Լառնաքայի Մէջ Համահայկական Խաղերու Համաշխարհային Կոմիտէի Գործադիր Կոմիտէի Նիստը
Ուրբաթ, 5 հոկտեմբերին, Լառնաքայի մէջ իր աշխատանքներուն սկսաւ Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի գործադիր կոմիտէի նիստը:
Նիստին կը մասնակցէին գործադիր կոմիտէի անդամները, ինչպէս նաեւ Կիպրոսի մէջ Հայաստանի դեսպան Գագիկ Ղալաչեան:
Այս աշխատանքները սկսելուն առիթով ողջոյնի իրենց խօսքերը ուղղեցին Կիպրոսի խորհրդարանին մէջ կիպրահայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեան եւ Կիպրոսի մարզական կազմակերպութեան կոմիտէի ներկայացուցիչ Անդրոս Լոպպա:
Նիստին ընթացքին որոշում տրուեցաւ 2014-ի ձմրան Ծաղկաձորի մէջ կատարելու Համահայկական ձմեռնային առաջին խաղերը, խաղերուն ծրագիրին մէջ պիտի ընդգրկուին դահոյկ, լեռնադահոյկ, Սնոպորտ եւ հաքի մարզաձեւերը: Բացի այս մրցումներուն ծրագիրէն, պիտի ըլլան նաեւ ցուցադրական ելոյթներ:
Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի նախագահ Իշխան Զաքարեանի առաջարկով որոշուեցաւ ամառնային եւ ձմեռնային խաղերուն ընթացքին հոգալ Սուրիոյ պատուիրակութեան ժամանման հետ առնչուող բոլոր ծախսերը, ինչպէս նաեւ ձմեռնային առաջին խաղերուն մասնակցող բոլոր մարզիկներուն կեցութիւնը եւ սնունդը:
Գործադիր կոմիտէն որոշեց 2015-ի ամառնային խաղերու ծրագիրին մէջ ընդգրկել հրացանաձգութիւն, հեծելարշաւ, կոլֆ եւ մարզական պարեր մարզաձեւերը:
Աւելցան նաեւ, լողարշաւի մարզաձեւին
մէջ` 50 եւ 100 մեթր թիթեռնիկի լող, 50 եւ 100 մեթր կռնակի լող, 4×100 մեթր լող, ինչպէս նաեւ աթլեթիզմի մրցումներուն` բարձրութիւն ցատկել:
Վերջապէս որոշուեցաւ յաջորդ նիստը կայացնել մայիս 2013-ին` Երեւանի մէջ:

