղեկանան, թէ քուէարկած ես»:
Ֆէյսպուք գործածողները կրնային օգտագործել համացանց կապի մը հասցէն` գիտնալու համար, թէ ո՛ւր պիտի քուէարկէին եւ կրնային նշան մը դնել «Քուէարկեցի» բառին դիմաց, որպէսզի զայն ցուցադրէին Ֆէյսպուքի իրենց «պատին» վրայ: Հաշուող գործիք մը ցոյց կու տար, թէ այդ օր քանի՛ հոգի տեղեկագրած էր իր քուէարկութեան մասին: Ֆէյսպուքի էջին վերեւ տեղադրուած վերոյիշեալ երկտողին կցուած էին նաեւ նկարները պարագայական 6 բարեկամներու, որոնք արդէն նշան մը դրած էին «Քուէարկեցի» բառին դիմաց:
Փորձարկութեան մաս կազմած պարագայական այլ խումբ մը կը հաշուէր շուրջ 611 հազար հոգի, այսինքն` ընդհանուր մասնակցողներուն 1 առ հարիւրը: Իւրաքանչիւրը Ֆէյսպուքի իր էջին մէջ տեղադրուած երկտողին կողքին տեսած էր հասցէները դէպի քուէարկութեան կեդրոններ առաջնորդող կայքերու, ինչպէս նաեւ` մինչեւ տուեալ ժամը քուէարկած անձերուն ընդհանուր թիւը եւ «Քուէարկեցի» բառը, որ կը սպասէր իր նշանին: Այս խումբը երկտողին հետ չէր ստացած նկարները բարեկամներու, որոնք արդէն քուէարկած էին: Իսկ այլ խումբ մը, որ դարձեալ կը կազմէր ընդհանուր մասնակցողներուն 1 առ հարիւրը, չէր ստացած քուէարկութեան ակնարկող որեւէ երկտող:
Ուսումնասիրողները հաշուած են, թէ քանի՛ հոգի օգտագործած է քուէարկութեան կեդրոններ առաջնորդող համացանցի կապերը եւ նշան մը դրած է «Քուէարկեցի» բառին դիմաց: Ուսումնասիրողները նաեւ օգտագործած են հանրութեան տրամադրութեան տակ դրուած քուէարկութեան տուեալներ` ստուգելու համար, թէ արդեօք Ֆէյսպուք գործածող այն անձերը, որոնք նշան մը դրած են «Քուէարկեցի» բառին դիմաց, իրապէս քուէարկա՞ծ են: Այս ստուգումը կատարուած է ուսումնասիրութեան մասնակցած անձերուն 10 առ հարիւրին վրայ:
Տեղեկութիւնները հաւաքուած են անանուն եւ մեկնաբանուած են իբրեւ ամբողջութիւն` պաշտպանելու համար Ֆէյսպուք գործածողներուն անձնական ազատութիւնը:
Անոնք, որոնք քուէարկութեան վերաբերող երկտողը տեսած են բարեկամներու նկարներու կողքին, 2 առ հարիւր համեմատութեամբ աւելի հակամէտ եղած են ըսելու, թէ քուէարկած են, 0.3 առ հարիւրը աւելի մղուած է փնտռելու իր քուէարկութեան կեդրոնը, իսկ 0.4 առ հարիւրը իրապէ՛ս ուղղուած է դէպի քուէարկութեան կեդրոն եւ` քուէարկած, բաղդատած անոնց, որոնք երկտողը տեսած են առանց բարեկամներու նկարներու: Արդիւնքը նաեւ ցոյց տուած է, թէ քուէարկելու համեմատութիւնը նոյնն է այն անձերուն քով, որոնք քուէարկելու հրաւիրող երկտողը ստացած են առանց նկարներու, կամ չեն ստացած որեւէ երկտող:
«Իւրաքանչիւր անձ, զոր կը մղենք քուէարկելու, իրեն հետ կը բերէ չորս բարեկամ,- կը բացատրէ Ֆաուլըր:- Եթէ անտեսնեք, թէ ի՛նչ տեղի կ՛ունենայ ընկերային ցանցերու մէջ , ապա շատ բան կը կորսնցնենք»:
