Հարցազրոյց Կեդրոնական Դրամատան Նախկին Կառավարիչ Մկրտիչ Պուլտուքեանի Հետ. «Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումէն Ու Հատուցումէն Անդին` Մեր Իրապաշտ Ու Հիմնական Պահանջը Հողայի՛ն Է» «Ազդակ»-ին Ըսաւ Մկրտիչ Պուլտուքեան
Երկրորդականի շրջանաւարտներու առջեւ բացուող հիմնական հանգրուաններէն մէկը դէպի համալսարանական կեանքի յորձանուտ մուտքի կարողականութիւնն է: Այս մէկը շեշտակի կարեւորութիւն կը ստանայ հայ երիտասարդութեան համար, յատկապէս անոնց, որոնք կը ստիպուին մասնագիտանալ համալսարանական կրթանպաստի պատկան մարմնին «պարտադրած» ճիւղին (կամ` ճիւղերէն մէկուն) մէջ: Այլապէս հայ երիտասարդը կը գտնուի այլ միջոցներով, «գետնին տակէն» կրթանպաստ ճարելու մարտահրաւէրին դիմաց, հետեւելու համար իր նախասիրած մասնագիտութեան: Այդպէս եղած է Յովակիմեան-Մանուկեան երկրորդական քոլեճի շրջանաւարտ` Մկրտիչ Յակոբ Պուլտուքեանի պարագային, երբ մերժուած է անոր կրթանպաստի դիմումը, թելադրուելով, որ հետեւի ազգային հայագիտական նիւթերու առնչուող մասնագիտութեան մը: Սակայն ան օրին վճռած է դիմակալել ցցուող մարտահրաւէրը եւ հետեւած է իր նախասիրած ճիւղին` տնտեսագիտութեան: Այսօր անոր քառասնամեայ գործունէութեան վաստակը ցուցանիշ է, թէ ան յաջողած է յաղթահարել իր դէմ ցցուած մարտահրաւէրը: Այն մարտահրաւէրը, թէ` նոյնիսկ օտար շրջանակներու մէջ ծառայելով` հարկ է հայկական պատկանելիութեան շեշտաւորումն ու յաչս օտարներուն հայու վարկը պանծացնող նուաճումներու իրագործումը:
Մկրտիչ Պուլտուքեան ծնած է Պէյրութ: Շրջանաւարտ է Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի տնտեսագիտութեան բաժանմունքէն` մագիստրոսի վկայականով (MBA): 1959-էն ի վեր Պուլտուքեան կը գործէ դրամատնային աշխարհէն ներս` որպէս հմուտ մասնագէտ դրամավար: 1969-էն ի վեր ան հրաւիրուած է դասախօսելու լիբանանեան հանրածանօթ համալսարաններու մէջ (ինչպէս` Հայկազեան, «Նոթրը Տամ» «Սեն Ճոզեֆ» (USJ), Քասլիքի «Սուրբ Հոգի» եւ Պէյրութի Ամերիկեան համալսարաններ (AUB)): Աւելի քան քառասնամեայ դրամատնային իր փորձառութեամբ, ան մասնակցած է տեղական թէ միջազգային դրամատնային բազմաթիւ համագումարներու, առաւելաբար` որպէս դասախօս: 1975-էն ի վեր մասնագիտացած է թղթակցային դրամատնային (correspondent banking) յարաբերութեանց մէջ: 1985-1990 միջեւ եղած է Լիբանանի Կեդրոնական դրամատան փոխ կառավարիչ: Ան հեղինակ է դրամատնային մարզին առնչուող մէկէ աւելի, ուսումնասիրութեանց եւ գիրքերու: Սակայն ուշագրաւ է, որ ան, ինչպէս ինք կը հաստատէ, նիւթական շահէ աւելի կը միտի դրամատնային իր հարուստ ենթահողի մշակոյթը բաժնեկցիլ իր պաշտօնակիցներուն եւ առհասարակ դրամատնային մարզով հետաքրքրուողներուն հետ: Այլ խօսքով, անոր նպատակն է` բարելաւել ու որակաւորել այս մարզի պաշտօնեաներու դրամատնային մշակոյթը:
Այժմ ան դասախօս է Քասլիքի «Սուրբ Հոգի» համալսարանին մէջ: Միաժամանակ ան կը պաշտօնավարէ «Քրետի Լիպանէ» դրամատան մէջ` որպէս Համաշխարհային առեւտուրի զարգացման ամպիոնի նախագահ:
Իր գիրքին չորրորդ հրատարակութեան առթիւ «Ազդակ» հարցազրոյց մը ունեցաւ անոր հետ: Ստորեւ` հարցազրոյցին հիմնական մասերը:
«ԱԶԴԱԿ»- Մուտքին մէջ հակիրճ գրախօսականով արդէն անդրադարձանք «Թղթակցային դրամատնային գործառնութիւններու կառավարումը» խորագրեալ ձեր վերջին հրատարակութեան: Սակայն, ձեր բառերով, դուք ինչպէ՞ս կը ներկայացնէք զայն քանի մը տողերու մէջ:
ՄԿՐՏԻՉ ՊՈՒԼՏՈՒՔԵԱՆ.- Այս գիրքը գլխաւորաբար կ՛արծարծէ միջազգային դրամատնային գործառնութեան մարզը` զանազան երկիրներու մէջ գործող դրամատուներու միջեւ, այն իմաստով, որ երբ զանազան երկիրներ իրարու միջեւ գումար պիտի փոխանցեն, անպայման պէտք է որդեգրեն միջազգային դրամատնային գործառնութիւններէն մէկը: Իսկ որեւէ գործառնութիւն կը կարօտի կառավարումի: Որպէսզի միջազգային դրամատուներ կարենան «թղթակցիլ» (թղթակցային դրամատնային գործառնութիւն կատարեն) անոնք կը ստեղծեն միջազգային դրամատնային ցանց (networking) մը, ինչպէս որ գիրքին մէջ կը նմանցնեմ աշխարհագրական քարտէսներու միջեւ օդանաւային թռիչքներու հաղորդակցութեան, թղթակցութեան (correspondence): Նշեալ այդ ցանցը պէտք է կառավարուի: Թղթակցային դրամատնային գործառնութիւնները կը կատարուին միջազգային դրամատուներու միջեւ: Դրամատնային փոխյարաբերութիւններու ցանցը կը ստեղծուի, որպէսզի դրամատուներ դիւրացնեն գործառնութիւններու ընթացքը, եւ որպէսզի դրամատուներ կարենան մուտք գործել այդ ցանցին մէջ, մուտքի զանազան եղանակներ կան.
1.- Կրնան մասնաճիւղ մը բանալ այլ երկրի մը մէջ.
2.- Կրնան գրասենեակներ բանալ այն երկիրներուն մէջ, ուր ապագայ գործառնութիւններու կարելիութեան յոյսի նշոյլներ կը նշմարեն.
3.- Կ՛որդեգրեն ամէնէն աժան ձեւը. իրենցմէ ներկայացուցիչ մը կը ճամբորդէ այլ երկիրներ, որպէսզի հիմնէ փոխյարաբերութիւններու ցանցը:
«Ա».- Չորրորդ անգամ տպուիլը ինքնին յաջողութեան ցուցանիշ է: Գիրքի բովանդակութեան անհերքելի կարեւորութեան կողքին ուրիշ ի՞նչ բանի կը վերագրէք անոր այս յաջողութիւնը:
Մ. Պ.- Իւրաքանչիւր տպագրութիւն ունէր իր պայմանները: Օրինակ, 2006-ին առաջին տպագրութիւնը լոյս տեսաւ Արաբական դրամատուներու միութեան» ջանքերով ու մեկենասութեամբ, սակայն գիրքը պէտք եղած շրջաններուն մէջ չտարածուեցաւ նոյն տարուան յուլիսին ծագած պատերազմին պատճառով: Հետեւաբար յաջորդ տարի, 2007-ին, երկրորդ տպագրութեամբ լոյս տեսաւ` իմ նախաձեռնութեամբս: Դրամատնային պաշտօնիս բերումով ճամբորդած եմ արաբական բոլոր երկիրները` Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի շրջանը, որ արաբական երկիրներու կողքին, կ՛ընդգրկէ նաեւ Եթովպիան եւ Թուրքիան: Արաբական այդ երկիրները` Ալճերիա, Լիպիա… առաջարկեցին գիրքը արաբերէնով ալ ունենալ, եւ 2011-ին երրորդ տպագրութեամբ գիրքը արաբերէնով լոյս տեսաւ, խտասալիկով միասին: Թարգմանիչները Յորդանանէն բարեկամներ էին, որոնք սիրայօժար կատարեցին աշխատանքը` առանց նոյնիսկ նիւթականի հարց արծարծելու: Եւ չորրորդ տպագրութիւնը տեսնողներ ըսին, որ այս գիրքը նաեւ ռուսերէնի եւ չինարէնի պէտք է թարգմանուի:
«Ա».- Նշեցիք, թէ պաշտօնի բերումով նաեւ Թուրքիա կ՛այցելէիք, ի՞նչ վերաբերում ցուցաբերեցին թուրք տնտեսագէտներ ձեր այս գիրքին գծով:
Մ. Պ.- Շատ դրական, օրինակ, կը յիշեմ մէկը, որ ըսաւ, թէ գիրքէն այնքան տպաւորուած է, որ բարձին մօտ պահելով` ամէն իրիկուն կը կարդայ զայն: Ոմանք ալ, երբ հետս պիտի հաղորդակցին, «սիրելի կնքահայր» կը կոչեն զիս:
«Ա».- Առեւտրական, դրամատնային, ապահովագրական ու յարակից մարզերու եւ համալսարանականներու յանձնարարուող այս գիրքը կարելի չէ՞ ներառել նաեւ համալսարանական կրթական ծրագիրներու դասագիրքերու ցանկին մէջ:
Մ.Պ.- Ես արդէն այս մէկը կը դասաւանդեմ «Քասլիք»-ի համալսարանին մէջ ու ինծի թելադրուեցաւ, որ կապի մէջ մտնեմ համալսարաններու վարչագիտական պատասխանատուներուն հետ ու այս գծով արդէն գիրքէս օրինակ մը ղրկեցի ամերիկեան «Հիուսթըն» համալսարանի դասախօս իմ մէկ բարեկամիս:
«Ա».- Ծանօթ է, որ իւրաքանչիւր անկախ պետականութիւն ունի իր դրամատնային կանոնագրութեանց յատուկ համակարգ ու չափանիշներ: Յատկապէս իսլամական դրամատուներու պարագային, կան որոշ «շեղում»-ներ կամ տարբերութիւններ: Ձեր այս գիրքը որքանո՞վ կը համընկնի դրամատնային համաշխարհային հասարակաց չափանիշներուն:
Մ. Պ. – Խորքին մէջ իսլամական դրամատուներ գործի սկսած են առաջին անգամ Մալեզիայէն: Այո, արաբական կարգ մը երկիրներու մէջ իսլամական դրամատնային աշխատելաձեւի ոճ կայ, բայց իսլամական դրամատուներ չկան, օրինակ` Ալճերիոյ, Թունուզի եւ Լիպիոյ մէջ եւ այլ կարգ մը արաբական երկիրներ: Ճիշդ է` իսլամական դրամատուները մեր աւանդական դրամատուներէն քիչ մը կը տարբերին իրենց աշխատելաձեւին մէջ, բայց անոնք կը համընկնին գրքիս գաղափարներուն հետ, որովհետեւ իսլամական դրամատուներու յատուկ թղթակցային գործառնութիւններու համակարգ չկայ: Թղթակցային դրամատնային գործառնութեան միայն մէկ տեսակ ձեւ կայ:
«Ա».- Որո՞նք նպաստեցին ձեզի` ձեր այս աշխատասիրութեան իրագործման մէջ: Օրինակ` նշուած է Յարութ Պուլտուքեանին անունը, ճիշդ ի’նչ եղած է անոր ներդրումը այս գիրքի հրատարակման մէջ` որպէս հեղինակակից:
Մ. Պ.- Յարութ Պուլտուքեան իմ զարմիկս է եւ մասնագիտացած է տեղեկատուական արհեստագիտութեան մէջ: Ան ներկայիս «Պիպլոս» դրամատան Հայաստանի մասնաճիւղին թիւ երկու պատասխանատուն կը նկատուի:
Լիբանանի մէջ անոր դրամատնային հմտութիւնն ու փորձառութիւնը մեծապէս նպաստեցին անոր ներդրումին` գրքիս յատկապէս 7-րդ գլխուն մէջ, որ կ՛առնչուի միջազգային դրամատուներու միջեւ գումարներու ապահով փոխանակման, ուր կ՛որդեգրուի դրամատնային ապահովական «ՍՈՒԻՖԹ» (Society for Worldwide Interbank Funds Telecommunication) կոչուած միջոցառումը: Դրամատնային այս ապահովական արհեստագիտական ոճը անհրաժեշտ է, նկատի ունենալով, որ զեղծարարութիւնները շատ են, մանաւանդ որ փոխանակուող գումարները միլիառներով կը կատարուին: Յարութ այս մարզին մասնագէտն է ու լաւագոյն ձեւով բացատրած է զայն գրքիս 7-րդ գլխուն մէջ:
«Ա».- Գիրքը լոյս տեսած է արաբերէն ու անգլերէն լեզուներով. կը մտածէ՞ք զայն նաեւ հայերէնի թարգմանել:
Մ. Պ.- Դրամատնային այս գործը կ՛ըլլայ միայն անգլերէնով, որ միջազգային լեզու է: Այսուհանդերձ, կը մտածեմ նաեւ հայերէնի ալ թարգմանել, սակայն, անկեղծօրէն, դրամատնային հայերէն ճշգրիտ բառագիտութեան հմուտ թարգմանիչ չգտայ տակաւին: Մօտերս այս հարցը պիտի արծարծեմ Մոսկուայի մէջ, ուր պիտի մեկնիմ տնտեսագիտական համագումարի մը մասնակցելու համար:
«Ա».- Օգտուելով այս առիթէն` կ՛ուզեմ անդրադառնալ դարձեալ դրամատնային բնոյթով հրատապ հարցի մը` Լիբանանի դրամատնային իրավիճակին: Այլ խօսքով` պատկան պատասխանատուներ յաճախ կը փորձեն հանդարտեցնել միտքերը, թէ` շրջանի, յատկապէս դրացի Սուրիոյ ապահովական թէ քաղաքական վերջին իրադարձութիւնները ժխտական ազդեցութիւն պիտի չունենան լիբանանեան դրամատնային դրութեան վրայ: Դուք ի՞նչ կը մտածէք այս մասին:
Մ. Պ.- Լիբանան 17 տարի պատերազմ ապրեցաւ, բայց դրամատուները տոկացին ու չսնանկացան, ես այն ատեն Կեդրոնական դրամատան մէջ էի: Աւելի՛ն. լիբանանեան դրամատնային կառոյցը կամ համակարգը միջազգային չափանիշներով ամէնէն ապահովն է, գլխաւոր երկու պատճառներով.
