Լաչինի Ազատագրման 20-ամեակը Պիտի Նշուի Փաստավաւերագրական Ֆիլմաշարով
Նոյեմբերին պիտի սկսի ցուցադրուելու «Խոնարհ հերոսներ» փաստագրական ֆիլմաշարին 30-րդ ժապաւէնը, որ նուիրուած է Արցախի հերոսամարտին ընթացքին զոհուածներուն: 18 սեպտեմբերին այս մասին յայտարարեց ժապաւէնի բեմադրիչ, բեմագիր Սամուէլ Թադեւոսեան, որ դիտել տուաւ, թէ ֆիլմաշարը նուիրուած է Լաչինի ազատագրութեան 20-ամեակին:
«Խոնարհ հերոսներ» ֆիլմաշարը նուիրուած է արցախեան պատերազմին մասնակցած հերոսներուն. իւրաքանչիւր ֆիլմաշարի մէջ ներկայացուած է հերոս մը», յայտնեց Ս. Թադեւոսեան: Յառաջիկային հանդիսատեսի դատին պիտի ներկայացուի տարեգրութիւն մը, որ կը պատմէ Լաչինի ազատագրութեան ընթացքին իսկապէս տեղի ունեցածին մասին: «Խոնարհ հերոսներ» ժապաւէնը յառաջիկային պիտի թարգմանուի չորս լեզուներու, նաեւ` ազրպէյճաներէնի: «Այդ տհասները ի վերջոյ պիտի հասկնան, թէ իրենք ովքեր են, ունեցա՞ծ են պատմութիւն, պետութիւն, ազգ, թէ՞ չեն ունեցած», ընդգծեց բեմադրիչը:
Ժապաւէնին մէջ ներկայացուած են պատկերներ Ս. Թադեւոսեանի եւ Ռուբէն Յովհաննիսեանի անձնական արխիւէն: Ըստ անոր, ժապաւէնը հայ ժողովուրդի հոգիի թռիչքին, յաղթանակներուն թրծուած կտաւն է: «Ժապաւէնը կ՛աւարտի լաւատեսական հնչերանգով. կամքի բացառիկ դրսեւորումները յաղթանակ կը բերեն», աւելցուց բանախօսը:
«Ֆիլմաշարերը դաստիարակչական նշանակութիւն կ՛ունենան եւ ուրախալի փաստ է, որ փոքրիկները զանոնք մեծ սիրով կը դիտեն», ըսաւ Ռ. Յովհաննիսեան: Ան նաեւ դիտել տուաւ, որ հակառակ իրենց կարեւորութեան` ռազմական, հայրենասիրական նիւթ ունեցող ժապաւէնները պատկերասփիւռի կայաններէն պարբերաբար չեն ներկայացուիր, այլ միայն` տօնական օրերուն կամ առիթներով:
Բանախօսները շեշտեցին, որ միայն ազգային արուեստ ստեղծելով կարելի կը դառնայ պայքարիլ հեռատեսիլի կայաններուն սփռած անորակ ֆիլմաշարերուն դէմ:

