Լոս Անճելըս Շրջանի Երկու Քոնկրեսականներու Թէժ Բանավէճը` Հայկական Հարցերու Շուրջ

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Քոնկրեսականներ Հաուըրտ Պըրմըն եւ Պրետ Շըրմըն (երկուքն ալ` Միացեալ Նահանգների Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութիւններու ազդեցիկ յանձնաժողովի անդամ), նոյեմբեր 6-ին կայանալիք ընտրութիւններուն ընթացքին ստիպուած են մրցելու իրարու դէմ, ընտրատարածքներու վերադասաւորման պատճառով:

Երկու քոնկրեսականներն ալ դեմոկրատներ են, հրէական ծագում ունեցող ամերիկացիներ, եւ երկուքն ալ` հայկական հարցերու երկարամեայ զօրակցողներ: Այս թէժ մրցապայքարին 30-րդ ընտրատարածքի քուէարկողները կանգնած են բարդ ընտրութեան մը առջեւ:

Ամերիկայի Արեւմտեան շրջանի Հայ դատի յանձնախումբը, Էնսինօ քաղաքի Ֆերահեան դպրոցի «Աւետիսեան» սրահին մէջ սեպտեմբեր 29-ին կազմակերպած էր հանրային բանավէճ մը` հնարաւորութիւն տալով քոնկրեսականներուն` հայկական հարցերու վերաբերեալ իրենց տեսակէտները ներկայացնելու ամերիկահայ ընտրողներուն: Հայ դատի յանձնախումբի համանախագահ Նորա Յովսէփեանի ողջոյնի խօսքէն ետք, համակարգող Զանգու Արմէնեան ներկայացուց երկու թեկնածուները:

Բանավէճը սկիզբէն իսկ տաքցաւ, երբ քոնկրեսական Շըրմըն մատնանշեց, թէ ինք Քոնկրեսին մէջ բացարձակապէս Հայկական խումբի անդամ եղած է, սակայն քոնկրեսական Պըրմընը եղած է ե՛ւ թրքական, ե՛ւ հայկական խումբերու անդամ:

Քոնկրեսական Պըրմըն հակադարձեց` յայտարարելով. «Քոնկրեսին մէջ շուրջ երեք տասնամեակ ծառայելու ընթացքին, եղած եմ Հայ դատի եռանդուն, հետեւողական եւ անկեղծ ջատագով մը: Ես յամառօրէն աշխատած եմ հասնելու Միացեալ Նահանգների կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման: Իբրեւ Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ` ես մեծ ջանքեր թափած եմ յանձնաժողովի մակարդակով Ցեղասպանութեան ճանաչման յաղթանակին համար»:

Ան շարունակեց պնդել, որ իր առաջնահերթութիւնը պիտի ըլլայ Ներկայացուցիչներու տան ճանչնալ տալ Հայոց ցեղասպանութիւնը` մինչեւ անոր 100-ամեակը, եւ թէ` ինք անձամբ պիտի յորդորէ նախագահ Օպաման, որ Ցեղասպանութեան վերաբերեալ տուած իր խոստումը կատարէ:

«Ցեղասպանութեան ճանաչման ձախողութիւնը բարոյական վիթխարի ստուեր կը ձգէ այս մեծ ազգին վրայ», նշեց քոնկրեսական Պըրմըն:

Այնուհետեւ, ան հպարտօրէն յայտարարեց. «Ես դադրեցուցած եմ վտանգաւոր զէնքերու փոխանցումը Ազրպէյճանին, քանի որ զզուած եւ յոգնած եմ Ազրպէյճանի սպառազինութիւններու աճէն եւ ռազմատենչ հռետորութենէն: Այս շաբաթ իսկ ես նամակ մը գրեցի արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընին` ամենազազրելի արարքներուն մասին, զորս աշխարհի ոեւէ առաջնորդ կրնայ կատարած ըլլալ ցայսօր. ես կը խօսիմ նախագահ Ալիեւի` ազրպէյճանցի կացինահարող մարդասպանին ներում շնորհելու որոշումին մասին. մարդասպանը, որ ցմահ բանտարկութեան դատապարտուած էր` անմեղ հայ զինուորը քնացած ժամանակ սպաննելուն համար: Ես Քլինթընէն պահանջեցի, որ նախ ՆԱԹՕ-ի բոլոր անդամներուն անունով դատապարտէ Ալիեւի արարքը, ապա` կասեցնէ Ազրպէյճանի մասնակցութիւնը ՆԱԹՕ-ի հովանաւորութեամբ իրականացուող հետագայ բոլոր ձեռնարկներուն»:

Ի պատասխան բանավէճի վարողներ` «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ Յարութ Սասունեանի եւ «Ասպարէզ» օրաթերթի անգլերէն բաժինի խմբագիր Արա Խաչատրեանի բարձրացուցած հարցերուն` քոնկրեսականները անդրադարձան Միացեալ Նահանգներու կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին, Թուրքիոյ փոխհատուցումներուն, Իսրայէլի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման մերժումին, ինչպէս նաեւ` Սուրիոյ եւ Վրաստանի մէջ հայ համայնքներու պաշտպանութեան, Թուրքիոյ Ինճիրլիքի ռազմաօդային խարսխի օգտագործման դիմաց` Միացեալ Նահանգների կողմէ այդ հողամասերու հայ սեփականատէրերուն վարձակալութիւն վճարելու, Թուրքիոյ մէջ եկեղեցիները քրիստոնեաներուն վերադարձնելու, Իսրայէլի կողմէ Ազրպէյճանին զէնքեր վաճառելու խնդիրներուն, Արցախին տրամադրուող Միացեալ Նահանգներու ֆինանսական օժանդակութեանց, Ազրպէյճանի եւ Հունգարիոյ պատասխանատուութեանց` կացինահարող մարդասպանը ազատ արձակելու գործին մէջ, Արցախի անկախութեան, Հայաստանի հետ Միացեալ Նահանգներու առեւտուրի համաձայնագրերուն եւ Ամերիկայի մէջ թրքական «Կիւլեն» հանրակրթական դպրոցներուն:

Ստորեւ կը ներկայացնենք հատուածներ անոնց ելոյթներէն:

Քոնկրեսական Պըրմըն.- Թուրքիան պէտք է գիտակցի, որ ինք ստիպուած է առերեսուելու իր սեփական պատմութեան հետ: Ես հրեայ եմ: Այն մօտեցումը, թէ զգացումներու վիրաւորանքէն խուսափելու համար մենք չենք ճանչնար Ցեղասպանութեան պատմական ճշմարտութիւնը, իմ կարծիքով, ահաւոր ստուեր կը ձգէ մեր երկրին վրայ:

Քոնկրեսական Շըրմըն.- Ցեղասպանութեան ժխտումը ցեղասպանութեան վերջին քայլն է, եւ առաջին քայլը` յաջորդ ցեղասպանութեան մը: Այդ իսկ պատճառով շատ կարեւոր է, որ Միացեալ Նահանգներ ճանչնան 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը: Ես պիտի աշխատիմ այնքա՛ն ժամանակ, որքան անհրաժեշտ է, սակայն յոյսով եմ` հնարաւորինս արագ, Քոնկրեսին կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչումը ապահովելու համար: Ժամանակն է ճնշում գործադրելու վարչակարգին վրայ, յատկապէս` յառաջիկայ 38 օրերուն, եւ դիմելու նախագահական երկու թեկնածուներուն` յստակ յայտարարութիւն պահանջելով անոնցմէ: Մենք պէ՛տք է իմանանք, թէ անոնք ի՞նչ ընելու կը պատրաստուին յաջորդ տարուան ապրիլին:

Քոնկրեսական Պըրմըն քննադատեց արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընը` Հայոց ցեղասպանութիւնը իբրեւ «պատմական բանավէճ» բնորոշելուն համար: Ան ըսաւ. «Քոնկրեսին մէջ ոչ մէկը կը կասկածի, թէ Ցեղասպանութիւն տեղի ունեցած է: Անոնք միայն կրնան վիճիլ, թէ` «Օ՜հ, մենք չենք կրնար վնասել Թուրքիոյ հետ մեր յարաբերութիւններուն», կամ կրնայ ըլլալ, որ անոնք մտերիմ են Թուրքիան ներկայացնող որոշ անձերու հետ, սակայն այլեւս որեւէ տեղ ես չեմ լսեր, թէ ատիկա «պատմական բանավէճ է»: Շատ ցաւալի է, որ մեր երկրի ղեկավարութիւնը ետ կ՛երթայ` բարձրացնելով սոյն հարցը: Ատիկա տեղի ունեցա՛ծ է: Զայն պէտք է ընդունիլ: Գերմանացիները ընդունեցին զայն, եւ յատկապէս ոեւէ հրեայի համար այն տեսակէտը, թէ կարելի է խուսափիլ` ժխտելով կամ փորձելով քողարկել զայն` իբրեւ պատմական վիճելի հարց, էական մեծ սխալ մըն է»:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

(Շարունակելի)

 

Share this Article
CATEGORIES