– Նախ` Լիբանանի դրամատնային կառոյցը օրուան ծնունդը չէ: Անիկա կը գործէ 1864-էն, մութասարիֆիէ-ի օրերէն ի վեր: Դրամատնային որեւէ համակարգ, ներառեալ եւ լիբանանեանը, կ՛անցնի դրական ու նուազ դրական զանազան «ալիքներ»-է , կարեւորը այդ համակարգին «վայապըլիթի»-ն է, «մնայունութիւն»ը, այսինքն` գործնապէս կիրարկելի ըլլալու ատակութիւնն է, անկախաբար, առանց ոեւէ մէկէն կախեալ ըլլալու: Իսկ այս վերջինը կարելի կ՛ըլլայ, երբ կայ բարի համբաւ, քանի որ համբաւն է, որ վստահութիւն կը ներշնչէ հանրութեան: Համբաւի այս կարեւորութիւնը ես շատ ուժեղ կերպով շեշտած եմ «Հայաստանի դրամատնային համակարգը» խորագրեալ գիրքիս մէջ: Շրջանային իրադարձութիւններէն ազդուելու հարցին ես անդրադարձած եմ նաեւ 2005-ին լոյս տեսած` «Լիբանանի դրամատնային համակարգը» խորագրեալ գիրքիս մէջ:
– Երկրորդ` վերջերս ամերիկեան գանձային-դրամատնային պատուիրակութիւն մը Լիբանան այցելեց ու մօտէն ստուգեց լիբանանեան դրամատնային կառոյցին ապահովութիւնը: Փաստօրէն, լիբանանեան դրամատուներ արդէն վերապահ եւ զգուշ են, մէկ կողմէ սուրիական գումարներու եւ դրամատուներու դէմ որդեգրուած ամերիկեան պատժամիջոցներուն պատճառով եւ միւս կողմէ` «Յատուկ հետախուզութեանց մարմնի» (Special Investigation’s Committee/SIC) գոյութեան բերումով, որ անմիջապէս հաշուետուութեան կը կանչէ կասկածելի որեւէ դրամատնային գործառնութեան մը պատասխանատուն: Այլ խօսքով, մեծ կամ պզտիկ որեւէ դրամատուն, որեւէ երկրի մէջ, ենթակայ է սնանկացումի, եթէ չյարգէ այդ երկրին օրէնքները: Իսկ տուեալ երկրին պետութիւնը ի հարկին պէտք է միջամտէ իր դրամատուները սնանկացումէ փրկելու համար, ինչպէս եղաւ ամերիկեան (Lehman Brothers, Bank of America, City Bank) ֆրանսական (BNPI) եւ բրիտանական կարգ մը դրամատուներու պարագային: Իսկ այս բոլորին հիմքը բարի համբաւն է:
«Ա».- 2015 թուականը կը զուգադիպի Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին: Թրքական կարգ մը շրջանակներ կը պնդեն, թէ 100 տարի ետք հայոց Ցեղասպանութեան առնչուող հողային, բարոյական թէ նիւթական որեւէ պահանջ իրաւականօրէն կը դառնայ ժամանակավրէպ: Դրամատնային միջազգային յարաբերութեանց մարզի ձեր փորձառութենէն մեկնելով` կը կարծէ՞ք, թէ 2015-էն ետք հայեր, սփիւռքահայեր, իրաւասու չեն ըլլար Թուրքիայէն պահանջելու իրենց հատուցումները, գէթ` նիւթական առումով: Այս գծով, որքանո՞վ ճիշդ կամ նպատակայարմար կը նկատէք ամերիկաբնակ թէ եւրոպաբնակ սփիւռքահայերու ստացած ապահովագրական հատուցումները`, յետ դատական պատշաճ տնօրինումներու:
Մ. Պ.- Հարցումիդ ապահովագրական բաժնինը կ՛առնչուի անհատի մը եւ ապահովագրական ընկերութեան մը միջեւ կայացող դրամատնային գործառնութեան: Ինչ կը վերաբերի Հայոց ցեղասպանութեան, ժամանակավրէպ ըլլալու գծով օրէնքի մը մասին չեմ մտածած, որովհետեւ նախ իրաւունքը չի՛ մեռնիր: Երկրորդ` Հայոց ցեղասպանութիւնը անհատական հարց մը չէ, որ ժամանակի ընթացքին իրաւունքը կորսնցնէ ու ժամանակավրէպ դառնայ: Հայոց ցեղասպանութիւնը միջազգային հարց է, յատկապէս` աշխարհի զանազան երկիրներու խորհրդարաններուն կողմէ անոր ճանաչման լոյսին տակ: Ըստ ինծի, միջազգային օրէնքով մեր այդ իրաւունքը չի մեռնիր: Թուրքիայէն մեր հիմնական, իրապաշտ պահանջը եւ Ցեղասպանութեան ճանաչումէն ու հատուցումէն անդին, հողայի՛ն հատուցումն է: Կը յիշէ՞ք` 1965-ին հայ երիտասարդներ Երեւանի մէջ «Մեր հողերը, մեր հողերը» բացագանչեցին…
«Ա».- Մեկնելով Հայաստանի մէջ ձեր ունեցած տնտեսագէտ-խորհրդատուի հեղինակաւոր հանգամանքի փորձառութենէն, կը կարծէ՞ք, որ Հայաստանի դրամատնային իրավիճակը կրնայ ծաղկիլ ու զարգանալ, հայրենի մարդուժի հետզհետէ շեշտուող արտագաղթի լոյսին տակ: Որքանո՞վ կը քաջալերէք սփիւռքահայ գործարար դրամատէրերը` տնտեսական ու առեւտրական շահարկումներու նախաձեռնելու հայրենիքի մէջ:
Մ. Պ.- Հակառակ Հայաստանի մէջ տիրող կացութեան` դրամատուները կամ անոնց պաշտօնեաները չեն արտագաղթեր: Գլխաւորաբար կ՛արտագաղթեն անգործները, քաղաքական իրավիճակէն դժգոհները եւ ապահովական ներքին մղձաւանջի հոգեբանութեամբ ապրողները, թէ` Թուրքիա եւ Ազրպէյճան պիտի յարձակին Հայաստանի վրայ ու ոչնչացնեն ամէն ինչ… Այս բոլորը հոգեբանական են ու հարկ է ժողովուրդին մօտ տարածել ու շեշտել դրամատնային տնտեսական մշակոյթը, իրազեկ դարձնել զայն այլ երկիրներու տնտեսական առիթներու եւ չգոյ առիթներուն մասին: Հայաստանի մէջ գործ չգտնողներ կը կարծեն, թէ Եւրոպա կամ Միացեալ Նահանգներ արտագաղթելով` անմիջապէս Նիւ Եորքի փողոցներուն մէջ տոլար պիտի հաւաքեն… Ջերմօրէն կը քաջալերեմ սփիւռքահայ գործածարները, որ իրենց լումաներով զարկ տան հայրենիքի ծաղկումին:
«Ա».- Թուրքիա կը փորձէ հետզհետէ ամրապնդել իր դիրքը որպէս շրջանային «ուժ», եւ այդ գծով ալ վերջին շրջանին տնտեսական զգալի աճ արձանագրուած է Թուրքիոյ մէջ, յատկապէս` վարչապետ Էրտողանի իշխանութեան գլուխ գալէն ետք: Ըստ ձեզի, որքանո՞վ կարելի է թրքական նման «փափաք»-ի մը իրականացումը` յատկապէս նկատի ունենալով շրջանային իրավիճակն ու այսպէս կոչուած «Արաբական գարուն»-ին հետեւանքները: Տնտեսական հզօրացումը կրնա՞յ ենթադրել նաեւ քաղաքական ազդեցութեան գօտիի (կամ գօտիներու) ամրապնդում:
Մ. Պ.- Կասկած չկայ, որ տնտեսական հզօրացումը կը նպաստէ քաղաքական ազդեցութեան գօտիի ամրապնդման եւ, ճիշդ է, վերջին շրջանին (նախքան «Արաբական գարուն»-ը) Թուրքիա տնտեսապէս աճ արձանագրած էր, ինչ որ զարկ տուած էր Էրտողանի հռետորական յայտարարութեանց… Թուրքիոյ մէջ կան 20 «հոլտինկ»-ներ, որոնք մեծապէս ծաւալեցան վերջին երկու տասնամեակներուն: Խօսելով միայն Լիբանանի պարագային` 1992-էն ի վեր դէպի Լիբանան կատարուող թրքական արտածումներու եկամուտը միլիառներու կը հասնի: Դեռ չեմ խօսիր արաբական երկիրներու եւ Ծոցի հետ Թուրքիոյ առետրական զարգացող գործառնութեանց մասին: Թուրքիա տնտեսապէս մրցակից դարձաւ Չինաստանի: Սակայն «Արաբական գարուն»-էն ետք կացութիւնը նոյնը չէ եւ Թուրքիա մեծապէս տուժեց: Օրինակ` այսօր Ալճերիոյ եւ Լիպիոյ մէջ թրքական դրամատուներու ստորագրութիւնները չեն ընդունուիր, գլխաւորաբար` զեղծարարութեանց պատճառներով: Առարկայականօրէն խօսելով` Թուրքիոյ այդ տնտեսական աճը ներկայիս անկումի մէջ է:
«Ա».- Դուք հեղինակ էք նաեւ շարք մը այլ գիրքերու: Ձեր այս գիրքէն ետք կը մտածէ՞ք շարունակել այս աշխատանքը եւ այլ գործեր եւս հրատարակել:
Մ. Պ.- Այո՛, արդէն իսկ հրատարակութեան պատրաստ է «Հայաստանի դրամատնային համակարգը» խորագրեալ գիրքին նոր տպագրութիւնը:
Երկրորդ` «Հայ սեղանաւորներ Միջին Արեւելքի տարածքում, Պոլիսէն Մինչեւ Պէյրութ» գիրքը, որու տպագրութիւնը կը նախատեսուի այս աշնան:
Երրորդ` «Մի Մոմենտ» (կամ «Մի րոպէ») խորագրեալ 20 յօդուածաշարք ընդգրկող յուշագրութիւն մը:
Չորրորդ` «Հունձքը» խորագրեալ գիրքը, որ լոյս պիտի տեսնէ չորս լեզուներով (հայերէն, արաբերէն, անգլերէն եւ ֆրանսերէն): Այս մէկը կ՛ընդգրկէ դրամատնային քառասնամեայ իմ գործունէութեանս հիմնական նուաճումներն ու հանգրուանները, այսինքն միջազգային ամպիոններէն արտայայտուած դասախօսութիւններս, Լոնտոն` Փարիզ, Մալթա, Լիպիա, Պահրէյն, Լիբանան, Տուպայ եւ Երեւան: Առաւել, տասնեակ զեկոյցները` չորս լեզուներով ու կառուցողական յօդուածներ, որոնք կապ ունեցած են 1972-էն ասդին: Այս տարի կը զուգադիպի հայերէնով հրատարակութեան 500-ամեակին ու իմ 75 տարիներու գարուններուն:
«Թղթակցային Դրամատնային
Գործառնութիւններու Կառավարումը»
Չորրորդ Հրատարակութիւն2012-ին լոյս տեսած այս գիրքը վերատեսութեան կ՛ենթարկէ նախորդ հրատարակութեանց բովանդակութիւնները` բարեփոխութեան ենթարկելով բազմաթիւ գլուխներ: Անիկա կ՛ընդգրկէ ինը գլուխներ` բաժնուած հինգ ենթաբաժիններու: Իւրաքանչիւր գլուխի կցուած է յաւելուած մը, ուր նշուած են տուեալ գլխուն ամփոփումը եւ օգտագործուած բառերուն եւ արտայայտութիւններուն բացատրութիւնները:
Գիրքը կ՛անդրադառնայ դրամատնային գործառնութիւններու կառավարման եղանակին, ուր հեղինակը կը պարզէ դրամատնային համակարգին մէջ ցարդ կիրարկուող սկզբունքները, ելեւմտական համակարգին արհեստագիտութեան եւ դրամատուներու միջեւ գործող փոխյարաբերութիւնները, միջազգային դրամատուներու կատարած ռազմավարական ընտրանքներն ու անոնց դիմագրաւած մարտահրաւէրները:
Միջազգային դրամատան դրութեան մասին հակիրճ նախաբանէ մը ետք, առաջին գլխու առաջին ենթաբաժինը կը վերլուծէ թղթակցային դրամատնային գործառնութիւններու կառավարման դրութիւնը: Երկրորդ եւ երրորդ գլուխները կը ծանրանան թղթակցային դրամատուներու ընտրած ռազմավարութիւններուն վրայ: Չորրորդ գլուխը կը նկարագրէ թղթակցային դրամատնային դրութեամբ գործող դրամատուներու միջեւ առկայ մրցակցութիւնը:
Հինգերորդ գլուխը կը ներկայացնէ ազդու դրամատնային փոխյարաբերութիւններ պահպանելու գործօնները: Վեցերորդ գլուխը կ՛ուսումնասիրէ թղթակցային դրամատնային կազմակերպութեան կառոյցը: Երեք բաժիններէ ներկայացած` եօթներորդ գլուխը կը շեշտէ միջազգային վճարումներու դրութեան մէջ հեռակայ դրամատնային համակարգին անհրաժեշտութիւնը:
Ութերորդ գլուխը կը ներկայացնէ դրամատնային դրութեան իրաւական միջավայրը: Իններորդ գլուխը փորձ մը կը կատարէ, 2008-ի համաշխարհային տնտեսական տագնապին պատճառով համաշխարհային ելեւմտական համակարգին մէջ նախատեսուող փոփոխութիւններ:
Այս գիրքը կը յանձնարարուի դրամատնային համակարգի պաշտօնակատարներուն, ելեւմտական աշխարհին մէջ գործողներուն, ելեւմտական իրաւագէտներուն, դրամատնային ու ելեւմտական ցանցէն ներս մասնագիտացող համալսարանականներու, տնտեսագիտութեան ուսանողներու, առեւտրական աշխարհի ծառայողներու, ելեւմտական միջնորդներուն, խորհրդատու ելեւմտագէտներու, միջազգային շուկաներու վրայ ապրանքավաճառութեամբ զբաղողներու, ճարտարարուեստի եւ քարիւղի համաշխարհային առեւտուրով ներդրումներ կատարողներու, ապահովագրական ընկերութիւններուն ներդրում կատարող հաստատութիւններուն եւ այլն:
«Ա».- Վերջապէս, ի՞նչ խօսք ունիք ըսելիք հայ երիտասարդութեան, յատկապէս անոնց, որոնք կ՛ուզեն ուսանիլ առեւտրական վարչագիտութիւն, տնտեսագիտութիւն եւ կամ դրամատնային գիտութիւն: Տնտեսական թէ առեւտրական ճիշդ ո՞ր մարզերուն մէջ կը թելադրէք, որ անոնք մասնագիտանան, որպէսզի առաւելագոյնս օգտակար ըլլան հայրենիքի թէ սփիւռքահայ գաղութներու ծաղկումին:
Մ. Պ.- Ջերմօրէն կը քաջալերեմ, որ հայ երիտասարդներ մասնագիտանան առեւտրական վարչագիտութեան ու ճիւղերուն մէջ, դասընթացքներու ուղղութեամբ, յատկապէս` միջազգային դրամատուներու միջեւ մեծագումար փոխանակումներու ապահով գործառնութեան մասնագիտութեանց, որուն ակնարկեցի վերը` որպէս «ՍՈՒԻՖԹ» (SWIFT) դրամատնային գործառնութիւն: Մենք այս մարզերուն մէջ խիստ պէտք ունինք կարեւոր մարդուժի:
Հարցազրոյցը`
ՍԻԼՎԱ ԳԱՐԱՎԱՐԴԱՆԵԱՆ