Թերեւս վերոնշեալ համեմատութիւնները շատ նեղ կարելիութիւններու տպաւորութիւնը կը ստեղծեն: Սակայն պարզապէս տեսնելով, որ իրենց բարեկամները քուէարկած են, 60 հազար յաւելեալ անձեր ուղղուած են դէպի քուէարկութեան կեդրոններ: Իսկ երբ ուսումնասիրողները հաշուած են բարեկամներու բարեկամները, որոնք քուէարկութեան հրաւիրող երկտողերու հետ ստացած են նկարները բարեկամներու, որոնք քուէարկած են, նկատած են, թէ անոնք ապահոված են 280 հազար յաւելեալ քուէ:
Ասիկա կը կազմէ աւելի քան 300 հազարի թիւ մը ուղղակի թէ անուղղակի քուէարկած անձերու, որոնք քուէատուփեր ուղղուած են Ֆէյսպուքի ճամբով երկտողեր ստանալէ ետք: Ֆաուլըր կ՛ենթարդէ, թէ այս թիւերը շատ աւելի բարձր կրնային ըլլալ, որովհետեւ ոմանք թերեւս քուէարկած են երկտողը տեսնելէ առաջ, կամ կը գտնուէին քուէարկութեան կեդրոններէ շատ հեռու:
Ֆէյսպուքի ճամբով ուղարկուած երկտողերը նոյն ներգործութիւնը ունեցած են իրենք զիրենք պահպանողական, ազատական, հանրապետական թէ դեմոկրատ յայտարարած անձերու վրայ: Միայն սերտ բարեկամներ նկատառելի ազդեցութիւն գործած են իրարու վրայ եւ քուէարկելու մղած` իրական աշխարհի մէջ: Դէպի համացանցի կայքէջեր առաջնորդող կապերը շատ աւելի տկար արդիւնք տուած են:
Ֆէյսպուք գործածողները միջին հաշուով ունին 150 բարեկամ, սակայն շատ հաւանաբար սերտ յարաբերութիւն ունին միայն 10 բարեկամներու հետ: «Ֆէյսպուքի վրայ ամէնէն սերտ 10 բարեկամներն են, որոնք կշիռ ունէին քուէարկութեան մէջ: Մնացեալ 140 բարեկամները ոչ մէկ ներգործութիւն ունեցած են», կ՛ըսէ Ֆաուլըր:
Ներգործութեան Տարողութիւն`
Հաւաքական Վարուելակերպի Վրայ
Մասնագէտներ գնահատած են ուսումնասիրութեան նիւթն ու տարողութիւնը: Մարդկային հաւաքական վարուելակերպին վերաբերող ամէնէն հրատապ հարցերէն մէկը այն է, թէ արդեօք համացանցի վրայ ընկերային կապեր հաստատող կեդրոնները կարողութիւնը ունի՞ն փոխելու զանգուածներուն վարուելակերպը, կ՛ըսէ Նորթուեսթըռն համալսարանին մէջ ընկերաբանութեան դասախօս Պրայըն Ուցի:
Սակայն ուրիշներ անհրաժեշտ կը նկատեն յաւելեալ ուսումնասիրութիւններ: Կարեւոր է գիտնալ, թէ թէ ինչո՛ւ մարդիկ աւելի հակամէտ են քուէարկելու, երբ իրենց սերտ բարեկամները կը քուէարկեն, կ՛ըսէ Քորնել համալսարանին մէջ համացանցի մասնագէտ Մայքըլ Մէյսի:
Ընդհանուր առումով փորձարկութիւնը ցոյց տուած է, թէ ընկերային կապեր հաստատող ցանցերուն ներգործութեան արդիւնքը այնքան ալ հզօր չէ` բաղդատած «կեթ աութ էնտ վոթ» (դուրս եկէք եւ քուէարկեցէ՛ք) կոչերով առաջնորդուած ընտրապայքարի միջոցներուն, ինչպէս կ՛ըսէ Ֆաուլըր: Օրինակ, դռնէ դուռ քարոզարշաւը քուէարկողներուն համեմատութիւնը կը բարձրացնէ 8 առ հարիւրով, իսկ ե-նամակով կատարուած քարոզարշաւը` հազիւ 1 առ հարիւրով: Սակայն ան կը նշէ, թէ ընկերային ցանցերը ունին բազմահազար այցելուներ, իսկ ուսումնասիրութեան մէջ կատարուած արժեւորումները պահպանողական են, որովհետեւ, օրինակ, շատեր շատ ուշ այցելած են իրենց Ֆէյսպուքի հասցէն, հետեւաբար հոն տեղադրուած երկտողը իմաստազրկուած է: Ան կը շեշտէ, թէ այլ վարուելակերպերու պարագային պայման չէ, որ նոյնպիսի անպատեհութիւններ ստեղծուին եւ իրենց ներգործութիւնը ունենան արդիւնքներու վրայ:
Նոր յայտնաբերումները ցոյց կու տան ընկերային կապեր հաստատող ցանցերու հաւանական ներգործութիւնը` տարբեր վարուելակերպերու վրայ, կ՛ըսէ Սինան Արալ, որ տնտեսագիտութեան եւ համացանցի գիտութիւններու դասախօս է Նիւ Եորքի համալսարանին մէջ:
Յայտնապէս կարելի է հետեւցնել, թէ այսուհետեւ ընկերութիւններ պէտք է խուսափին իրենց արտադրութիւնները ուղղակի ծանուցելէ եւ փոխարէնը իրենց հաւանական յաճախորդները համոզեն, որ իրենց արտադրութիւնները յանձնարարեն բարեկամներու:
Միւս կողմէ` Արալ եւ անոր պաշտօնակիցները կը փորձեն համացանցի վրայ ընկերային կապեր հաստատող կեդրոնները ծառայեցնել Հարաւային Ափրիկէի բնակչութեան մէջ ՍԻՏԱ-ի քննութեան անհրաժեշտութիւնը շեշտելու նպատակին: Այս միջոցով համաշխարհային գիտակցութիւն կարելի է արթնցնել նաեւ մարմնակրթանքի, ծխախոտէ հրաժարելու, ուրախ զգալու եւ մտային կամ ֆիզիքական առողջութեան հետ առնչուող այլ երեւոյթներու նկատմամբ:
«Հինգ տարի առաջ այս բոլորէն ոչ մէկը գոյութիւն ունէր,- կ՛ըսէ Արալ` ակնարկելով Ֆէյսպուքի, Թուիթըրի, Ֆորսքուերի եւ ընկերային կապեր հաստատող այլ կեդրոններու:- Այժմ այս ընկերութիւններէն իւրաքանչիւրը ամէն օր թուային (տիճիթըլ) թրիլիոնաւոր նշաններ կ՛ուղարկէ միլիառաւոր անձերու»:
«Այս ուսումնասիրութիւնը, ինչպէս նաեւ անցեալին կատարուած այլ ուսումնասիրութիւններ ցոյց կու տան, թէ ընկերային բնոյթ ունեցող թուային նշանները կրնան իրապէ՛ս շրջել մարդոց վարուելակերպը,- կ՛աւելցնէ ան:- Այս գործընթացը հասկնալը կ՛օգնէ մեզի` ընկերային կապեր հաստատող ցանցերու միջոցով միջամտութիւններ կատարելու, դրական վարուելակերպերը քաջալերելու կամ ժխտական վարուելակերպերը մեղմացնելու»:
Արդեօք Ֆէյսպուքը պիտի օգտագործուի՞ Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութիւններուն մէջ` բարձրացնելու համարքուէարկողներուն թիւը: Ֆէյսպուքի տեղեկութիւններ հաւաքող բաժանմունքին պատասխանատուն` Քամերոն Մարլօ, որ նաեւ ուսումնասիրութեան տեղեկագիրին հեղինակներէն մէկն է, կը մերժէ պատասխանել այս հարցումին:
(Համադրաբար)


