Գիտական. Սեւ «Մամպա» Կոչուած Օձին Թոյնը Մորֆինէն Աւելի Ազդու Է
Պատրաստեց՝ ՍԻՐՈՒՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ
Հոկտեմբերի սկիզբը ֆրանսացի մասնագէտներու կողմէ կատարուած ուսումնասիրութիւններէն մէկը ցոյց տուած է, թէ սեւ «մամպա» կոչուած օձին թոյնը մորֆինին չափ եւ աւելի ազդու ցաւազրկիչ մըն է: Նշեալ օձը Ափրիկէի ամէնէն արագ ու վտանգաւոր օձերէն մէկն է: Անոր թոյնը տեղւոյն վրայ կ՛անդամալուծէ ու կը սպաննէ փոքր անասունները:
Սեւ «մամպա»-ին թոյնին վրայ կատարուած տարրալուծարանային քննութիւնները ցոյց տուած են, թէ անիկա բաղկացած է ցաւազրկիչ յատկութիւն ունեցող բնասպիտէ մը: Մասնագէտները յայտնած են, թէ նշեալ բնասպիտը որեւէ ժխտական ազդեցութիւն չէ ունեցած մուկերուն վրայ` անոնց վրայ կատարուած փորձարկումներուն ընթացքին: Մինչ այդ, ծանօթ է արդէն, որ մորֆինը ցաւազրկիչ յատկութիւն ունենալուն առընթեր ունի նաեւ ժխտական որոշ ազդեցութիւններ:
Վերոնշեալ փորձարկումները գլխաւորող մասնագէտ տոքթ. Էրիք Լենկուեկլիան բացատրած է, թէ մորֆինը կ՛ազդէ ուղեղին` մոլութեան հետ առնչուած բաժիններուն վրայ: Այսուհանդերձ, թէեւ անիկա կրնայ ցաւը կասեցնել, բայց եւ այնպէս կրնայ նաեւ որոշ ատեն մը գլխացաւ ու մտածելու դժուարութիւն յառաջացնել, ինչպէս նաեւ` փսխուք, մոլութիւն ու մկաններու կծկում յառաջացնել:
Ինչ կը վերաբերի «մամպա»-ին թոյնին պարունակած ցաւազրկիչ բնասպիտին, ապա անիկա կ՛ազդէ ուղեղին այլ բաժիններուն վրայ եւ, հետեւաբար, մորֆինին նման ժխտական ազդեցութիւններ չի յառաջացներ:
Ցաւազրկիչ Բնասպիտներ`
«Մամպա»-ին Թոյնին Մէջ Միայն
Մասնագէտները քննած են յիսուն տարբեր տեսակի օձերու թոյներուն բաղկացուցիչները եւ ցաւազրկիչ յատկութիւն ունեցող բնասպիտներ գտած են սեւ «մամպա»-ներուն թոյնին մէջ միայն:
Մասնագէտները իրենց փորձարկումներուն մէջ ներառած են մուկերը` նկատի ունենալով, որ անոնց ուղեղին մէջ ցաւ զգալու գործընթացը գրեթէ յար եւ նման եղած է մարդկային ուղեղին ցաւ զգալու գործընթացին:
Մասնագէտները յայտնած են, որ տարրալուծարանին մէջ մարդկային բջիջներու վրայ կատարուած փորձարկումները նոյնպէս ցոյց տուած են, թէ ցաւազրկիչ այդ բնասպիտները նման քիմիական ազդեցութիւններ ունեցած են նաեւ անոնց վրայ:
Թէեւ մասնագէտները խոստմնալից գտած են մուկերուն վրայ կատարուած փորձարկումներուն սկզբնական արդիւնքները, բայց եւ այնպէս անոնք անհրաժեշտ նկատած են կատարել յաւելեալ փորձարկումներ, նախքան վերջնական եզրակացութիւններ կատարելն ու նման փորձարկումներու մէջ մարդիկ ներառելը:
Նոր Տեսակի Ցաւազրկիչը
Օձերու մասնագէտ տոքթ. Նիքոլա Քէյսուել ըսած է, թէ սեւ «մամպա»-ին թոյնին պարունակած ցաւազրկիչ յատկութիւն ունեցող բնասպիտը կրնայ ատեն մը ետք փոխարինել մորֆինը, ինչպէս նաեւ` որոշ տարողութեամբ օգտագործուիլ կարգ մը ցաւազրկիչ դեղահատերու պատրաստութեան մէջ:
Տոքթ. Քէյսուել հետաքրքրական գտած է վերոնշեալ ուսումնասիրութիւնը` նկատի ունենալով, որ անոր միջոցով կարելի եղած է յայտնաբերել ամբողջութեամբ նոր տեսակի ցաւազրկիչ մը:
Մասնագէտներուն համար տարօրինակ թուացած է, թէ ինչո՞ւ սեւ «մամպա»-ին թոյնը ազդեցիկ ցաւազրկիչ կը պարունակէ: Տոքթ. Քէյսուել հաւանական գտած է, թէ ցաւազրկիչ յատկութիւն ունեցող բնասպիտը թոյնին մնացեալ բաղկացուցիչներուն հետ միասին զգայազուրկ դարձուցած է որսը, որպէսզի օձը խայթած ատեն անիկա ցաւ չզգայ ու չփորձէ փախչիլ եւ կամ որեւէ շարժում ընել:
Այլ մասնագէտ մը` տոքթ. Ռոճըր Նեկզ ըսած է, թէ նկատի ունենալով, որ ցաւազրկիչ յատկութեամբ բնասպիտներու խառնուրդներ ներարկուած են տարրալուծարանին մէջ տեղի ունեցող փորձարկումներուն մէջ ներառուած մուկերուն ողնայարին մէջ, ապա անհրաժեշտ է վաւերական զարգացումներ ձեռք ձգել այդ փորձարկումներէն, նախքան նման բաղկացուցիչներ մարդկային մարմնին մէջ ներարկելը:
(Օգտագործուած աղբիւր՝ «Պի. Պի. Սի.»)

