«Պարտաւոր Ենք Վառ Պահել Դաշնակցական Ոգին Ու Բարոյական Բոլոր Արժէքները». Շեշտեց Զ. Պոյաճեան

Ամանոսի շրջանին մէջ «Սողոմոն Թեհլիրեան» վերանորոգուած ակումբի բացման ժողովրդային հանդիսութեան ընթացքին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Զարեհ Պոյաճեանին արտասանած խօսքը.

Լիբանանի տարածքին մեր ակումբները կը գործեն աշխարհագրական տարբեր շրջաններու մէջ, իւրաքանչիւրը` իր շրջանի կենցաղին հետ համընկնող գործելաոճով:

Սակայն անոնք ունին միեւնոյն ուղղուածութիւնը եւ միեւնոյն առաքելութիւնը:

Առաքելութիւն մը, որ սուղ արժած է Լիբանանի դաշնակցական ընտանիքին համար: Բայց իր արդար վաստակը քաղած է լիբանանահայ համայնքը:

Դաշնակցութեան պատմութեամբ սնանած մեր մարմիններու ընկերները այլ կերպ չէին կրնար գործել, որովհետեւ համեստ արդիւնքներով բաւարարուիլը դաշնակցական մարդու նկարագիրին չի համընկնիր:

Շրջաններուն մէջ գործող մեր տարբեր մարմիններուն առաքելութիւնը բազմազան է եւ դժուար իրագործուելի:

Այդ մարմինները պարտաւոր են ըլլալու թաղին արթուն պահակը, շրջանի հայութեան անվտանգութեան պահապան զինուորը, քաղաքացիական իրաւունքներու ձեռքբերման դատաւորը, հայապահպանման ու հայեցի դիմագիծի հսկիչը, հայակերտման ուսուցիչը եւ, տակաւին, շրջանի երիտասարդը երիտասարդուհին, պատանին ու պարմանուհին իր շուրջ համախմբողը, որպէսզի անոնք չայլասերին ու չենթարկուին հայու անաղարտ բարոյականին հետ չհամընկնող փորձութիւններու:

Այս բոլորը ու տակաւին շարքը երկարող պարտաւորութիւններ շալակած կոմիտէներէն մէկն է «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէն, որ այս թաղամասին մէջ կը գործէ 41 տարիներէ ի վեր` իր կողքին ունենալով «Նաւասարդեան» պատանեկան միութիւնը, ԼԵՄ-ի «Րաֆֆի» մասնաճիւղը, ՀՄԸՄ-Ժտէյտէն եւ ԼՕԽ-ի «Կարինէ» ու «Անահիտ» մասնաճիւղերը:

41 տարիներու վրայ երկարող այս կառոյցներուն հեւքոտ աշխատանքը բնականաբար հեշտ չընթացաւ, սակայն ձեռք բերուած արդիւնքները պէտք է շատ աւելի նկատել, քան` համեստ:

Իսկ այդ արդիւնքներուն ականատեսն ու վկան շրջանի հայութիւնն է:

Ինչպէ՞ս կարելի է չյիշել Վաչէն, որ Լիզպոն չգացած, տակաւին քանի մը շաբաթ առաջ, հոս` այս սրահին մէջ նստած ԼԵՄ-ի «Րաֆֆի» մասնաճիւղին ատենապետութեան գործը կը վարէր:

Ինչպէ՞ս կարելի է մոռնալ «Դէպի Երկիր» կարգախօսի օրինակելի զինուորը` Մհերը, որ գնդացիրը ձեռքին իր առաջին պահակութեան պարտականութիւնը կատարեց այս դրան առջեւ:

Այս տղաքը սնանած էին այն մթնոլորտով, որ միշտ ալ տիրած է այս ակումբին մէջ:

Մենք գործի կուսակցութիւնն ենք: Մենք կը խօսինք մինչեւ գործը ծրագրենք, որմէ ետք կ՛անցնինք լուռ աշխատանքի: Մենք վերանորոգեցինք այս ակումբը այսօր եւ կատարեցինք բացումը: Վաղը գործը կը վերսկսի, ընկերնե՛ր:

Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին թելադրանքն է հոս գործող բոլոր կառոյցներուն, ներառեալ` «Ս. Թեհլիրեան»-ի ներկայ եւ գալիք կոմիտէներուն: Դուք պարտաւոր էք վառ պահելու այս ակումբին մէջ դաշնակցական ոգին ու վեհանձնութիւնը, առաքինի ընկերասիրութիւնը եւ դաշնակցական բոլոր արժէքները: Թափ պէտք է տաք ձեր ստանձնած առաքելութեան անվերջ աշխատանքներուն:

Իսկ Ամանոսի մեր սիրելի բնակիչներուն, որոնք իրողապէս սեփականատէրերն են այս ակումբին: Մենք քաջ գիտենք, որ դուք պէտք չունիք մեր թելադրանքներուն: Դուք ամէն առիթի տուած էք փաստը կառչած ըլլալու այս ակումբին: Ինչպէս երեսփոխանական ու քաղաքապետական ընտրութիւններուն ինքնավստահ քայլերով ու հպարտ դէմքով կ՛ողողէիք այս մայթը, նոյնպէս պիտի ողողէք այս սրահը, այս անգամ` հայու շունչ փոխանակելու համար:

Այս ակումբը է ու կը մնայ թաղամասի հայութեան յենարանը: «Թեհլիրեան» կոմիտէն եւ շրջանի հայութիւնը սփիւռքահայութեան հաստ երակներէն մէկն են ու կը մնան այդպիսին:

Share this Article
CATEGORIES