Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարանի Բացառիկ Ցուցահանդէս` Նուիրուած Զմիւռնիայի Աղէտի 90-ամեակին
Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ բացումը կատարուեցաւ ժամանակաւոր ցուցադրութեան` նուիրուած Զմիւռնիոյ աղէտի 90-ամեայ տարելիցին:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեանը, որ նշեց. «Զմիւռնիայի հրդեհը ազդարարեց նոր պետութեան ծնունդը, որն աշխարհի քարտեսին յայտնուեց երիտթուրքերի ցեղասպան քաղաքականութեան արդիւնքում: Այսպիսով, Զմիւռնիայի աղէտը Հայոց ցեղասպանութեան վերջին դրուագներից մէկը հանդիսացաւ` ազդարարելով նաեւ «Թուրքիան` թուրքերին» քեմալականների պետականաստեղծ ծրագրի սկիզբը»:
Ողջոյնի եւ երախտիքի խօսքով հանդէս եկաւ նաեւ Յունաստանի գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար Վասիլիքի Տիքոփուլուն:
Զմիւռնիայի աղէտի 90-ամեայ տարելիցին նուիրուած ժամանակաւոր ցուցադրութեան ներկայացուած են բացառիկ բնօրինակ լուսանկարներ, փաստաթուղթեր ու տեսանիւթեր:
Բացումէն ետք Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանի Կոմիտասի անուան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ գիտական նիստ` նուիրուած Զմիւռնիայի աղէտին, ուր խօսքերով հանդէս եկան` Հայկ Դեմոյեան, Վերժինէ Սվազլեան, Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանի գիտաշխատողներ Թեհմինէ Մարտոյեան եւ Գէորգ Վարդանեանը: Խօսողները անդրադարձան` աղէտին, հայ ժողովուրդի պատմական յիշողութեան, թրքական ցեղասպան գործողութիւններուն, ինչպէս նաեւ` հայերու եւ յոյներու ցեղասպանութիւններու առանձնայատկութիւններուն:

