Գիտական. Շաքարի Մասնիկնե՞ր Անջրպետին Մէջ…
Պատրաստեց՝ ՍԻՐՈՒՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ
Օգոստոսի վերջաւորութեան խումբ մը աստղագէտներ պարզ տեսակի շաքարի ծփացող մասնիկներ յայտնաբերած են փոքր աստղ մը շրջապատող կազի խաւի մը մէջ: Նշեալ աստղը կը գտնուի չորս հարիւր տարուան հեռաւորութեան վրայ:
Թէեւ նման յայտնաբերում մը չ՛ապացուցեր, թէ տիեզերքի այլ բաժինի մը մէջ կեանք գոյութիւն ունեցած է, բայց եւ այնպէս անիկա չի ժխտեր նման վարկածի մը գոյութիւնը:
Նշեալ յայտնաբերում մը ցոյց տուած է, թէ բնածուխով հարուստ եղող շաքարի այդ մասնիկները, որոնք կեանքի գոյութեան հիմնական բաղկացուցիչներն են, կրնան գոյութիւն ունեցած ըլլալ նոյնիսկ նախքան մոլորակներուն կազմուիլը:
Ծանօթ է արդէն, որ շաքարի տուեալ մասնիկ մը բաղկացած է բնածուխէ, թթուածինէ ու ջրածինէ: Գոյութիւն ունին շաքարի բազմաթիւ տեսակներ, որոնք նոյնպէս կազմուած են այս երեք մասնիկներէն, սակայն իւրաքանչիւր տեսակ կը տարբերի երեք մասնիկներուն ունեցած կերտուածքով ու հիւլէներուն թիւով:
Գիտնականները «շաքար» եզրը կը գործածեն` սահմանելու համար ա՛յն օրկանական մասնիկները, որոնք ծանօթ են իբրեւ բնածխաջրատներ (քարպոհայտրէյթ), որոնք կազմուած են բնածուխէ, թթուածինէ ու ջրածինէ:
Անջրպետին մէջ յայտնաբերուած մասնիկները կը կազմեն շաքարի ամէնէն պարզ տեսակը, որ կը կոչուի կլայքոալտեհայտ:
Վերոնշեալ ուսումնասիրութիւնը գլխաւորող դանիացի աստղագէտ Ճես Ճորկենսեն բացատրած է, թէ կլայքոալտեհայտը գոյութիւն ունի երկրագունդին վրայ ընդհանրապէս հոտ չունեցող ճերմակ փոշիի տեսքով: Թէեւ անիկա չի գործածուիր իբրեւ ուտելիքները քաղցրացնող նիւթ, բայց եւ այնպէս մասնագէտներուն համաձայն, անիկա կարեւոր դերակատարութիւն ունի «Ար. Էն. Էյ.» կոչուած կենսամասնիկին կազմութեան ատեն տեղի ունեցող քիմիական գործընթացներուն մէջ:
Անջրպետին Մէջ Աւելի Բարդ Մասնիկներ
Գտնելու Նախաձեռնութիւններ
Մասնագէտ Ճորկենսեն ըսած է, թէ տակաւին յստակ չէ, թէ ճիշդ ինչպէ՛ս կլայքոալտեհայտը արտադրուած է անջրպետին մէջ, սակայն կարգ մը ուսումնասիրութիւններ ցոյց տուած են, թէ անիկա կազմուած է միջաստղային մասնիկային ամպերու ցուրտ ու խիտ բաժիններուն մէջ գտնուող սառոյցով ծածկուած փոշիի հատիկներուն վրայ:
Աստղագէտները ըսած են, թէ առաջին անգամն է, որ անջրպետին մէջ կը յայտնաբերուին նման շաքարի մասնիկներ, որոնք այնքան մօտ են արեւու նմանող աստղի մը:
Նախապէս կլայքոալտեհայտը յայտնուած է անջրպետի երկու այլ բաժիններու մէջ. մէկը` կազի ու փոշիի հսկայ ամպի մը կեդրոնին մօտ, որ կը գտնուի մեր Ծիր Կաթինի սրտին մէջ, իսկ երկրորդը` հսկայ թիւով կազմուող աստղերու տարածութեան մը մէջ, որ երկրագունդէն քսանվեց հազար տարուան հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի:
Նշեալ երկու վայրերը շատ հեռու եղած են վերջերս յայտնաբերուած շաքարի վայրէն եւ այդ պատճառով ալ օրին կարելի չէ եղած աստղագէտներուն ճշդել մասնիկներուն դիրքը:
Աստղագէտները նորագոյն յայտնաբերումը կատարած են Չիլիի մէջ տեղադրուած ԱԼՄԱ կոչուած հսկայ ռատիօ հեռադիտակին միջոցով:
Մասնագէտները հետամուտ են աւելի բարդ մասնիկներ գտնելու գլխաւորաբար կազմաւորման վիճակի մէջ եղող աստղերու ու մոլորակներու վայրերուն մէջ:
(Օգտատործուած աղբիւր՝ «Նեշընըլ Ճիոկրաֆիք)

