Գիտական. Անասունները Կը Տառապի՞ն Ճնշուածութենէ…
Պատրաստեց՝ ՍԻՐՈՒՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ
Հոկտեմբերի սկիզբը ամերիկացի խումբ մը անասնագէտներ ու ջղաբաններ ձուկերու, կապիկներու ու կրծողներու վրայ կատարած են շարք մը ուսումնասիրութիւններ` գտնելու համար, թէ անասունները մարդոց նման կը տառապի՞ն ճնշուածութենէ, թէ՞ ոչ:
Մասնագէտները նկատի ունեցած են ա՛յն անասունները, որոնք իրենց հետաքրքրութիւնը կորսնցուցած են իրենց միջավայրին նկատմամբ, ինչպէս նաեւ` իրենց շուրջ գտնուող անասուններուն նկատմամբ:
Վերոնշեալ ուսումնասիրութիւնները գլխաւորող ամերիկացի մասնագէտ Օլիվիէ Պերթոն ըսած է, թէ մարդոց մօտ ճնշուածութեան ախտաճանաչումը հիմնուած է առարկայական որոշ ախտանշաններու վրայ. այսպէս, օրինակ, հիմնական ախտանշանները կը կազմեն յանցաւոր զգալը, մահուան մասին շարունակ մտածելն ու կեանքէն հաճոյք չառնելու երեւոյթը:
Սակայն, նկատի ունենալով, որ անասունները չեն կրնար արտայայտուիլ նոյնիսկ երբ ունենան նման զգացումներ, հետեւաբար կարելի չէ նման ախտանշաններով ճնշուածութեան ախտանշանները փնտռել անոնց մօտ:
Միւս կողմէ, սակայն, մասնագէտները այնպիսի՛ այլ ախտանշաններ գտած են անասուններուն մօտ, որոնք ապացուցած են անոնց ճնշուածութենէ տառապելու իրողութիւնը: Այսուհանդերձ, անոնք գտած են, թէ նշեալ անասուններուն մօտ ուշագրաւ կերպով նուազած է ուտելու ախորժակը, ինչպէս նաեւ` ամէնէն սիրած ուտելիքին նկատմամբ իրենց ցուցաբերած հետաքրքրութիւնը:
Մասնագէտները նկատած են նաեւ, թէ նշեալ անասունները յաճախակիօրէն մեկուսացած են իրենց միջավայրէն եւ ժամեր շարունակ այդպէս մնացած են` առանց զբաղելու իրենց առօրեայ աշխատանքներով:
Պէտք է նշել նաեւ, թէ ուշագրաւ կերպով նուազած են անոնց քունի ժամերը:
Բնութեան Մէջ Յարատեւելու
Կամքի Նուազում
Մասնագէտ Պերթոն նշած է, որ անասուններուն մօտ ճնշուածութեան մէկ այլ ախտանշան եղած է վտանգ սպառնացող պայմաններու մէջ եղած ատեն անոնց իսկոյն տեղի տալու երեւոյթը:
Մասնագէտներուն համաձայն, ճնշուածութեան ախտանշանները ամէնէն աւելի շեշտուած ձեւով յայտնաբերուած են կապիկներուն մօտ: Նաեւ անոնք ունին այնպիսի՛ խօսուն դէմքի արտայայտութիւններ ու նայուածքներ, որոնք ցոյց կու տան իրենց տխրութիւնը:
Մասնագէտները ընդհանրապէս իրենց ուսումնասիրութիւնները կատարած են բանտարկուած կապիկներու ու կրծողներու վրայ, որոնց մօտ որքա՛ն ալ նպաստաւոր պայմաններ ստեղծուած են, այսուհանդերձ, անոնք չեն ապրած իրենց բնական միջավայրին մէջ ապրող անասուններուն նման, ինչ որ որոշ չափով ճնշուածութիւն յառաջացուցած է ոմանց մօտ:
Մասնագէտները նշած են, թէ բնական միջավայրերու մէջ ապրող անասուններուն ու բանտարկուած անասուններուն զգացական վարուելակերպերը իրարու հետ բաղդատող բաւարար տեղեկութիւններ գոյութիւն չունին, սակայն նշեալ ծիրին մէջ կարգ մը այլ մասնագէտներ արդէն իսկ ատենէ մը ի վեր նախաձեռնած են շարք մը ուսումնասիրութիւններու:
Մասնագէտ Պերթոն հաւանական գտած է, թէ իրենց բնական միջավայրին մէջ ապրող, սակայն տարբեր պատճառներով ճնշուածութենէ տառապող անասուններու վարուելակերպին մէջ կրնան յառաջանալ այնպիսի՛ փոփոխութիւններ, որոնք կը տկարացնեն բնութեան մէջ պայքարելու ու յարատեւելու անոնց կամքը, ինչ որ յաճախ պատճառ կը դառնայ անոնց դիւրութեամբ կեր դառնալուն:
Ընտանի Անասուններ Կրնա՞ն
Ճնշուածութենէ Տառապիլ
Անասնաբուժներ յաճախ ճնշուածութիւնը նուազեցնող դեղահատեր կը յանձնարարեն ընտանի անասուններուն, գլխաւորաբար` շուներուն` դարմանելու համար տարբեր պատճառներով անոնց վարուելակերպին մէջ յառաջացած խանգարումները: Այսպէս, օրինակ, երբ տան տէրը տարբեր պատճառներով տունէն կը հեռանայ, ապա ատիկա տխրութիւն կը յառաջացնէ շուներուն մօտ, ինչ որ պատճառ կը դառնայ անոնց արտասովոր վարուելակերպին:
Կարգ մը շուներ կը սկսին իրենք զիրենք արիւնելու աստիճան ճանկռտել եւ կամ տան առարկաները (գլխաւորաբար դռները) կրծել:
Թէեւ մարդոց մօտ ճնշուածութիւնը դարմանող կարգ մը դեղահատեր արդիւնաւէտ դարձած են նաեւ շուներուն պարագային, սակայն նշեալ ծիրին մէջ ցարդ կատարուած ուսումնասիրութիւնները ամբողջական չեն եւ կը կարօտին յաւելեալ փորձարկումներու:
(Օգտագործուած աղբիւր՝ «Նեշընըլ Ճիոկրաֆիք»)

